Շաբաթ, 13 Յունիս 2009 - Բենեդիկտոս ԺԶ. կը հռչակէ «Քահանաներու Տարի»ն

 

 

Բենեդիկտոս ԺԶ. Սրբազան Քահանայապետը 19 Յունիս 2009էն մինչեւ Յունիս 2010 կը հռչակէ «Քահանաներու Տարի»: Այս տարին կը սկսի հանդիսաւոր արարողութեամբ Սիրտ Յիսուսի տօնին, եւ քահանայապետը բացումը կը կատարէ երեկոյեան ժամերգութեամբ:

Սուրբ Աթոռին պատգամաբերը կը յայտնէ թէ «քահանաները պէտք է գիտնան, որ Եկեղեցին կը սիրէ զիրենք, եւ հպարտ է իրենցմով, եւ ասոր համար է, որ Սրբազան Քահանայապետը կը հռչակէ այս տարին իրենց համար,  իրենց հետ աղօթելու եւ ապրելու անոնց ուրախութիւններն ու դժուարութիւնները»:

Հայ Կաթողիկէ Պատրիարքութեան կայքէջը «քահանաներու տարուան» համար կը տրամադրէ իր էջերը, որպէսզի ամէն քահանայ կամ աշխարհական հաւատացեալ քրիստոնեայ, որ կը փափաքի այս տարուան նիւթին շուրջ բան մը գրել, կարելի ըլլայ հոս արտատպել գրութիւնը կամ խորհրդածութիւնը եւ տրամադրելի դարձնել բոլոր մեր ընթերցողներուն եւ նաւարկողներուն:

 


Առօրեայ Աւետարանը
Այբ Էջ | Բովանդակութիւն | Հասցէարան | Օգտակար Կապեր | Նամականի
Ներքին Պրպտում՝  Armenian Keyboard
Կարդացէ՛ք այս էջը հետեւեալ լեզուներով.-    
Վերարտադրութեան ամէն իրաւունք վերապահուած է Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ