Ուրբաթ, 20 Փետրուար 2009 - Ռաքէլ Տինք՝ Հրանդ Տինքի Այրին Կ’այցելեէ Հայ Կաթողիկէ Պատրիարքարան

Լիբանան

 
Ուրբաթ՝ 20 Փետրուար 2009ին, կէսօրէ առաջ ժամը 10:00-ին, Մերձաւոր Արեւելքի Հայ Աւետարանական Եկեղեցիներու Միութեան հրաւէրով,
 
«Ակօս» օրաթերթի նահատակ խմբագիր Հրանդ Տինքի այրին՝ Ռաքել Տինք Լիբանան իր անդրանիկ այցելութեան առիթով, այցելեց Հայ Կաթողիկէ Պատրիարքարան, ուր ընդունուեցաւ Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց Ամեն. եւ Գերերջանիկ Տէր Ներսէս Պետրոս ԺԹ. Կաթողիկոս Պատրիարքին կողմէ: Ռ. Տինքին կ’ընկերակցէին վեր. Մկրտիչ Գարակէօզեան եւ պատ. Սեպուհ Թերզեան: Ծանօթացման այս հանդիպման ներկայ եղան Պատրիարքական Թեմի Փոխանորդ՝ Արհի. Հայր Վարդան եպս. Աշգարեան, «Մասիս» ամսաթերեթի ընդհանուր խմբագիր Գերյ. հայր Անդրանիկ Ծ.վրդ. Կռանեան, Ս. Փրկիչ եկեղեցւոյ ժողովրդապետ՝ հայր Սարգիս վրդ. Դաւիթեան, Ս. Կուսին Աւետման եկեղեցւոյ ժողովրդապետ՝ հայր վարդան վրդ. Գազանճեան, Հռիփսիմեանց վարժարանի տօնրէնուհի՝ Քոյր Արմինէ Մակարոսեան, «Մասիս»-ի պատասխանատու տնօրէն՝ պրն. Սարգիս Նաճառեան, Մեսրոպեան վրաժարանի տնօրէն՝ Կրէկուար Գալուստ եւ Գ. Հարպոյեան վարժարանի տնօրէնուհի՝ տիկ. Ռիթա Պօյաճեան:

Շուրջ մէկ ժամ տեւած զրոյցի ընթացքին քննարկումի նիւթ դարձաւ թրքահայութեան իրավիճակի եւ գոյատեւման վերաբերող բազմաթիւ հարցեր:
Անդրադառնալով իր ամուսնոյն սպանութեան դէպքին՝ Ռ. Տինք յայտնեց թէ ցաւը մեծ է բայց պիտի ջանայ Հրանդի ուղին շարունակել, որովհետեւ ան միշտ պայքարեցաւ անիրաւութիւններուն դէմ, ինչ որ չհանդուրժեցին շատեր:

Ռ. Տինք անդրադարձաւ Հրանդ Տինքի յիշատակին հաստատուած հիմնարկի մասին, որ կը ջանայ ծրագիրներ մշակել մարդկային իրաւունքներու դաստիարակչութեան գծով, ինչպէս նաեւ՝ տիկ. Տինք խօսեցաւ Թուրքիոյ մէջ յառաջդիմական մտաւորականութեան այն նախաձեռնութիւններու մասին, որոնք կը շարունակեն ողջ պահել Հրանդ Տինքի երթը եւ կը ձգտին վերկանգնել արդարութիւնը, հայ եւ թուրք ժողովուրդներուն միջեւ խաղաղ գոյակցութեան հասնելու համար:

 
Իր կարգին, Հոգեւոր Տէրը բարձր գնահատեց տիկ. Տինքի ազգային ոգին եւ քրինստոնեայ անձեռմխելի հաւատքը եւ դասեց Հրանդ Տինքը իբր ազգային հերոս աշխարհատարած հայութեան համար, որովհետեւ ան իր մահով դարձաւ բարի օրինակ յանուն արդարութեան պայքարող անհատներուն եւ միացաւ ազատութեան համար զոհուող նահատակներու շարքին: Ամեն. Հոգեւոր Տէրը ըսաւ թէ Հրանդ Տինքի նահատակութիւնը ունեցաւ դրական ազդեցութիւն մարդկային իրաւունքներու պահանջատիրութեան միջազգային մակարդակի վրայ, մաղթելով որ Աստուած շնորհէ անոր կնոջ կամքի զօրութիւն եւ հաստատ հաւատք շարունակելու համար այս վսեմ առաքելութիւնը:
       
Ամեն. Հոգեւոր Տէրը իր հիւրերուն տեղեկութիւններ փոխանցեց Պոլսահայ Կաթողիկէ հակայնքին մասին, հրաւիրելով անոնց այցելել Զմմառու դարաւոր վանքը:

Այցելութեան աւարտին, Ամեն. Հոգեւոր Տէրը Ռաքէլ Տինքի նուիրեց հայերէնի թարգմանուած Կաթողիկէ Քրիստոնէական Վարդապետութեան մասին եւ Նարեկացիի նուիրուած հատորներ: Իսկ իր կարգին Ռ. Տինք Հոգեւոր Տիրոջ նուիրեց Հրանդ Տինքի ջանքերով լոյս տեսած գրքոյկ մը Պոլսոյ  «Մանկանց Բոյն» կառոյցի մասին:   


Առօրեայ Աւետարանը
Այբ Էջ | Բովանդակութիւն | Հասցէարան | Օգտակար Կապեր | Նամականի
Ներքին Պրպտում՝  Armenian Keyboard
Կարդացէ՛ք այս էջը հետեւեալ լեզուներով.-    
Վերարտադրութեան ամէն իրաւունք վերապահուած է Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ