Երկուշաբթի, 20 Յունիս 2011 - Հայր Յովսէփ վրդ Թոփալեանի քահանայական առաքելութեան 40-ամեայ յոբելեանը

 

Պէյրութ

 

Ամենապատիւ  տէր Ներսէս Պետրոս ԺԹ. Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկէ հայոց կաթողիկոս պատրիարքի նախագահութեամբ՝ շաբաթ 18 յունիսի երեկոյեան ժամը 18.00-ին, Պէյրութի Մխիթարեան հայրերու վարժարանի եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ հայր Յովսէփ վրդ. Թոփալեանի քահանայական, դպրոցական եւ դաստիարակչական առաքելութեան 40-ամեակի յոբելեանի առթիւ հանդիսութիւն մը կազմակերպուած՝ «Հայր Յովսէփ վարդապետի բարեկամներ» յոբելենական յանձնախումբին կողմէն։ Հանդիսութեան սկիզբը, Ամենապատիւ հոգեւոր տէրը գերյարգելիութեան տուչութիւնը կատարեց  Յովսէփ վրդ. Թոփալեանին, որ ստացաւ լանջախաչ, մատանի եւ գաւազան:
Իր խօսքին մէջ
հոգեւոր տէրը, անդրադարձաւ Յովսէփ վրդ. Թոփալեանի ընտրած նուիրական ուղիին, Աւետարանի քարոզիչին եւ ի սպաս հայ ազգի զաւակներուն ու համայն մարդկութեան իր անձը զոհելու հանգամանքին: Ամենապատիւ հոգեւոր տէրը ըսաւ որ վարդապետը եղած է հնազանդութեան ու խոնարհութեան մարմնաւորումը, որուն աղբիւրը եղած է աստուածային շնորհքը: Ան շեշտեց, որ հայր Թոփալեան միշտ տուած է իրմէ ակնկալուածէն շատ աւելի, եղած է բարեպաշտ, ինչ որ իրեն 40-ամեայ ծառայութեան ուժ եւ կարողականութիւն տուած է: Պատրիարքը յատուկ կերպով շեշտը դրաւ աղքատին եւ կարօտեալին նկատմամբ հայր Յովսէփ Թոփալեանին ունեցած մարդասիրական մօտեցումին եւ գութին վրայ` հաստատելով, որ ան արժանի է գերյարգելիութեան կարգին:
Ապա ընթացք առաւ պաշտօնական հանդիսութիւնը
 Լիբանանի եւ Հայաստանի քայլերգներով: Բացման խօսք արտասանեցին հայերէնով եւ արաբերէնով՝ Մարալ Աթեշեան եւ Շանթ Ուլուճեան, որոնք լուսարձակի տակ առին Յովսէփ վրդ. Թոփալեանին նուիրական գործունէութիւնը։ Գեղարուեստական յայտագիրին իրենց մասնակցութիւնը բերին Անի Եփրեմեան` ասմունքով, Զաքար Քէշիշեան` մենանուագով, Հայ կաթողիկէ պատրիարքական «Կռունկ» երգչախումբը, ղեկավարութեամբ դոկտ. Եդուարդ Թորիկեանի:
Հանդիսութեան բանախօսն էր երեսփոխան Յակոբ Բագրատունին, որ իր խօսքին մէջ շեշտեց թէ՝ «Հայր Յովսէփ Թոփալեանի քառասնամեայ գործը՝ որպէս հիմ կը ճանչնայ խօսքը, գաղափարական մարդու խօսքը» ։
Ապա արաբերէնով հայր Յովսէփ վրդ. Թոփալեանի
ն մասին վկայութիւններ, յուշեր ու տպաւորութիւններ ներկայացուց Փոլա Եագուպեան: Ան հաստատեց որ վարդապետէն բոլոր աշակերտները սորված են ու կը սորվին սէր, խոնարհութիւն եւ ներողամտութիւն. հակառակ անոր որ իր դպրոց յաճախած տարիներուն երկիրը քաղաքացիական պատերազմի մէջ էր, բայց եւ այնպէս վարդապետը կը շարունակէր «ներող ըլլալ» քարոզել իր աշակերտներուն:
Այս առթիւ ցուցադրուեցաւ յոբելեարին կեանքն ու գործունէութիւնը ներկայացնող տեսաերիզ մը
պատրաստուած Սուրբ Գրիգոր Նարեկացի կեդրոնին կողմէն որպէս գնահատանք դաստիարակ հայր Յովսէփին. տեսաերիզը պատրաստած էր Վարդան Թաշճեան: Ապա Հազմիէի քաղաքապետ Ժան Ասմար Հազմիէ քաղաքին բանալին յանձնեց անոր։
Ժոզեֆ եւ Կլատիս Թոփալեաններ
սկիհ մը նուիրեցին հայր Յովսէփին, եւ Մխիթարեան վարժարանին կողմէ յուշանուէր մը յանձնուեցաւ յոբելեարին: Ապա ընթերցուեցան Մխիթարեան միաբանութեան ընդհանուր աբբայահայր Եղիա ծ. վ. Քիլաղպեանի մաղթանքի գիրը եւ Ամենապատիւ տէր Ներսէս Պետրոս ԺԹ. կաթողիկոս պատրիարքի հայրապետական կոնդակը:
Այնուհետեւ կնքուեցաւ Յովսէփ վրդ. Թոփալեանի «
Դու, ո՜վ բարեկամ» նորատիպը:
Հանդիսութեան աւարտին հայերէնով եւ արաբերէնով արտասանած խօսքին մէջ Յովսէփ ծ. վ. Թոփալեան շնորհակալութիւն յայտնեց Աստուծոյ, պատիւ եւ սէր ներկայացուց Աստուածամօր, որ զինք որդեգրեց եւ առաջնորդեց, շնորհակալութիւն յայտնեց Ամենապատիւ հոգեւոր տիրոջ, ապա յիշեց իր ծնողները, որոնք զինք ընծայեցին Տիրոջ ու յատուկ շնորհակալութիւն յայտնեց նաեւ՝ յոբելինական հանդիսութիւնը կազմակերպողներուն ու մասնակցողներուն:  

 

 

 


Առօրեայ Աւետարանը
Այբ Էջ | Բովանդակութիւն | Հասցէարան | Օգտակար Կապեր | Նամականի
Ներքին Պրպտում՝  Armenian Keyboard
Կարդացէ՛ք այս էջը հետեւեալ լեզուներով.-    
Վերարտադրութեան ամէն իրաւունք վերապահուած է Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ