Երկուշաբթի, 22 Դեկտեմբեր 2014 - Հոգեհանգստեան սուրբ Պատարագ Լուսին Ժորժ Պաթագեանի հոգւոյն

 

Պէյրութ

Կիրակի, 21 դեկտեմբեր 2014, առաւօտեան ժամը 10.30-ին,  Սուրբ Աւետման Կուսին Եկեղեցւոյ մէջ (Ժէիթաուի),  եկեղեցւոյ ժողովրդապետը, գերապատիւ հայր Վարդան վարդապետ Գազանճեան սուրբ Պատարագ մատուցանեց արհիապատիւ Մանուէլ եպիսկ. Պաթագեանի քրոջ՝ Լուսին Ժորժ Պաթագեանի (վախճանած Մոնթրէալ, Քանատա, 15 Դեկտեմբեր 2014-ին) հոգւոյն հանգիստին համար։ Սուրբ Պատարագին կը նախագահէր ամենապատիւ Հոգեւոր Տէրը։ Յընթացս Սուրբ Պատարագին արտասանած քարոզին մէջ, պատարագիչ Հայրը իբրեւ բնաբան ընտրած էր  խոնարհութիւնը՝  մեկնելով այս բարեմասնութեան մասին օրուան Աւետարանին մէջ յիշատակուած օրինակէն եւ վկայելով որ ողբացեալին կեանքը յատկանշուեցաւ խոնարհութեամբ ու համեստութեամբ։
 Յաւարտ Սուրբ Պատարագին, գերապայծառ Պաթագեան եւ ողբացեալին հարազատները ցաւակցութիւնները ընդունեցին Պատրիարքարանի սրահին մէջ։

 


 


Առօրեայ Աւետարանը
Այբ Էջ | Բովանդակութիւն | Հասցէարան | Օգտակար Կապեր | Նամականի
Ներքին Պրպտում՝  Armenian Keyboard
Կարդացէ՛ք այս էջը հետեւեալ լեզուներով.-    
Վերարտադրութեան ամէն իրաւունք վերապահուած է Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ