Երկուշաբթի, 28 Հոկտեմբեր 2013 - Ս.Դ.Հ.Կ.ի կեդրոնաւան վարչութեան պատուիրակութիւնը այցելեց ամենապատիւ Հոգեւոր Տիրոջ
Պէյրութ

Ամենապատիւ Ներսէս Պետրոս ԺԹ. Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց Կաթողիկոս Պատրիարքը, երկուշաբթի 28 հոկտեմբեր, առաւօտեան ժամը 9.30-ին ընդունեց Ս.Դ.Հնչակեան Կուսակցութեան նորընտիր Կեդրոնական Վարչութեան պատուիրակութիւնը, որուն մաս կը կազմէին Վարչութեան ատենապետը՝ Յակոբ Տիգրանեան, անդամներ Տք. Եղիկ Ճէրէճեան,  Սեպուհ Գալփաքեան,  Շաւարշ Ակինեան, ինչպէս նաեւ Լիբանանի Վարիչ Մարմնի ատենապետ Ալեք Քէօշկէրեան։  Շուրջ ժամ մը տեւած խօսակցութիւնը կեդրոնացաւ Կուսակցութեան քառամեայ համագումարի ընթացքին շօշափուած հարցերուն եւ որդեգրուած առաջադրանքներուն, ինչպէս նաեւ  Հայոց Ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցի նշման կարեւորութեան, հայրենական կեանքին, յատկապէս Հայաստանէն արտագաղթի երեւոյթին եւ  սուրիահայութեան իրավիճակին ու դիմագրաւած դժուարութիւններուն վրայ։  Արծարծուած հարցերուն շուրջ տեղի ունեցաւ տեսակէտներու փոխանակում եւ ամենապատիւ Հոգեւոր Տէրը շեշտեց համահայկական հիմնախնդիրներու հետապնդումը համակարգուած ու միասնական աշխատանքով կատարելու անհրաժեշտութիւնը։ Ան միաժամանակ իր հիւրերուն տեղեկացուց Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետին հետ ունեցած տեսակցութեան մասին, որուն ընթացքին Պապին տեղեկացուցած էր  Հայոց Ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցի ոգեկոչման  համահայկական ծրագիրներու մասին։ Սուրիահայութեան դիմագրաւած դժուարութիւններուն կապակցութեամբ, ամենապատիւ Հոգեւոր Տէրը յայտնեց թէ ինք սկսած է անձամբ այցելել Լիբանան ապաստանած սուրիահայ ընտանիքներուն։

Ս.Դ.Հ.Կ.ի ներկայացուցիչները՝ ամենապատիւ Հոգեւոր Տիրոջ հետ  համաձայն գտնուեցան պարբերական նման հանդիպումները ու խորհրդակցութիւնները շարունակելու օգտակարութեան մասին։

Հանդիպումի աւարտին, ամենապատիւ Հոգեւոր Տէրը իր հիւրերուն նուիրեց «Աւետիք» պաշտօնաթերթին վերջին թիւէն օրինակներ։


Առօրեայ Աւետարանը
Այբ Էջ | Բովանդակութիւն | Հասցէարան | Օգտակար Կապեր | Նամականի
Ներքին Պրպտում՝  Armenian Keyboard
Կարդացէ՛ք այս էջը հետեւեալ լեզուներով.-    
Վերարտադրութեան ամէն իրաւունք վերապահուած է Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ