Հինգշաբթի, 19 Փետրուար 2015 - «Հայոց Ցեղասպանութիւնը եւ Արխիւները» Գիտաժողովի Հաղորդագրութիւն

 

Պէյրութ

Շաբաթ, 14 փետրուար 2015-ին, նախագահութեամբ Ամենապատիւ Տէր Ներսէս Պետրոս ԺԹ. Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց Պատրիարքին, Հայ Կաթողիկէ Զմմառու Վանքին մէջ տեղի ունեցաւ «Հայոց Ցեղասպանութիւնը եւ Արխիւները» միօրեայ գիտաժողովը` կազմակերպութեամբ Զմմառու Պատրիարքական Կղերի Միաբանութեան եւ Հայոց Ցեղասպանութեան 100 ամեակի Լիբանանի կեդրոնական մարմնին: Գիտաժողովին մասնակցեցան Լիբանանի մէջ Պապական Նուիրակը, Լիբանանի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպան Աշոտ Քոչարեան, Լիբանանեան համալսարաններու իրաւագիտութեան և պատմութեան բաժանմունֆքներու պատասխանատուներ եւ դասախօսներ: Բացման խօսքին մէջ, Ամենենապատիւ Տէր Ներսէս Պետրոս ԺԹ. Կաթողիկոս Պատրիարքը կարեւոր նկատեց Հայոց ցեղասպանութեան ամբողջական պատկերացումին համար արխիւներու ունեցած անփոխարինելի դերը: Ան մատնանշեց ճշմարտութեան բացայայտման եւ հաւաքական յիշողութեան պահպանման համար արխիւներուն տեղն ու դերը: Հուսկ ան հայրապետական օրհնութեամբ ողջունեց Սուրբ Էջմիածնի եւ Կիլիկիոյ Հայոց Կաթողիկոսութեանց Վեհափառները, Լիբանանի Հայ Առաքելական եւԱւետարանական համայնքներու կրօնական պետերը եւ գիտաժողովին մասնակից շուրջ վեց տասնեակ մտաւորականները, Հայոց ցեղասպանութեան 100 ամեակի Լիբանանի կեդրոնական մարմնի անդամներու եւ միութեանց ներկայացուցիչները:

Ապա բարի գալուստի խօսք արտասանեց Զմմառու Հայ Կաթողիկէ վանքի վանահայր, Պատրիարքական Փոխանորդ Գերապայծառ Հայր Գաբրիէլ Թ. Ծ. վարդապետ Մուրատեան, որ ծանրացաւ վախի հասկացութեան վրայ: Անդրադառնալէ ետք Օսմանեան կայսրութեան հայաջինջ քաղաքականութեան՝ ան շեշտեց, որ պէտք չէ վախնալ անոնցմէ, որոնք մարմինը կը սպաննեն եւ այնուհետեւ բան չեն կրնար ընել: Իր արաբերէն խօսքի աւարտին, հայր Մուրատեան շնորհակալութեան խօսք ուղղեց Լիբանանի պետութեան, ժողովուրդին, երկրին եւ Հայաստանի Հանրապետութեան:

Ապա յանուն Հայոց ցեղասպանութեան 100 ամեակի Լիբանանի կեդրոնական մարմնին, ֆրանսերէնով խօսք առաւ պարոն Ռաֆայէլ Ումուտեան, ապա առաջին նիստավարը՝ Տիկին Սեդա Խտըշեան, բացուած յայտարարեց նիստը եւ Հայաստանի Հանրապետութեան Սփիւռքի նախարար Հրանուշ Յակոբեանի կենդանի ողջոյնը հեռասփռուեցաւ, որմէ ետք գիտաժողովի առաջին զեկոյցը ներկայացուց ցեղասպանագէտ, Հայոց ցեղասպանութեան մասնագէտ դոկտ. Յարութիւն Գէորգեան:

Փրոֆ. Յարութիւն Գէորգեան ծանրացաւ Հայոց ցեղասպանութեան վերաբերեալ օտար դիւանագիտական առաքելութիւններու եւ միսիոնարներու արխիւային փաստաթուղթերուն վրայ: Ան անդրադարձաւ եւրոպական արխիւներուն, առանձնացուց գերմանական, աւստրոհունգարական, ամերիկեան, ֆրանսական եւ բրիտանական, միսիոնարական ու Պոլսոյ Հայոց Պատրիարքութենէն Երուսաղէմի Հայոց Պատրիարքութիւն փոխանցուած արխիւները:

Երկրորդ զեկուցումը ի բացակայութեան զեկուցաբերի ներկայացուեցաւ: Զեկուցումը անդրադարձաւ Վատիկանի արխիւներուն՝ Հայոց ցեղասպանութեան վերաբերեալ: Զեկուցումը, գրեթէ ամբողջութեամբ կեդրոնացած էր 1894-1896 շրջանի համիտեան ջարդերուն վրայ:

Իւրաքանչիւր զեկուցումէ ետք առիթ տրուեցաւ հարց-պատասխանի ու քննարկումներու, որոնք լուսաբանական յստակացումներու եւ յաւելեալ տուեալներու տեղիք տուին:

Կէսօրուան ճաշի դադարէն ետք Դամասկոսի Հայոց ցեղասպանութեան 100 ամեակի մարմնի նախագահ Արմաշ Եպս. Նալպանտեան ներկայացուց Դամասկոսի հայ համայնքին ծրագրած եւ արդէն մասամբ գործադրուած 100 ամեակի փաթեթը:

Նման բնոյթի զեկուցում մը ներկայացուցին նաեւ Հայոց ցեղասպանութեան 100 ամեակի Եգիպտոսի ներկայացուցիչներ դոկտ. Արմէն Մազլումեան եւ Պերճ Թերզեան՝ յառաջացնելով մասնակի համապատկեր մը Միջին Արեւելքի մէջ կատարուող եւ կատարուելիք ձեռնարկներուն: Ապա խօսք առաւ Փրոֆ. Վահրամ Շեմմեսեան:

Իր զեկուցումին մէջ, Դոկտ. Փրոֆ. Վահրամ Շեմմեսեան անդրադարձաւ Միջին Արեւելքի հայկական արխիւատուներուն: Ան մէկ առ մէկ թուարկեց Միջին Արեւելքի հայկական այն վայրերը, արխիւատուները, ուր ինք անձամբ պրպտումներ կատարած է հայոց ցեղասպանութեան առնչութեամբ եւ առանձնացուց Գահիրէի, Երուսաղէմի Հայոց Պատրիարքութեան, Անթիլիասի Կիլիկիոյ Հայոց Կաթողիկոսութեան, Հալէպի եւ Պաղտատի Հայ Առաքելական Առաջնորդարաններու արխիւատուներուն մէջ պահ դրուած Հայոց ցեղասպանութեան տարիներուն եւ յաջորդող տասնամեակներուն վերաբերող փաստագրական մեծ եւ արժէքաւոր հաւաքածոները:

Փրոֆ. Շեմմեսեան կարեւոր նկատեց այդ արխիւային նիւթերուն մշակումը, թուայնացումը եւ անոնց բազմացումն ու տարբեր կերդրոններու մէջ պատճէններու առկայութիւնը: Ան նշեց, որ այդ նիւթերը անհրաժեշտ է մատչելի դարձնել պատմաբաններուն, ուսումնասէրներուն, որպէսզի կարելի դառնայ աւելի ամբողջականօրէն սերտել Հայոց ցեղասպանութիւնը, անոր գործած աւերը եւ հայ ժողովուրդին վրայ ունեցած հետեւանքները:

Դադարէն ետք իր զեկուցումը ներկայացուց Երեւանի Մեսրոպ Մաշտոցի անուան հին ձեռագիրներու հիմնարկի՝ Մատենադարանի վաստակաւոր գիտաշխատող Գէորգ Տէր Վարդանեան, ան ներկայացուց Հայոց ցեղասպանութեան պատճառով կորստեան մատնուած հայկական մշակութային գանձերէն ձեռագիր մատեաններուն եւ կրօնական գիրքերուն մասին տեղեկութիւններ:

Դոկտ. Տէր Վարդանեան ընդգծեց, որ շատ փոքր թիւով ձեռագիր մատեաններ փրկուած են Արեւմտեան Հայաստանէն եւ Կիլիկիայէն: Ան ընդհանուր կորուստը հաշուեց շուրջ 30,000 ձեռագիր մատեան: Յարգելի մասնագէտը շեշտեց եւ մեծապէս հաւանական նկատեց, որ Հայոց ցեղասպանութեան օրերուն Արեւմտահայաստանի ու կիլիկիոյ վանքերէն ու եկեղեցիներէն բռնագրաւուած ձեռագիրներէն մաս մը կը գտնուի տակաւին թրքական պետական գրադարաններու կամ արխիւատուներու փակ ֆոնտերուն մէջ, որոնց լոյս աշխարհ բերումը մեծ նպաստ կ'ունենայ հայ մշակոյթի ձեռագիր մատեաններու մարզի ուսումնասիրութեան մէջ, բայց միաժամանակ ծանր յանցագործութեան աթոռին կը գամէ ցեղասպան թուրքը:

Դոկտոր Տէր Վարդանեան յստակացուց նաեւ որ եթէ որոշ պատկերացում մը կայ այս ձեռագիր մատեաններուն կորուստի քանակին եւ արժէքին մասին, անկարելի է սակայն գնահատում կատարել հայ կրօնական սպասքի, եկեղեցական իրերու կորուստին քանակին, համեմատութեան եւ արժէքին մասին:

Գիտաժողովի վերջին զեկուցողը եղաւ Գերյարգելի Հայր Անդրանիկ Ծ. վարդապետ Կռանեան, որ ներկայացուց Մարտինի հայ կաթողիկէ առաջնորդ Իգնատիոս Արքեպիսկոպոս Մալոյեանի կեանքը եւ անոր նահատակութեան շուրջ մտորումներ:

Միօրեայ այս գիտաժողովը յատկանշուեցաւ այն հաւաստումով, որ տակաւին չուսումնասիրուած եւ չպեղուած մեծաքանակ արխիւային նիւթեր կան, որոնց գոյութեան քաջատեղեակ են ցեղասպանութիւնը ուսումնասիրողները: Միւս կողմէ, սակայն, նշուեցաւ, որ կան տակաւին չուսումնասիրուած-չյայտնաբերուած արխիւներ եւս: Այս բոլորը առաւել լոյս կը սփռեն Հայոց ցեղասպապութեան ծալքերուն վրայ: Բարձրաձայնուեցաւ այն միտքը, որ հայ ժողովուրդը իբրեւ ազգ կը գտնուի էական մարտահրաւէրի մը առջեւ, որ կը վերաբերի պատասխանատու եւ գիտակից վերաբերում ունենալու իր պատմութեան վաւերաթուղթերուն եւ արխիւային նիւթերուն հանդէպ, եթէ կը նպատակդրէ իր պատմութեան ուսումնասիրութիւնը նոր հանգրուանի եւ միջազգային նորագոյն չափանիշերուն համապատասխանեցնել:

Կարեւոր նկատուեցան նաեւ արխիւային նիւթերու գիտական մատչելիութեան, թուայնացման, կրկնօրինակման եւ այլեւայլ կեդրոններու մէջ ցանցակալելու խնդիրները:

Այս խնդիրին իբրեւ այլ երեսակ իբրեւ ընդգծուեցաւ նաեւ նոր, երիտասարդ մասնագէտներու յառաջացումը եւ անոնց անհրաժեշտ թափ ու աջակցութիւն ցոյց տալու էականութիւնը, որովհետեւ կարիքը կայ ո՛չ միայն Ցեղասպանութեան առաջին տարիներու արխիւային նիւթերու առաւել ուսումնասիրութեան, այլեւ գաղթականութեանց տեղաւորման, քեմփերու եւ որբանոցներու հաստատման պատմութեանց ուսումնասիրութեան:

Գիտաժողովը նաեւ ուղղակի եւ անուղղակի կոչ էր երիտասարդ գիտնականներուն եւ ուսումնասիրողներուն՝ աւելի մեծ թափով լծուելու մարդկային հաւաքականութեան մը կողմէ մարդկային այլ հաւաքականութեան դէմ գործուած ցեղասպանութեան առաւել ամբողջական ուսումնասիրութեանց թափը եւ կշռոյթը զօրացնելու: Գիտաժողովի իւրայատկութիւնն էր նաեւ այն, որ բազմակի քննարկումները յաճախ դիտակէտ ունեցան այս արխիւային բազմակի նիւթերու օգտագործումը՝ իրաւական դաշտին մէջ:

 

Զմմառու Պատրիարքական Կղերի Միաբանութիւն

Հայոց Ցեղասպանութեան 100 ամեակի Լիբանանի Կեդրոնական Մարմին


Առօրեայ Աւետարանը
Այբ Էջ | Բովանդակութիւն | Հասցէարան | Օգտակար Կապեր | Նամականի
Ներքին Պրպտում՝  Armenian Keyboard
Կարդացէ՛ք այս էջը հետեւեալ լեզուներով.-    
Վերարտադրութեան ամէն իրաւունք վերապահուած է Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ