Երեքշաբթի, 28 Հոկտեմբեր 2008 - Գերպյծ. Օգոստինոս Եպս.Գուսան կը Դասախօսէ Գահիրէի Համալսարանին Մէջ

Գահիրէ, Եգիպտոս

Գահիրէի Համալսարանի հիմնադրութեան 100 ամեակի առիթով եւ հովանաւորութեամբ համալսարանի գրական բաժնի տնօրէն՝ տոքթ. Ահմէտ Զայէտի, Երկուշաբթի 27 Հոկտեմբեր 2008ին, կէսօրուայ ժամը 12:00ին, Արհի. Տէր Օգոստինոս Եպս. Գուսան՝ Առաջնորդ Սրբազան Աղեքսանդրիոյ Թեմի բանախօսեց Համալսարանի գրական բաժնի գլխաւոր շէնքին մէջ, «Հայ Կաթղիկէ Համայնքը Նոր Եգիպտոսի Մէջ» նիւթին շուրջ: Համալսարանը հիմնուած է Արթին Եաքուպ պաշա Չարըքեանի օրերուն, երբ ան Եգիպտոսի ուսման նախարարն էր: Հանդիսութեան ներկայ էին Ղպտի Կաթողիկէ Պատրիարք՝ Անթոնիոս Նակիպ, Ֆրանսայի եւ Հայաստանի դեսպանները, Սուրիոյ դեսպանի ներկայացուցիչը, Անարատ Յղութեան քոյրերը եւ համալսարանի դասախօսներ: Իբրեւ գնահատական Գերապայծառ Տիրոջ պատուեցին համալսարանի վահանով:   


Առօրեայ Աւետարանը
Այբ Էջ | Բովանդակութիւն | Հասցէարան | Օգտակար Կապեր | Նամականի
Ներքին Պրպտում՝  Armenian Keyboard
Կարդացէ՛ք այս էջը հետեւեալ լեզուներով.-    
Վերարտադրութեան ամէն իրաւունք վերապահուած է Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ