Չորեքշաբթի, 29 Օգոստոս 2012 - Հոգեւոր Տէրը ցաւակցութիւն կը յայտնէ հայր Էլի Մաքտիսիի սպաննութեան համար


Պէյրութ

Ամենապատիւ Տէր Ներսէս Պետրոս ԺԹ. Կաթողիկոս Պատրիարքը հեռաձայնային կապով իր ցաւակցութիւնները յայտնեց մարոնի լիբանանեան միաբանութեան աբբահայր Թաննուս Նաամէին, հայր Էլի Մաքտիսիի սպաննութեան համար, որ պատահեցաւ Պէյրութի հարաւային ծովեզերեայ շրջանին մէջ: Հոգեւոր Տէրը դատապարտեց այս անմարդկային ոճիռը, եւ ապահովցուց իր աղօթքները հանգուցեալ վարդապետին հոգւոյն համար եւ նոր կոչումներու ծաղկումին համար միաբանութենէն ներս: Հոգեւոր Տէրը մաղթանք յայտնեց աբբահօր ըսելով՝ Քրիստոս յարեաւ ի մեռելոց, օրհնեալ է յարութիւնն Քրիստոսի:

 


Առօրեայ Աւետարանը
Այբ Էջ | Բովանդակութիւն | Հասցէարան | Օգտակար Կապեր | Նամականի
Ներքին Պրպտում՝  Armenian Keyboard
Կարդացէ՛ք այս էջը հետեւեալ լեզուներով.-    
Վերարտադրութեան ամէն իրաւունք վերապահուած է Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ