Ուրբաթ, 22 Մայիս 2015 - Ամենապատիւ Հոգեւոր Տէրը կ'այցելէ Հունգարիա

 

 

Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկէ Հայոց ամենապատիւ Ներսէս Պետրոս ԺԹ․ Կաթողիկոս Պատրիարքը, որ չորեքշաբթի երեկոյեան մեկնեցաւ Հռոմ, յաջորդ օրը,  հինգշաբթի երեկոյեան, հովուական այցելութեամբ ժամանեց  Պուտափեշտ, Հունգարիոյ մայրաքաղաքը, ուղեկցութեամբ հայր Վարդան վարդապետ Գազանճեանի եւ հայր Գրիգոր վարդապետ Պատիշահի։

Օդակայանին մէջ, ամենապատիւ Հոգեւոր Տէրը հանդիսաւորապէս դիմաւորուեցաւ Կարդինալ Փեթեր Էրտէոյի կողմէ։ Օդակայանի հիւրասրահին մէջ բարի գալուստի  եւ ողջոյնի խօսքերու փոխանակումէն ետք, Կարդինալ էրտէոյ եւ ամենապատիւ Հոգեւոր Տէրը  մտերիմ զրոյց մը եւ գաղափարներու փոխանակում մը ունեցան ի մէջ այլոց Հայոց ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչման գործընթացին շուրջ։  Կարդինալը նշեց թէ Հայոց ցեղասպանութեան Հունգարիոյ խորհրդարանին կողմէ ճանաչման ուղղութեամբ լուրջ աշխատանք տարուած է,  սակայն Խորհրդարանէն ներս յայտնուած է որ այս աշխատանքը կը բախի այս օրերուն   դէպի Արեւելք եւ Թուրքիա բացուելու Հունգարիոյ քայլերուն եւ Թուրքիոյ հետ Հունգարիոյ հետապնդած շահերուն։ Սակայն, նշեց Կարդինալը, աշխատանքը պէտք է շարունակուի եւ  պէտք է յատկապէս հանրային կարծիքը համոզել ու նախապատրաստել Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչումին։

Ամենապատիւ Հոգեւոր Տիրոջ Պուտափեշտ այցելութեան առաջին օրուան յայտագիրը կ՛ընդգրկէր այցելութիւն մը Մադիասի եկեղեցին որ դեռ վերջերս վերանորոգուած է։ Երեկոյեան, Հոգեւոր Տէրը Կարդինալ Էրտէոյին ընթրիքի հիւրը եղաւ,   անոր բնակարանին մէջ եւ անոնք ունեցան մտերիմ զրոյց մը, որուն ընթացքին քննարկեցին ապագայ ծրագիրներ։

Ուրբաթ, 22 մայիսին, առաւօտեան ժամը 9․30-ին, ամենապատիւ Հոգեւոր Տէրը հանդիպում մը ունեցաւ եպիսկոպոսաց ժողովի ներկայացուցիչներուն հետ։ Հանդիպումին մասնակցեցան եպիսկոպոսաց ժողովի մնայուն յանձնախումբին անդամ երեք եպիսպոսները, Կարդինալը եւ ընդհանուր քարտուղարը։ Հոգեւոր Տիրոջ ընկերակցեցան հայր Վարդան վարդապետ Գազանճեան եւ հայր Գրիգոր վարդապետ Պատիշահ։

Ժողովի բացման իր խօսքին մէջ, Կարդինալ Էրտէոյ բարի գալուտ մաղթեց եւ պահը պատմական նկատեց նշելով  որ Հայ կաթողիկէ Պատրիարքի մը առաջին այցելութիւնն է Հունգարիա։ Ան յայտնեց որ այս տարին նշանակալից է եւ յիշատակելի։

Հոգեւոր Տէրը  շնորհակալութիւն յայտնեց ջերմ ընդունելութեան համար, իրաւամբ նշանակալից նկատելով  տարին։ Ապա ան ներկայացուց հայր Գրիգորը նշելով որ զինք անուանած է օգնելու համար Պուտափեշտի հայ կաթողիկէ համայնքին հոգեւոր կարիքներուն եւ անոր հոգ հոգւոցին։ Ապա, Հոգեւոր Տէրը անդրադարձաւ Միջին Արեւելքի քրիստոնեաներու տառապալի վիճակին եւ նահատակութեան։ Այս կապակցութեամբ ան  վեր առաւ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետին Ճշմարտասիրութիւնը, որուն մէկ վկայութիւնը հանդիսացաւ Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցին նուիրուած սուրբ Պատարագը զոր մատուցանեց Ան ապրիլի 12-ին եւ որուն ընթացքին արտասանած խօսքին մէջ յանցագործութեան  մեղսակցութիւն նկատեց լռութիւնը ցեղասպանական արարքներուն  դիմաց։

 

Կարդինալը եւ ժողովին մասնակիցները յատուկ հետաքրքրութեամբ լսեցին ամենապատիւ Հոգեւոր Տիրոջ տեղեկագրութիւնը Հայ  կաթողիկէ եկեղեցական եւ համայնքային կառոյցներու, սիւնհոդոսի եւ միաբանութիւններու մասին։ Այնուհետեւ արծարծուեցան Հունգարիոյ դժուարութիւնները՝ մասնաւորաբար կաթողիկէ կրթութեան եւ դպրոցներու շրջագիծէն ներս, նկատելով որ կրթական մարզը դեռ եւս կը գտնուի աշխարհային պայմաններուն տակ եւ  զարգացման հանգրուանի մը մէջ ։

Այս ժողովը գրաւեց ամենապատիւ Հոգեւոր Տիրոջ այցելութեան ուրբաթ օրուան առաջին կէսը։

 


Առօրեայ Աւետարանը
Այբ Էջ | Բովանդակութիւն | Հասցէարան | Օգտակար Կապեր | Նամականի
Ներքին Պրպտում՝  Armenian Keyboard
Կարդացէ՛ք այս էջը հետեւեալ լեզուներով.-    
Վերարտադրութեան ամէն իրաւունք վերապահուած է Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ