Չորեքշաբթի, 12 Սեպտեմբեր 2012 - Բենեդիկտոս ԺԶ. Սրբազան Քահանայապետին Լիբանան այցելութեան պաշտօնական յայտագիրը


Վատիկան

14-էն 16 սեպտեմբեր 2012, Բենեդիկտոս ԺԶ. Սրբազան Քահանայապետը եռօրեայ այցելութիւն մը պիտի կատարէ Լիբանան, որուն ընթացքին Արեւելքի կաթողիկէ պատրիարքներուն եւ եպիսկոպոսներուն պիտի յանձնէ իր «Առաքելական Յորդոր»ը, որ յառաջացած է Միջին Արեւելքի յատուկ սիւնհոդոսէն, հոկտեմբեր 2010-ին։ Այցելութեան ընթացքին, Սրբազան Պապը պիտի արտասանէ հինգ ճառեր տարբեր առիթներով։

Այցելութեան պաշտօնական յայտագիրը։

Ուրբաթ, 14 սեպտեմբեր 2012, սուրբ Խաչի տօնին, կէսօրուան ժամը 1.45-ին, Սրբազան Քահանայապետը կը ժամանէ Լիբանան, ուր ընդունելութեան ներկայ պիտի ըլլան միայն Լիբանանի Պատրիարքներու եւ Եպիսկոպոսներու Համաժողովի անդամները, Քահանայապետական շքախումբն եւ Սրբ. Պապին այցելութեան պատրաստողական կեդրոնական Յանձնախումբին հետ:
Երեկոյեան ժամը 18.00-ին, Առաքելական Յորդորին ստորագրութեան արարողակարգը տեղի պիտի ունենայ «Սուրբ Պօղոս» Եկեղեցիին մէջ Հարիսա, Լիբանանի Պատրիարքներու եւ Եպիսկոպոսներու Համաժողովի անդամներուն, Միաբանութիւններուն ընդհանուր մեծաւորներ մեծաւորուհիներուն, Քահանայապետական շքախումբին ու այցելութեան պատրաստողական կեդրոնական Յանձնախումբին ներկայութեամբ։

Շաբաթ, 15 սեպտեմբեր 2012, առաւօտեան ժամը 10-ին, Սրբազան Քահանայապետը պիտի այցելէ նախագահական պալատ, ուր պաշտօնական հանդիպումներ պիտի ունենայ Հանրապետութեան նախագահ Միշէլ Սլէյմանի եւ վարչապետ Նաժիպ Միքաթիի հետ, ինչպէս նաեւ յատուկ հանդիպումներ իսլամ համայնքապետերուն, կառավարութեան անդամներուն, պետական ու դիւանագիտական բարձրաստիճան անձնաւորութիւններուն եւ մշակութային մարզի ներկայացուցիչներուն հետ։ Ներկայ պիտի ըլլան Պատրիարքները, Եպիսկոպոսները, Միաբանութիւններուն ընդհանուր մեծաւորները, մեծաւորուհիները, Քահանայապետական շքախումբը եւ այցելութեան պատրաստողական կեդրոնական Յանձնախումբը։
Յետմիջօրէին՝ ժամը 1.30-ին, Սրբազան Պապը Լիբանանի պատրիարքներուն, եպիսկոպոսներուն եւ պապական պատուիրակութեան հետ պիտի մասնակցի կէսօրուան ճաշի սեղանին, որ պիտի տրուի ի պատիւ իրեն Զմմառու հայ կաթողիկէ պատրիարքական վանքին մէջ։
Երեկոյեան ժամը 6-ին, Սրբազան Պապը հանդիպում պիտի ունենայ Լիբանանի երիտասարդութեան հետ, Պքերքէի Մարոնի Պատրիարքութեան հրապարակին վրայ:

Կիրակի, 16 սեպտեմբեր 2012, առաւօտեան ժամը 10-ին, Սրբազան Քահանայապետը պիտի մատուցանէ հանդիսաւոր սուրբ Պատարագ Պէյրութի կեդրոնական գօտիի «Beirut City Center Water‎front»ի շրջաբակին մէջ, եւ որուն ընթացքին Ան պիտի փոխանցէ իր պատգամը եւ տեղի պիտի ունենայ «Առաքելական Յորդոր»-ին յանձնումը։ Կաթողիկէ Պատրիարքները պիտի մասնակցին այս սուրբ Պատարագին` Սրբ. Քահայապետին շուրջ։
Յետմիջօրէին՝ ժամը 1.20-ին, Սրբազան Քահանայապետը պիտի մասնակցի ճաշասեղանին, Հարիսայի պապական դեսպանատան մէջ։ Ապա, երեկոյեան ժամը 5.15-ին, պիտի մասնակցի միջեկեղեցական հանդիպումին ասորի կաթողիկէ պատրիարքարանին մէջ, մասնակցութեամբ Ոչ Կաթողիկէ Եկեղեցիներուն հոգեւոր պետերուն եւ Կաթողիկէ Պատրիարքներուն Սրբ. Քահանայապետին շքախուբին հետ։
Իսկ ժամը 6.30-ին, տեղի պիտի ունենայ այցելութեան փակման հանդիսութիւնը Պէյրութի օդակայանին մէջ, եւ Սրբազան Քահանայապետը պիտի վերադառնայ իր նստավայրը՝ Վատիկան։

Նշենք, որ ասիկա Սրբազան Քահանայապետին երրորդ այցելութիւնն է Միջին Արեւելք, իր ուխտագնացութենէն ետք Սուրբ Երկիր եւ Յորդանան՝ մայիս 2009-ին եւ Կիպրոս՝ յունիս 2010-ին, ուր յանձնած էր Միջին Արեւելքի համար եպիսկոպոսաց յատուկ սիւնհոդոսին աշխատանքային թղթածրարը։

Հայ Կաթողիկէ Պատրիարքարանի
Լրատուական գրասենեակ


Առօրեայ Աւետարանը
Այբ Էջ | Բովանդակութիւն | Հասցէարան | Օգտակար Կապեր | Նամականի
Ներքին Պրպտում՝  Armenian Keyboard
Կարդացէ՛ք այս էջը հետեւեալ լեզուներով.-    
Վերարտադրութեան ամէն իրաւունք վերապահուած է Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ