Շաբաթ, 28 Նոյեմբեր 2009 - Հայոց ցեղասպանութիւնը եւ 1915ի իտալական մամուլը

 

Հռոմ

Հովանաւորութեամբ Ամենապատիւ Տէր Ներսէս Պետրոս ԺԹ կաթողիկոս պատրիարքին, եւ կազմակերպութեամբ՝ Հռոմի հայ համայնքի խորհուրդին, ուրբաթ 27 նոյեմբեր, ժամը 18-ին,  Հռոմի Լեւոնեան Վարժարանի դահլիճին մէջ տեղի ունեցաւ « 1915ի ցեղասպանութիւնը, Հայոց կոտորածը պատմուած նոյն ժամանակաշրջանի իտալական թերթերու կողմէ» խորագրով վաւերագրական հատորին ներկայացումը, որուն
հեղինակն է Հռոմի հայ համայնքի խորհուրդի անդամ եւ Աղթամար ելեկտրոնային պարբերաթերթի պատասխանատու՝ էմանուէլէ Ալիբրանտին: Գրքին յառաջաբանը գրած է Իտալացի լրագրող Մարքօ Թոզաթթի որ հեղինակն է բազմաթիւ վաւերագրական գրքերուն հայոց մասին, իսկ յետագրութիւնը ստորագրած է  Ռոպէր Աթթարեան, Հռոմի հայ համայնքի խորհուրդին բանբերը:


Այս նոր հատորը հայոց ցեղասպանութեան մասին, ինչպէս նշեցին զեկուցողները՝ Մարքօ Թոզաթթի եւ Ռոպէր Աթթարեան, կը տարբերի նախորդ հրատարակութիւններէն, 1915-ի իտալական օրաթերթներու քրոնիքներու ընդմէջէն ի յայտ կու գայ հայոց ցեղասպանութեան ողբերգական՝ եղերական ամբողջ  տարողութիւնը: Գործը հետազօտական է, Իտալիոյ մէջ առաջինը իր տեսակին մէջ, նիւթի մը շուրջ որ մեկնելով տեղեկութեան գաղափարէն եւ 1915ական թուականներու տպագրութենէն, ցոյց կու տայ ուղեգծի մօտեցում մը՝ կապուած 20-րդ դարու առաջին ցեղասպանութեան դէպքերուն, կարդացուած եւ մեկնաբանուած՝ 1915-ի Ապրիլէն մինչեւ անոր յաջորդ տարւոյն Ապրիլ ամիսը,
իտալական ամէնէն կարեւոր ու ամէնէն շատ տարածուած քսան օրաթերթերու մէջ:


Գրքին մէջ ի յայտ կու գայ Թալաաթ փաշայի արտակարգ, մէկ խոստովանութիւնը լրագրողներուն, որ ըստ հեղինակին կը ներկայացնէ ոչ միայն իսկական միջազգային (այսպէս կոչուած «սքուբ մը») յատուկ եւ կարեւոր լուր մը, այլ ցոյց կու տայ լրատուամիջոցներու անկարողութիւնը անմիջական կերպով հասկնալու նշանները, որոնք եթէ ճիշդ ժամանակին հասկցուած ըլլային, գուցէ կրնային առաջքը առնել այլ ողբերգութիւններուն իրականացումը:

Ներկայացումի աւարտին, Ամենապատիւ Հոգեւոր Տէրը, խօսք առնելով շնորհաւորեց հեղինակին եզակի գործը յանուն ճշմարտութեան, մաղթելով որ այսպիսի հետազօտական գործերը շարունակուին ապագային եւ ուսումնասիրուին այլ  երկիրներու լրատուամիջոցները, ինչպիսին՝ գերմանացիներուն, Ֆրանսացիներուն, եւ այլն:


Առօրեայ Աւետարանը
Այբ Էջ | Բովանդակութիւն | Հասցէարան | Օգտակար Կապեր | Նամականի
Ներքին Պրպտում՝  Armenian Keyboard
Կարդացէ՛ք այս էջը հետեւեալ լեզուներով.-    
Վերարտադրութեան ամէն իրաւունք վերապահուած է Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ