Ուրբաթ, 9 Յունուար 2015 - Պատրիարք Ռաի այցելեց Հայ Կաթողիկէ Պատրիարքարան

 

Պէյրութ

Սուրբ Ծննդեան եւ Ամանորի տօներուն առիթով, Մարոնիթներու Պատրիարքը՝ Կարդինալ Պշարա Ռաի, Երեքշաբթի, 7 Յունուարի յետմիջօրէին այցելեց ամենապատիւ Ներսէս Պետրոս ԺԹ. Հոգեւոր Տիրոջ, Հայ Կաթողիկէ Պատրիարքարան, ընկերակցութեամբ բարձրաստիճան հոգեւորականներու պատուիրակութեան մը։
Սուրբ  Ծննդեան եւ Ամանորի տօներուն առիթով, շնորհաւորութիւններու ու բարեմաղթանքներու փոխանակումէն ետք, երկու համայնքապետրուն միջեւ տեղի ունեցած խօսակցութիւնը շօշափեց Միջին Արեւելքի կացութիւնը ընդհանրապէս եւ շրջանի քրիստոնեաներուն ծանրակշիռ վիճակը, որ խորապէս կը մտահոգէ քրիստոնեայ համայնքապետերը։ Այս կապակցութեամբ, Պատրիարք Ռաի հրաւիրեց ամենապատիւ Հոգեւոր Տէրը մասնակցելու պատրիարքներու խորհրդակցական ժողովին որ տեղի պիտի ունենայ Յունուարի վերջը։


Առօրեայ Աւետարանը
Այբ Էջ | Բովանդակութիւն | Հասցէարան | Օգտակար Կապեր | Նամականի
Ներքին Պրպտում՝  Armenian Keyboard
Կարդացէ՛ք այս էջը հետեւեալ լեզուներով.-    
Վերարտադրութեան ամէն իրաւունք վերապահուած է Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ