Չորեքշաբթի, 31 Հոկտեմբեր 2012 - «ԾԻՐԱՆԻ ԳՕՏԻ» ծրագիրը


Պէյրութ

Արուեստի դասընթացքներու եւ մարզական ժամանցի ծրագիր` Լիբանան ապաստանած սուրիահայ մանուկներու եւ երիտասարդներու համար:

Այսու կը յայտարարենք, որ Հայ կաթողիկէ պատրիարքարանի «Սուրբ Գրիգոր Նարեկացի» կեդրոնը Սուրիայէն պարտադրաբար Լիբանան ապաստանած ընտանիքներու մանուկներուն եւ երիտասարդներուն համար կը հաստատէ գեղարուեստի դասընթացքներու եւ մարզական ժամանցի «Ծիրանի գօտի» ծրագիրը` նպաստելու համար ծանօթ պատճառներով լարուածութեան մէջ գտնուող անոնց բարոյահոգեբանական վիճակի կազդուրման:
«Ծիրանի գօտի-»ն կ՛ընդգրկէ լեզուներու, լուսանկարչութեան եւ նկարչութեան դասընթացքներ, հեքիաթի պատումի ժամ եւ մարզական խաղեր:
Դասընթացքներն ու մարզական խաղերը  տեղի պիտի ունենան շաբաթ օրերը, ՀԿՄ-ի Էշրեֆիէի կեդրոնին մէջ: Անոնք ձրի են:

Արձանագրութեանց եւ յաւելեալ տեղեկութիւններու համար ծնողները կրնան դիմել Դպրոցական հայագիտութեան զարգացման գրասենեակ, հեռաձայն` 01 570 559, 70 857 427, առաւօտեան ժամը 9:30-էն մինչեւ կէսօրէ ետք ժամը 4:00:

Այս ծրագիրով սուրիահայ ընտանիքներուն եւ մանուկներուն կը մեկնենք աջակցութեան ձեռք, որուն կարիքը հիմա ունին անոնք: Այդպիսով կը յուսանք նաեւ հոգեւոր եւ ազգային պարտք մը կատարած ըլլալ` տագնապալի ժամանակներէ անցնող մեր հայրենակիցներուն նկատմամբ:

 Հայ կաթողիկէ պատրիարքարանի «Սուրբ Գրիգոր Նարեկացի» կեդրոն, Լիբանան:

 


Առօրեայ Աւետարանը
Այբ Էջ | Բովանդակութիւն | Հասցէարան | Օգտակար Կապեր | Նամականի
Ներքին Պրպտում՝  Armenian Keyboard
Կարդացէ՛ք այս էջը հետեւեալ լեզուներով.-    
Վերարտադրութեան ամէն իրաւունք վերապահուած է Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ