Կիրակի, 2 Հոկտեմբեր 2011 - Սրբազան քահանայապետին դիտաւորութիւնները հոկտեմբեր ամսուան ընթացքին


Վատիկան

Հոկտեմբեր ամսոյն ընթացքին, Բենեդիկտոս ԺԶ. սրբազան պապի ընդհանրական աղօթքի դիտաւորութիւնը մահամերձ հիւանդներուն համար է, անոնց աջակցելով իրենց տառապանքներուն մէջ հաւատքով եւ իրենց եղբայրներուն սիրով: 

Ինչպէս նաեւ սրբազան պապը կ'առաջարկէ առաքելական դիտաւորութիւնը, որպէսզի քարոզիչներու համաշխարհային օրուան տօնակատարութեան առիթով աւետարանացման յոյզը եւ առաքելութեան աշխատանքը Աստուծոյ ժողովուրդին մօտ զարգանայ աղօթքով եւ տնտեսական օժանդակութեամբ ամէնէ աղքատ եկեղեցիներուն հանդէպ: 

 


Առօրեայ Աւետարանը
Այբ Էջ | Բովանդակութիւն | Հասցէարան | Օգտակար Կապեր | Նամականի
Ներքին Պրպտում՝  Armenian Keyboard
Կարդացէ՛ք այս էջը հետեւեալ լեզուներով.-    
Վերարտադրութեան ամէն իրաւունք վերապահուած է Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ