Ուրբաթ, 16 Մայիս 2014 - Իննօրեայ աղօթք Սուրբ Երկրի մէջ ի պատրաստութիւն Ֆրանչիսկոս Պապի այցելութեան

 

Երուսաղէմ

14-էն 22 մայիս 2014, Սուրբ Երկրին մէջ, կազմակերպուած են ինը աղօթքի յատուկ օրեր, ի պատրաստութիւն Ֆրանչիսկոս Քահանայապետին Սուրբ Երկիր ուխտագնացութեան  24-էն 26 մայիսին։

Իննօրեայ աղօթքի օրերուն տեղի կ'ունենան անհատական եւ հասարակաց աղօթք Սուրբ Երկրի զանազան սրբավայրերուն մէջ, ծոմապահութիւն եւ սուրբ Հաղորդութեան պաշտամունք, հոգեպէս պատրաստուելու համար Ֆրանչիսկոս Պապին այցելութեան եւ աղօթելու սրբազան Հօր` ուղղափառ Եկեղեցւոյ Պատրիարք Բարթուղիմէոս Ա.ին հետ հանդիպումին դիտաւորութեան։

Նշենք, թէ Նորին Սրբութեան Սուրբ Երկիր ուխտագնացութիւնը տեղի կ'ունենայ Պօղոս Զ. Պապին եւ Աթէնակորաս Պատրիարքին միջեւ Երուսաղէմի մէջ տեղի ունեցած հանդիպումին 50 ամեակին առթիւ։ Սրբազան Պապին յառաջիկայ այցելութիւնը պիտի   վերանորոգէ Կաթողիկէ եւ Օրթոտոքս Եկեղեցիներուն  միջեւ գոյութիւն ունեցող դրական յարաբերութիւնները։

http://hy.radiovaticana.va/index.asp


Առօրեայ Աւետարանը
Այբ Էջ | Բովանդակութիւն | Հասցէարան | Օգտակար Կապեր | Նամականի
Ներքին Պրպտում՝  Armenian Keyboard
Կարդացէ՛ք այս էջը հետեւեալ լեզուներով.-    
Վերարտադրութեան ամէն իրաւունք վերապահուած է Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ