Հինգշաբթի, 8 Նոյեմբեր 2007 - Հալէպի Զմմառեան Դպրեվանքի Սաները Ողջունեցին Զմմառու Նորընտրեալ Մեծաւորը

 

Հալէպ, Սուրիա

Զմմառու վանքի մեծաւորը՝ հայր Միքայէլ Թ.Ծ. վրդ. Մուրատեանը պաշտօնը ստանձնելէ ետք իր առաջին այցը կատարեց 29 Հոկտեմբեր 2007ին Հալէպի Զմմառեան միաբանութեան ընծայարան:
Ճանաչողական բնոյթի կողքին, այս այցը կը միտէր սատարել ու խրախուսել վանքի նոր նշանակուած տեսուչ Գեր. Պերճ վրդ. Սապէին՝ իր ծանրագոյն աշխատանքին մէջ:
Նկատի ունենալով, որ դպրեվանքը դարբնոցն է ապագայ հոգեւորականներու, Զմմառեան միաբանութեան պատրիարքական փոխանորդ անձամբ շրջեցաւ վանքի բոլոր բաժանմունքները՝ ուսումնասիրելու դպրեվանքի շէնքային պայմանները, թէ որքանո՞վ անոնք համապատասխան են արդի վանական պայմաններուն եւ չափանիշներուն: Նորընծաները լաւագոյնս դաստիարակելու եւ վանքի կրթական համակարգը բարելաւելու նպատակով ալ անձամբ տեսակցեցաւ դպրեվանքի իւրաքանչիւր սանի հետ՝ հետաքրքրուելով զանոնք յուզող բոլոր հարցերով:
Ֆրանսայի Լիոն քաղաքի «Էնսթիւթիւ Քաթոլիկ»էն «Երիտասարդ սերունդի հովուութիւն» մասնագիտութիւնը ստացած Զմմառու նոր նշանակուած մեծաւորը, յանուն վանքի վերելքին, սիրայօժար իր պատրաստակամութիւնը յայտնեց վանքի տեսուչ հայր Պերճ Սապէին՝ տարիներու իր ուսումն ու վաստակը ի գործ դնելու վանքի սաներու կրթական մակարդակի բարձրացման ու անոնց անհատականութեան ձեւաւորման, ինչպէս նաեւ իբրեւ ապագայի հայ կղերականներ, անոնց մէջ ամրապնդել հաւատքն առ Աստուած ու սէրն ընդ հայրենիք:
Այցի աւարտին վանքի տեսուչ Գեր. Պերճ վրդ. Սապէն իր երախտագիտութիւնը յայտնեց Զմմառու վանքի մեծաւորին՝ Գերպ. Միքայէլ Թ.Ծ. վրդ. Մուրատեանին, իր հոգատար վերաբերմունքին համար:


Առօրեայ Աւետարանը
Այբ Էջ | Բովանդակութիւն | Հասցէարան | Օգտակար Կապեր | Նամականի
Ներքին Պրպտում՝  Armenian Keyboard
Կարդացէ՛ք այս էջը հետեւեալ լեզուներով.-    
Վերարտադրութեան ամէն իրաւունք վերապահուած է Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ