Ուրբաթ, 20 Մարտ 2015 - ՍՈՒՐԲ ԳՐԻԳՈՐ ՆԱՐԵԿԱՑԻԻՆ ՏԻԵԶԵՐԱԿԱՆ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՎԱՐԴԱՊԵՏ ՀՌՉԱԿՈՒՄԸ՝ ԻՆՉՊԷ՛Ս ԵՒ ԻՆՉՈ՞Ւ

 

 Պէյրութ

 

ՍՈՒՐԲ  ԳՐԻԳՈՐ  ՆԱՐԵԿԱՑԻԻՆ ՏԻԵԶԵՐԱԿԱՆ  ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ  ՎԱՐԴԱՊԵՏ  ՀՌՉԱԿՈՒՄԸ՝  ԻՆՉՊԷ՛Ս  ԵՒ  ԻՆՉՈ՞Ւ

 

Սուրբ Գրիգոր Նարեկացին Ընդհանրական Եկեղեցւոյ Վարդապետ հռչակելու Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետին որոշումը, որ հրապարակուեցաւ փետրուարի 21-ին ողջունուեցաւ եւ  լայն արձագանգի արժանացաւ ոչ միայն հայ հասարակութեան, այլ նաեւ համայն քրիստոնեայ հանրութեան կողմէ, որ հայազգի մեծ  խորհրդաբան աստուածաբան Սուրբի սրբակրօն վարքին ու սրբադրոշմ հոգեւոր վաստակին ծանօթանալու ու անոր վրայ հիանալու առիթը ունեցաւ յատկապէս վերջին երկու տասնամեակներուն՝ շնորհիւ անոր ստեղծագործութիւններուն, մասնաւորաբար գլուխ գործոցին՝ «ՄԱՏԵԱՆ ՈՂԲԵՐԳՈՒԹԵԱՆ»ի թարգմանութեան բազմատասնեակ լեզուներու, առաջինը՝ ֆրանսերէն, հայր Սահակ վրդ. Քեշիշեանին կողմէ։ «Մատեան Ողբերգութեան»ը, որ 95 աղօթքներու ընդմէջէն տեղի ունեցող հոգեխռով, անձկալի ու սրտաբուխ զրոյց մըն է Աստուծոյ հետ՝ մեղքի, ապաշխարութեան, երկնային գթութեան, հոգեւոր պայքարի, հոգեկան տառապանքի,  միսթիք կեանքի եւ թողութեան մասին, համաշխարհային հոգեւոր ժառանգութեան  ամէնէն փայլուն ստեղծագործութիւններէն մէկը նկատուեցաւ։ Նարեկացիին ստեղծագործութիւնները պատմութեան անցած համաշխարհային արժէք մը չեն միայն, այլ իր յարուցած խնդիրներով եւ առաջարկած լուծումներով  նաե՛ւ ժամանակակից արժէք մըն են։ «Մատեան Ողբերգութեան»ը Հոգին Սուրբին ներշնչումով գրուած բարեգործ աղօթագիրք մըն է  ո՛չ միայն հայ ազգին համար, այլ բոլո՛ր ազգերուն ու բոլո՛ր հաւատացեալներուն համար։

Արդարեւ, դարեր ամբողջ, Սուրբ Գրիգոր Նարեկացին պաշտամունքի ու սիրոյ  առարկան եղաւ միայն հայ ժողովուրդին, մինչդեռ անոր քրիստոսանման վարքը, լայնախոհ, Քրիստոսի ճշմարիտ աշակերտի պատշաճ մտածողութիւնը, հաւատքի ապրումը, համայն մարդկութեան մեղքերուն  քաւութեան տառապանքը,  Սուրբ Հոգիէն ներշնչուած  աղօթքները, բարեպաշտական զգացումները, առանց հատուածականութեան կամ անջատողականութեան հակումներու Ընդհանրական Եկեղեցւոյ ուղղադաւան վարդապետութեան հաւատարմութիւնը՝ որուն համար հալածուեցաւ իր ժամանակակիցներուն կողմէ, անոր աստուածաբանական եւ հոգեմտաւոր վաստակին ընդհանրականութիւնը՝  10-րդ դարուն ապրած այս հայ Սուրբը կը դարձնեն արժանի Քրիստոսի բոլո՛ր հաւատացեալներու սիրոյն ու պաշտամունքին։

Այդ սիրոյն ու պաշտամունքին արտայայտութիւնը կը հանդիսանայ զինք Տիեզերական Եկեղեցւոյ Վարդապետ հռչակելու Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետին որոշումը, որ արդիւնքն է տասնեակ մը տարիներու վրայ երկարող խստապահ ու բարդ գործընթացի մը, որուն ազդանշանը տուաւ   Հայ կաթողիկէ նուիրապետութիւնը առաջնորդութեամբ ամենապատիւ Տէր Ներսէս Պետրոս ԺԹ. Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոս Պատրիարքին,  մտածելով որ ինչպէս Հայ ազգի հաւատքի հայրը՝  սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչը՝ շնորհիւ դարձեալ Հայ կաթողիկէ նուիրապետութեան նախաձեռնութեան, իր արժանի պատուանդանը ունեցաւ Վատիկանի «Սուրբ Պետրոս»ի պազիլիքային ճակատը զարդարող Ընդհանրական Եկեղեցւոյ սուրբերու քանդակներու շարքին՝ ի գիտութիւն համայն աշխարհի հաւատացեալ հասարակութիւններուն,  ժամանակն էր որ Ընդհանրական Եկեղեցին իր 36-րդ  Վարդապետը հռչակէր սուրբ Գրիգոր Նարեկացին։ Հայ կաթողիկէ սիւնհոդոսական հայրերուն կողմէ շուրջ տասը տարիէ ի վեր տարուող աշխատանքին պսակումը պիտի հանդիսանայ Հայ Սուրբին Տիեզերական Եկեղեցւոյ Վարդապետ հռչակումը յընթացս համապատարագին զոր Հայոց Ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցին առիթով Սրբազան Պապը Հայ Կաթողիկէ սիւնհոդոսական հայրերուն հետ պիտի մատուցանէ 12 ապրիլին  Վատիկանի «Սուրբ Պետրոս»ի տաճարին մէջ։ Այդ աշխատանքի մասին կարեւոր վկայութիւններ կը հանդիսանան Հայ կաթողիկէ ամենամեայ Սիւնհոդոսներուն ատենագրութիւնները եւ նամակագրութիւնները Վատիկանի պատկան մարմիններուն հետ։

Կարգ մը հայկական լրատուամիջոցներ, դժբախտաբար, փութկոտ հրապարակումներով  թիւր եւ խեղաթիւրուած ձեւով  արձագանգած ըլլալով պատմական այս իրադարձութեան յատկապէս նախապատրաստական գործընթացին, Հայ կաթողիկէ Պատրիարքութեան Սուրբ Գրիգոր Նարեկացի Կեդրոնի  տնօրէն հայր Վարդան վրդ. Գազանճեանին, ապա նաեւ վաստակաշատ հոգեւորական արհիապատիւ հայր Մանուէլ եպիսկ. Պաթագեանին կողմէ տրուած հետագայ բացատրութիւններն ու լուսաբանութիւնները սահմանուած են ըստ արժանւոյն գնահատելու համայն հայութեան հպարտութիւն առթող այս պատմական իրադարձութիւնը, որ աւելի եւս պիտի սերտացնէ փոխադարձ յարգանքի ու վստահութեան վրայ հիմնուած յարաբերութիւնները Կաթողիկէ եւ Առաքելական Եկեղեցիներուն միջեւ։

ԳԱՂԱՓԱՐԻՆ ԾՆՈՒՆԴՆ ՈՒ ԶԱՐԳԱՑՈՒՄԸ

Սուրբ Գրիգոր Նարեկացին Տիեզերական Եկեղեցւոյ Վարդապետ հռչակել տալու գաղափարը ծնունդ առաւ յետ Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչի մեծադիր արձանի հանդիսաւոր օրհնութեան ու զետեղումին Հռոմի «Սուրբ Պետրոս» Մայր Տաճարին արտաքին գաւիթին մէջ, ձեռամբ երջանկայիշատակ սուրբ Յովհաննէս Պօղոս Բ. քահանայապետին, 2005-ի Յունուարի 19-ին։ Այս եզակի պատիւը կը շնորհուի միայն քրիստոնեայ մեծ Եկեղեցիներու հիմնադիրներուն, որոնց շարքին դասուեցաւ Հայոց Լուսաւորիչը։

Այս պատմական դէպքին յաջորդեց նոյն գաւիթին պաշտօնական  յորջորջումը իբր «Cortile San Gregorio Illuminatore d’Armenia», Բենեդիկտոս ԺԶ. Պապին կողմէ, 2008-ի փետրուար 22-ին, դարձեալ ի ներկայութեան Հայ Կաթողիկէ Նուիրապետութեան եւ քոյր եկեղեցիներու պատուիրակներու, ինչպէս նաեւ քաղաքական հայ եւ օտար անձնաւորութիւններու։

Մինչ այդ, Հայ Կաթողիկէ Եպիսկոպոսաց Սիւնհոդոսը  լծուած էր՝ սուրբ Գրիգոր Նարեկացին Տիեզերական Եկեղեցւոյ Վարդապետ  հռչակել տալու նախապատրաստական աշխատանքներուն՝ իր 2003-ի սիւնհոդոսական նիստերու ընթացքին։ Կազմուած էր յատուկ յանձնախումբ գլխաւորութեամբ արհի. Գրիգոր եպիսկ. Կապրոյեանի, անմիջական աջակցութեամբ փրոֆ. Ժան-Բիէր Մահէի եւ գերապայծառ հայր Լեւոն արք. Զէքիեանի։ Անոնց ջանքերով կազմակերպուեցան զոյգ գիտաժողովներ, առաջինը՝ Հռոմի Արեւելեան Ուսմանց Քահանայապետական Ինստիտուտին մօտ, 2005-ի յունուար 20-22-ին, իսկ երկրորդը՝ Լիբանան, Քասլիքի «Սուրբ Հոգի» Համալսարանին մօտ, 2009-ի հոկտեմբերին, կեդրոնանալով գլխաւորաբար Նարեկացիի դերին վրայ Հայ ծէսին մէջ։ Երկու ձեռնարկներն ալ մեծ յաջողութիւն արձանագրեցին, ըլլայ  շնորհիւ  հանրածանօթ մասնագէտներու մասնակցութեան, ըլլայ  անոնց գտած դրական ընդունելութեան համար հայ թէ օտար շրջանակներու մէջ։ Մասնակցողներու խումբին մաս կը կազմէին  հանրածանօթ աստուածաբաններ, ծիսագէտներ ու պատմագէտներ, ի շարս որոնց՝  Ժերար Տէտէեան, Հրաչեայ Թամրազեան, Աբրահամ Տէրեան, Ժան-Բիէր Մահէ, գերապայծառ Գլաուտիօ Կուճերոթթի, գերշ. Շահան արք. Սարգիսեան, գերշն. Մեսրոպ արք. Գրիգորեան, գերշն. Նարեկ արք. Ալեէմէզեան, հ. Լեւոն վ. Զէքիեան, Իկոր Տորֆման, հ. Անդրանիկ ծ.վ. Կռանեան եւայլք։

Սիւնհոդոսական Հայրերը, յուսադրուած աշխատանքներու դրական ընթացքէն, կապ կը պահէին Հռոմի պատկան իշխանութիւններուն եւ յատկապէս Հաւատոյ Վարդապետութեան պահպանման Ժողովի նախագահ Կարդինալին հետ ուսումնասիրելու համար պահանջուած պայմանները՝ Տիեզերական Վարդապետի տիտղոսին արժանանալու համար։ Անոնց կարգին էին գլխաւորաբար՝ փաստերը առաջադրուած անձին կեանքի սրբութեան ու դաւանած վարդապետութեան ուղղափառութեան, յայտնուած յատկապէս անոր գրութիւններուն ընդմէջէն։ Առ այդ՝ հարկ էր ներկայացնել անոր թարգմանուած գրութիւնները, եւ յատկապէս «Մատեան Ողբերգութեան» եւ «Գանձեր եւ Տաղեր» հատորները, ինչ որ կատարուեցաւ շնորհիւ Ժան-Բիէր Մահէի եւ իր գործակիցներուն։

Հարկ է նշել որ թէ՛ Նարեկացին եւ թէ սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչը անծանօթ չեն Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ ծիսագէտներուն։ Արդարեւ, երկուքն ալ կը յիշուին հռոմէական ծիսական օրացոյցին մէջ։ Այս իմաստով անոնք իրաւամբ կը սեպուին Ընդհանրական Եկեղեցւոյ սուրբեր։

Ինչպէս, կը տեսնուի, անցեալ տասը տարիներու ընթացքին, Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ Սիւնհոդոսական Հայրերը, գլխաւորութեամբ ամենապատիւ Տէր Ներսէս Պետրոս ԺԹ. Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկէ Հայոց Կաթողիկոս Պատրիարքին, ջանք ու ժամանակ չխնայեցին լուսարձակները կեդրոնացնելու համար սուրբ Գրիգոր Նարեկացիի արժէքին վրայ համայն քրիստոնեայ աշխարհին համար։ Վերոնշեալ երկու գիտաժողովները, եւ անոնց ընթացքին ներկայացուած զեկուցումները զարգացուցին Արեւմուտքի եւ ընդհանրապէս քրիստոնեայ աշխարհին գիտելիքները սուրբ Գրիգոր Նարեկացիի եւ անոր արժէքի մասին։   Շնորհիւ  «ՄԱՏԵԱՆ ՈՂԲԵՐԳՈՒԹԵԱՆ»ի ֆրանսերէնով թարգմանութեան Ժան-Բիէր Մահէի կողմէ՝ ամբողջ  ֆրանսախօս աշխարհը ծանօթացաւ Նարեկացիին։ Սուրբ Գրիգոր Նարեկացիի մասին երկու գիտաժողովներուն ընթացքին տրուած վկայութիւնները բնականաբար չէին կրնար անտարբեր ձգել Սուրբ Աթոռը։

Սուրբ Գրիգոր Նարեկացին Եկեղեցւոյ Վարդապետ հռչակելու առաջարկը համապատասխան թղթածրարով՝ Հոգեւոր Տէրը անձամբ ներկայացուց Բենեդիկտոս ԺԶ. Քահանայապետին։ Ասիկա բաւարար չէր անշուշտ։ Գործը հետապնդումի կը կարօտէր։ Հոս կ'արժէ յիշատակել անձնաւորութիւն մը՝ որ կարեւոր ներդրում ունեցաւ այդ գործի հետապնդումին մէջ։ Ան՝ Հայաստանի, Վրաստանի եւ Ատրպէյճանի երբեմնի պապական նուիրակն է, Մոնսէնիէօր Գլաուտիօ արքեպիսկոպոս Կիւճերոթթի, որ այժմ Մինսքի առաքելական նուիրակն է։ Հայագէտ է, հայասէր եւ հայախօս։ Հեղինակ է Գրիգոր Նարեկացիի մասին բազմաթիւ յօդուածներու եւ ուսումնասիրութիւններու։ Հոգեւոր Տիրոջ թելադրանքով, այս հայագէտ հոգեւորականը մեծապէս օգնեց Նարեկացիի թղթածրարի քննարկման համար անհրաժեշտ վարչական ձեւակերպութիւններու յաղթահարումին։

ԿԱԹՈՂԻԿԷ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՊԱՅՄԱՆՆԵՐԸ

Doctor Ecclesiae տիտղոսը շնորհելու համար Կաթողիկէ Եկեղեցին կը պահանջէ երեք հիմնական նախադրեալ.-  eminens doctrina՝ գերազանց ուսմունք, insignis vitae sanctitas՝ արտասովոր սրբակեցութիւն եւ Ecclesiae declaratio՝ հռչակում Եկեղեցւոյ կողմէ։ Սրբադասման եւ երանացման դատերու եպիսկոպոսներու ժողովը, որուն նախագահն է կարդինալ Անճելօ Ամաթօ,  մանրակրկիտ կ'ուսումնասիրէ իրեն առաջարկուած անձի հոգեւոր վաստակի, Եկեղեցւոյ աստուածաբանութեան, խորհրդաբանութեան զարգացման համար անոր հոգեւոր ժառանգութեան արժէքի մասին փաստարկները ու հիմնաւորումները եւ  ըստ այնմ կը կայացնէ  առաջարկուած անձին Եկեղեցւոյ Վարդապետ տիտղոսին արժանի ըլլալու մասին իր որոշումը, որ արդիւնքն է մէկը՝  կանոնական, իսկ միւսը աստուածաբանական երկու յանձնախումբերու դրական պատասխանին զոր կարդինալ Ամաթօ փոխանցեց Պապին։ Իսկ սուրբ Գրիգոր Նարեկացիին այդ տիտղոսին արժանաւորութիւնը անվիճելի դարձնող 500 էջնոց թղթածրարը պատրաստելու աշխատանքին մէջ մեծ է ներդրումը  առաւելաբար Պոլսոյ թեմի հայ կաթողիկէ առաջնորդ եւ առաքելական կառավարիչ  հայր Լեւոն արքեպիսկոպոս Զէքիեանին։

ՏԻՏՂՈՍԻՆ ՏՈՒՉՈՒԹԻՒՆԸ  ՀԱՅՈՑ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԵԱՆ 100-րդ ՏԱՐԵԼԻՑԻՆ ԿԱՏԱՐԵԼՈՒ ԱՇԽԱՏԱՆՔ

Հայ Կաթողիկէ սիւնհոդոսական Հայրերը ամէն ջանք թափեցին որպէսզի Նարեկացիին այս տիտղոսի տուչութիւնը կատարուի Հայոց Ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցին առիթով, ապրիլի 12-ին, «Սուրբ Պետրոս»ի Տաճարին մէջ մատուցուելիք քահանայապետական սուրբ Պատարագին ընթացքին, ինչ որ առիթ պիտի տայ բազմահազար օտարազգի ժողովուրդի ծանօթանալու հայ սուրբին եւ իմանալու Հայոց Ցեղասպանութեան մասին։

Ինչպէս նկատել կու տայ  Հայ կաթողիկէ պատրիարքութեան Սուրբ Գրիգոր Նարեկացի կեդրոնին տնօրէնը, որոշելով հայ սուրբին Եկեղեցւոյ Վարդապետ պաշտօնական հռչակումը կատարել Հայոց Ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցին առթիւ «Սուրբ Պետրոս»ի տաճարին մէջ 12 ապրիլին մատուցանելիք Պատարագի ընթացքին, Սրբազան Քահանայապետը լաւագոյն առիթ մը ստեղծած կ'ըլլայ  եկեղեցական ազնուագոյն ձեւով աշխարհին ուշադրութիւնը հրաւիրելու Հայ Դատին վրայ, աշխարհին ծանօթացնելու Հայ Դատը։ Նարեկացիի մասին մտածելով, քրիստոնեայ աշխարհը անխուսափելիօրէն յետադարձ ակնարկ մը պիտի կատարէ մինչեւ 1915 եւ հարց պիտի տայ թէ ո՞ւր է Նարեկայ Վանքը այսօր, ինչո՞ւ քանդուած է ան։ Եկեղեցւոյ հա՛յ վարդապետը կաթողիկէ եւ ոչ կաթողիկէ եկեղեցիներու զաւակներուն համար պիտի հանդիսանայ հայ հնադարեան հարուստ մշակոյթին վրայ, մանաւանդ հոգեւոր մշակոյթին, հայ միջնադարեան գրականութեան, հայկական հոգեւորականութեան վրայ բացուող պատուհան մը, ինչ որ  առիթ պիտի հանդիսանայ նոր գիտաժողովներու՝ կազմակերպուած այս անգամ տարբեր միջավայրերու կողմէ եւ ոչ միայն հայերու։ Հա՛յ  Վարդապետին ստեղծագործութիւնները ներշնչման աղբիւր պիտի դառնան Քրիստոսի հետեւորդ ամէն հաւատացեալի, որովհետեւ ան՝  իր «ՄԱՏԵԱՆ ՈՂԲԵՐԳՈՒԹԵԱՆ»ով  ամբողջ մարդկութեան մեղքը իր ուսերուն  վրայ կ'առնէ, մարդկային ողբերգութիւնը կը ներկայացնէ ինքն իր անձին մէջ։

Իսկ մեզի, Մեծ Սուրբի ազգակիցներուս համար, այս պատմական հռչակումը, ինչպէս կ'ըսէ Հայր Գազանճեան,  նոր զարթօնքի ու վերանորոգումի հրաւէր մը պիտի ըլլայ, մանաւանդ մեր անառարկելի արժէքներուն շուրջ համախմբուելու հրաւէր մը։ Մեզի պիտի վերյիշեցնէ որ 1915-ին չկար հայ տուն մը, հայ ընտանիք մը, որ ՆԱՐԵԿը չունենար, ՆԱՐԵԿին ներշնչած  հաւատքով  զօրացած չըլլար։ Եկեղեցւոյ Վարդապետները անպայման ըլլալու են հաւատքը իրենց միջավայրին մէջ  փոխանցող առաքեալներ, ինչպիսին եղաւ Գրիգոր Նարեկացին։ Հաւատքը ընդհանրական է անշուշտ։ Քրիստոս բոլորին համար է։ Բայց Գրիգոր Նարեկացին Քրիստոսը հայու սնարին մօտ բերաւ, հայու հոգիին մէջ դրաւ։ Հայ մշակոյթին անբաժան մասը դարձուց։ Նարեկացիին ներշնչած հաւատքով զօրացած էին Հայոց Ցեղասպանութեան նահատակները։ Անոնք Քրիստոսի սէրը սորված էին Նարեկացիէն։ Նարեկը  անոնց սնարի գիրքն էր, աղօթամատեանը։ Ասիկա էր որ զիրենք հաստատեց Քրիստոսի հաւատքին մէջ։ Շնորհիւ ասոր է որ  մեր ժողովուրդը իր պատմութեան մեծագոյն ողբերգութեան, Մեծ Եղեռնի ժամանակ չկորսնցուց իր հաւատքն ու յոյսը ապագային հանդէպ։ Ասիկա կատարուեցաւ Նարեկացիին ուժով։ Նարեկացին է որ սնուցանեց այդ սերունդը, նահատակ սերունդը, նահատակ սերունդին հաւատքը։ Ան այսօր մեզի կը բերէ միեւնոյն պատգամը, որ՝ անոր Տիեզերական Եկեղեցւոյ Վարդապետ հռչակումով Վատիկանէն՝ աշխարհին բոլոր կողմերը հնչող մշտական ղօղանջ պիտի դառնայ եւ մեզի հետ զայն պիտի իմանայ Քրիստոսի ամէն հաւատացեալ։

 

19 մարտ 2015

ՍԱՐԳԻՍ ՆԱՃԱՐԵԱՆ

Սուրբ Գրիգոր Նարեկացի Կեդրոն

 


Առօրեայ Աւետարանը
Այբ Էջ | Բովանդակութիւն | Հասցէարան | Օգտակար Կապեր | Նամականի
Ներքին Պրպտում՝  Armenian Keyboard
Կարդացէ՛ք այս էջը հետեւեալ լեզուներով.-    
Վերարտադրութեան ամէն իրաւունք վերապահուած է Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ