Չորեքշաբթի, 7 Մարտ 2007 - Այցելելէ ետք Հռոմ, Ամեն. Ներսէս Պետրոս ԺԹ. Վերադարձաւ Լիբանան

Ամենապատիւ Տէր Ներսէս Պետրոս ԺԹ. Կաթողիկոս Պատրիարք Տանն Կիլկիոյ Կաթողիկէ Հայոց մեկնած էր Հռոմ, 26 Փետրուար 2007-ին, ուղեկցութեամբ Օգնական Եպիսկոպոս Պէյրութի Պատրիարքական Թեմի, Արհի. Հայր  Յովհաննէս Եպիսկոպոս Թէյրուզեանին եւ Տէր Կարապետ Թադէոսեանին, փոխ- ժողովրդապետ Ս.Փրկիչ Եկեղեցւոյ:

Հոգեւոր Տէրը Իր այցելութեան առաջին օրը մասնակցեցաւ Մնայուն Սիւնհոդոսի հերթական ժողովին, ներկայութեամբ բոլոր անդամ եպիսկոպոսներուն:
Յաջորդող օրերուն, Հոգեւոր Տէրը մասնակցեցաւ Լեւոնեան Վարժարանի Մատակարարական Յանձնախումբի տարեկան ժողովին: Լեւոնեան Վարժարանը, որ 1882-էն ի վեր կը պատրաստէ քահանաներ եւ անսայթաք կերպով իր դռները բաց պահեց երկու աշխարհամարտերու ընթացքին,  այսօր ունի 9 նորընծայ:

Այս առնչութեամբ Հոգեւոր Տէրը հանդիպում մը ունեցաւ Հռոմի քաղաքապետ՝ Վալթէր Վելթրոնիի հետ:

Փետրուար 28-ի առաւօտուն, Ամենապատիւ Տէրը մասնակցեցաւ Սուրբ Վլասի Մատակարարական Յանձնախումբի ժողովին, իսկ Մարտ 3-ին Ան կատարեց Հայ Կաթողիկէ Պատրիարքարանի Մատակարարական Յանձնախումբի ժողով:

Յառաջիկայ օրերուն Հոգեւոր Տէրը հանդիպեցաւ զանազան վատիկանեան ժողովներու նախագահներուն հետ, ինչպէս Քրիստոնեաներու Միութեան Նախագահ՝ Կարդինալ Վալթէր Քասբէրի, Արեւելեան Եկեղեցիներու Ժողովի Նախագահ՝ Կարդինալ Մուսա Տաուտի, Վատիկանի Կառավարութեան Վարչապետ՝ Թարչիզո Պէրթօնի եւ Կարդինալ Աթիլիո Նիքորայի հետ:

Ամենապաիւ Հոգեւոր Տէր Ներսէս Պետրոս ԺԹ., վերադարձաւ Իր նստավայրը՝ Լիբանան, Չորեքշաբթի 7 Մարտ 2007-ի երեկոյեան:

Առօրեայ Աւետարանը
Այբ Էջ | Բովանդակութիւն | Հասցէարան | Օգտակար Կապեր | Նամականի
Ներքին Պրպտում՝  Armenian Keyboard
Կարդացէ՛ք այս էջը հետեւեալ լեզուներով.-    
Վերարտադրութեան ամէն իրաւունք վերապահուած է Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ