Երեքշաբթի, 17 Յուլիս 2012 - Հանդիպում՝ Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց կաթողիկոսին եւ կարդինալ Լէոնարտօ Սանտրիին միջեւ


Էջմիածին

Երկուշաբթի, 16 յուլիս 2012-ին, Սուրբ Էջմիածնի մէջ, Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը ընդունեց Վատիկանի Արեւելեան Եկեղեցիներու Ժողովի նախագահ կարդինալ Լէոնարտօ Սանտրին` ուղեկցութեամբ Հայաստանի եւ Վրաստանի մէջ առաքելական նուիրակ Մարեկ արքեպիսկոպոս Սօլչինսքիի եւ Հայաստանի, Վրաստանի ու Արեւելեան Եւրոպայի մէջ Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ առաջնորդ արհի. հայր Ռաֆայէլ արքեպիսկոպոս Մինասեանի եւ մեծ թիւով եկեղեցականներու։

Հանդիպման ընթացքին Վեհափառ Հայրապետը ուրախութեամբ ողջունեց կարդինալին այցը Հայաստան եւ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածին` արձանագրելով, որ հայ առաքելական եւ Հռոմի կաթողիկէ Եկեղեցիներու պատմականօրէն նուիրագործուած յարաբերութիւնները կը ներկայանան առանձնակի ջերմութեամբ:
 
Վեհափառը գոհունակութեամբ ընդգծած է Էջմիածնի եւ Վատիկանի միջեւ կրթական եւ հասարակական ոլորտներուն մէջ առկայ արդիւնաւէտ համագործակցութեան կարեւորութիւնը:
 
Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը վերյիշեց իր հանդիպումները Յովհաննէս Պօղոս Բ. երջանկայիշատակ պապի եւ Հռոմի Բենեդիկտոս ԺԶ. սրբազան քահանայապետին հետ: Ապա, անդրադառնալով նաեւ կարդինալ Սանտրիի հետ ունեցած հանդիպումներուն, վեհափառը բարձր գնահատեց վերջինիս առանձնայատուկ վերաբերմունքը հայ ժողովուրդի եւ Հայոց Եկեղեցւոյ հանդէպ:
 
Խօսելով քոյր Եկեղեցիներու հետ յարաբերութիւններու եւ համագործակցութեան մասին` Հայրապետը մասնաւորապէս ընդգծեց, որ Քրիստոսի Եկեղեցին պէտք է սիրոյ միութեան մէջ ըլլայ` պատմական զարգացումներու իբրեւ արդիւնք ձեւաւորուած արժէքային համակարգերու լիարժէք, անխաթար պահպանութեամբ, որ պիտի նպաստէ քրիստոնէական առաքելութեան յաջող իրագործման:
 
Հանդիպման առիթով Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը կարդինալ Սանտրիի միջոցով եղբայրական իր սէրն եւ ողջոյնները փոխանցած է Հռոմի Սրբազան Քահանայապետին:
 
Իր հերթին, կարդինալ Սանտրի եւս ուրախութիւն յայտնեց հանդիպման առիթով եւ անդրադարձաւ Հայ առաքելական Եկեղեցւոյ հետ Հռոմի կաթողիկէ Եկեղեցւոյ եղբայրական յարաբերութիւններուն` յոյս յայտնելով, որ անոնք աւելի պիտի սերտանան ու զօրանան: Վատիկանի Արեւելեան Եկեղեցիներու Ժողովի նախագահը Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսին փոխանցեց նաեւ Բենեդիկտոս ԺԶ. Սրբազան Քահանայապետին ջերմ ողջոյնները:
 
Հանդիպումէն ետք Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը եւ կարդինալ Լէոնարտօ Սանտրին այցելեցին Էջմիածնին Մայր Տաճար, եւ աղօթեցին Իջման սուրբ Սեղանին առջեւ:


Առօրեայ Աւետարանը
Այբ Էջ | Բովանդակութիւն | Հասցէարան | Օգտակար Կապեր | Նամականի
Ներքին Պրպտում՝  Armenian Keyboard
Կարդացէ՛ք այս էջը հետեւեալ լեզուներով.-    
Վերարտադրութեան ամէն իրաւունք վերապահուած է Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ