Ուրբաթ, 31 Հոկտեմբեր 2014 - Պերճ Թուրսարգիսեան ոչ եւս է

 

Պէյրութ

Պետական երեսփոխան Մեթր Սերժ Թուրսարգիսեանի հօր՝ Պերճ Թորոս Թուրսարգիսեանի (մահացած 19 հոկտեմբեր 2014-ին) յուղարկաւորութեան արարողութիւնը տեղի ունեցաւ չորեքշաբթի, 22 հոկտեմբեր 2014-ին, կէսօրէ ետք ժամը 3:00-ին, Հայ կաթողիկէ Սուրբ Եղիա Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ աթոռանիստ եկեղեցւոյ մէջ, Տըպպաս հրապարակ, ուրկէ հանգուցեալին մարմինը փոխդրուեցաւ Հայ կաթողիկէ գերեզմանատունը, Թահուիթա: Հանգուցեալի հարազատները ցաւակցութիւններ ընդունեցին թաղումէն առաջ եւ ետք, եկեղեցւոյ սրահին մէջ, կէսօրէ առաջ ժամը 11։00-էն մինչեւ երեկոյեան ժամը 7։00, ինչպէս նաեւ յաջորդող Հինգշաբթին՝ նոյն ժամերուն։

Կայքիս տնօրէնութիւնը եւ անձնակազմը իր ցաւակցութիւնները կը յայտնէ հանգուցեալին պարագաներուն:


Առօրեայ Աւետարանը
Այբ Էջ | Բովանդակութիւն | Հասցէարան | Օգտակար Կապեր | Նամականի
Ներքին Պրպտում՝  Armenian Keyboard
Կարդացէ՛ք այս էջը հետեւեալ լեզուներով.-    
Վերարտադրութեան ամէն իրաւունք վերապահուած է Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ