Ուրբաթ, 12 Յուլիս 2013 - Պապը հոգեւորականներուն կը թելադրէ հրաժարիլ «վերջին մոտել» ինքնաշարժներէն

Վատիկան

Վերջերս տուած քարոզներէն մէկուն մէջ, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը քննադատած է թանկարժեք մեքենաներով շրջելու՝ հոգեւորականներու ձգտումը: Ան հոգեւորականներուն կոչ ըրած է աւելի խոնարհ ըլլալ եւ մտածել աշխարհի մէջ սովէն մահացող երեխաներու մասին:

Սրբազան Քահանայապետին կողմէ կատարուած այս նկատողութիւնը լայն արձագանգ գտած է Վատիկանեան եւ միջազգային լրատուամիջոցներուն մէջ, որոնք կը յիշեցնեն եկեղեցին աղքատներու օգնութեան վրայ կեդրոնացնելու մասին Պապին Բազմիցս արտայայտած ձգտումը:
Երիտասարդներու հետ հանդիպումի մը ընթացքին, ուր ներկայ էին ուսանողներ, հոգեւորականներ եւ տարբեր երկիրներու ներկայացուցիչ վանականներ, Սրբազան Քահանայապետը նշած է որ սմարթֆոնի կամ ժամանակակից նման իրերու առկայութիւնը երջանկանանալու ճանապարհ չէ:

«Ես կը ցաւիմ երբ տեսնեմ թէ ինչպէս հոգեւորականը կամ մայրապետը կ'երթեւեկեն վերջին մոտել ինքնաշարժով: Պէտք չէ այդպէս ընել: Ինքնաշարժը անհրաժեշտ է որպէսզի հնարաւոր ըլլայ գործել այլոց բարօրութեան համար, սակայն ինքնաշարժին ընտրութիւնը պէտք է աւելի համեստ ըլլայ: Եթէ դուք կը սիրէք իւրօրինակ ժամանակակից ինքնաշարժներ, ապա յիշեցէք թէ ամբողջ աշխարհի մէջ ինչքան երեխայ սովի մատնուած է», ըսած է Սրբազան Քահանայապետը:

 


Առօրեայ Աւետարանը
Այբ Էջ | Բովանդակութիւն | Հասցէարան | Օգտակար Կապեր | Նամականի
Ներքին Պրպտում՝  Armenian Keyboard
Կարդացէ՛ք այս էջը հետեւեալ լեզուներով.-    
Վերարտադրութեան ամէն իրաւունք վերապահուած է Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ