Երեքշաբթի, 29 Մայիս 2012 - «Ալիս Ներկիզեան» մանկամսուրի եզրափակիչ հանդիսութիւնը եւ վկայականներու բաշխում


Պէյրութ


Շաբաթ, 26 մայիս 2012-ին, երեկոյեան ժամը 6:30-ին, հայ կաթողիկէ Մեսրոպեան բարձրագոյն վարժարանի բակին մէջ տեղի ունեցաւ «Ալիս Ներկիզեան» մանկամսուրի եզրափակիչ հանդիսութիւնը եւ վկայականներու բաշխումը, ներկայութեամբ Լիբանանի հայ կաթողիկէ վարժարաններու նախագահ արհիապատիւ հայր Յովհաննէս եպս. Թէյրուզեանի, հոգեւոր հայրերու, կրթական պատասխանատուներու, ուսուցիչներու, ծնողներու եւ բարեկամներու:
Յայտնենք, որ ձեռնարկի հանդիսավարն էր տիկին Հուրի Էմմիեան, որ տպաւորիչ ընդմիջումներով ստեղծեց մեծ խանդավառութիւն:
Լիբանանի, Հայաստանի եւ Մեսրոպեան վարժարանի քայլերգները լսելէ ետք, խօսք առաւ «Ա. Ներկիզեան» մանկամսուրի տնօրէն տիկին Սալբի Մուղալեան յոյս յայտնեց, որ մանկամսուրի երեխաները ամէնուրէք ապրին իրենց մանկութիւնը` իր բոլոր դրական պայմաններով եւ ուրախ մթնոլորտով: Մուղալեան ըսաւ. «Մեր երեխաները շատ փոքր են, իրենց ստացած այսօրուան վկայականն ալ երբեք մեծ չէ, գուցէ նաեւ վաղը չյիշուի: Հակառակ այս բոլորին, դուք լաւապէս պէտք է գիտնաք, որ այս մանկամսուրի վկայականը իրենց արմատներու ամրապնդումն է: Անոնք այսօր արդէն ունին ամուր եւ վստահելի արմատներ»:
Մանկամսուրի տնօրէնը հաստատեց, որ մանկամսուրի իւրաքանչիւր աշխատակից հպարտ է մանկամսուրով եւ դպրոցով, որովհետեւ այդտեղ կ՚իրականանայ նուիրական աշխատանք: Իր խօսքի աւարտին, Սալբի Մուղալեան շնորհակալութիւն յայտնեց Մեսրոպեան վարժարանի տնօրէնին, ուսուցիչներուն եւ բոլոր պաշտօնեաներուն, որոնք հաւաքաբար կը կատարեն իրենց վստահուած առաքելութիւնը:
Ապա «Ալիս Ներկիզեան» մանկամսուրի աշակերտները ներկայացուցին կոկիկ գեղարուեստական յայտագիր մը, որուն ընթացքին մանկամսուրի «Կանաչ», «Կապոյտ», «Դեղին» եւ «Կարմիր» դասարաններու երեխաները «շրջագայեցան երկրէ-երկիր»` ծանօթացնելով իւրաքանչիւրին պարն ու երգը: Ֆրանսական, ափրիկեան, պրազիլեան, փորթուկալեան, հնդկական եւ արաբական պարեր ու երգեր ներկայացնելէ ետք, «կանգ առին հայրենի հողին վրայ» եւ պարեցին «Իմ անունը Հայաստան է» երգը:
Գեղարուեստական յայտագիրին յաջորդեց հայ կաթողիկէ Մեսրոպեան բարձրագոյն վարժարանի տնօրէն պրն. Կրէկուար Գալուստին խօսքը, որ շեշտեց, թէ մանկամսուրը երեխաներու կազմաւորման առաջին քայլն է, որուն շարունակութիւնը անպայման պէտք է ըլլայ հայկական վարժարանի մէջ, որպէսզի «Ալիս Ներկիզեան»ի դաստիարակութիւնը, ազգային եւ հոգեւոր շունչը շարունակուի մինչեւ կազմաւորման վերջին հանգրուանը: Պրն. Գալուստ շեշտեց, թէ հայ դպրոցը հայապահպաման ամուր կռուան է, եւ Մեսրոպեան վարժարանը իր բոլոր կարելիութիւնները ի գործ պիտի դնէ մնայուն կերպով զարգացման եւ բարեկարգման ենթարկուելու համար:
Պրն. Կրէկուար գալուստ յատուկ շնորհակալութիւն յայտնեց տիկին Ալիս Ներկիզեանին եւ իր որդւոյն` պրն. Վարուժ Ներկիզեանին, որոնք մնայուն կերպով նեցուկ կը կանգնին վարժարանին` բարոյապէս եւ նիւթապէս:
Ապա իր հայրական պատգամը փոխանցեց Լիբանանի հայ կաթողիկէ վարժարաններու նախագահ արհիապատիւ հայր Յովհաննէս եպս. Թէյրուզեան, որ նշեց, թէ մանկամսուրի աշակերտները ապագայ ծիլերն են, որոնք պիտի աճին եւ իրենց նպաստը պիտի բերեն լիբանանահայ ընեկրութեան: Եպս. Թէյրուզեան ըսաւ, որ մանկամսուրը անհատի կազմաւորման առաջին հանգրուանն է, եւ այս առնչութեամբ «Ալիս Ներկիզեան» մանկամսուրը ունի համապատասխան բոլոր տուեալները փոխանցելու կրթութիւն, ապահովութիւն եւ գուրգուրանք:
Հանդիսութեան աւարտին,  տեղի ունեցաւ տեսաերիզի ցուցադրութիւն, որուն մէջ ասմունքներու եւ երգերու ընկերակցութեամբ ներկայացուցած էին մանկամսուրի աշակերտները իրենց ծնողներուն հետ` մայրերու տօնին առիթով: Տեսաերիզին յաջորդեց Արհիապատիւ Հայր Յովհաննէս Եպս. Թէյրուզեանի եւ  «Ալիս Ներկիզեան» մանկամսուրի տնօրէն Սալբի Մուղալեանի ձեռամբ մանկամսուրի 73 շրջանաւարտներու վկայականներու բաշխման արարողութիւնը:

ՏԵՂԵԿԱՏՈՒԱԿԱՆ ԳՐԱՍԵՆԵԱԿ
ՀԱՅ ԿԱԹՈՂԻԿԷ ՄԵՍՐՈՊԵԱՆ
ԲԱՐՁՐԱԳՈՅՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ

 


Առօրեայ Աւետարանը
Այբ Էջ | Բովանդակութիւն | Հասցէարան | Օգտակար Կապեր | Նամականի
Ներքին Պրպտում՝  Armenian Keyboard
Կարդացէ՛ք այս էջը հետեւեալ լեզուներով.-    
Վերարտադրութեան ամէն իրաւունք վերապահուած է Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ