Չորեքշաբթի, 3 Հոկտեմբեր 2012 - Վատիկանեան Տիեզերական Բ ժողովի մասնակցող Հայրերու արխիւներու շուրջ միջազգային գիտաժողով Հռոմի մէջ


Հռոմ

Վատիկանեան Տիեզերական Բ Ժողովի աշխատանքներու սկիզբի 50րդ տարեդարձին առթիւ Պատմական Գիտութեան Քահանայապետական յանձնախումբի նախաձեռնութեամբ եւ «Վատիկանեան Տիեզերական Ժողով» հետազօտական կեդրոնի ու լատերանեան համալասրանի համագործակցութեամբ, 3-5 հոկտեմբեր, տեղի կ’ունենայ Միջազգային Գիտաժողով մը որուն խորագիրն է «Վատիկանեան Տիեզերական Բ ժողովը Տիեզերական Ժողովի մասնակցող Հայրերու արխիւներու լոյսին տակ»։
Գիտաժողովի ներկայացումը կատարուեցաւ երէկ՝ երեքշաբթի 2 հոկտեմբեր 2012-ին առաւօտեան ժամը 10.30 Սուրբ Աթոռի Մամլոյ գրասենաեկի ՅՊԲ անուան սրահին մէջ։ Այս առթիւ ելոյթ ունեցան Պատմական Գիտութեան Քահանայապետական յանձնախումբի նախագահը` հայր Պէրնարտ Արտուրա, եւ փրօֆ ֆիլիփ Շէնօ «Վատիկանեան Տիեզերական Ժողով» հետազօտական կեդրոնի տնօրէն։

Չորեքշաբթի 3 հոկտեմբերի յետ միջօրէին, գիտաժողովի բացումը կը կատարէ Միալնոյի Արքեպիսկոպոս`կարդինալ Անճէլօ Սքոլան որմէ ետք նախատեսուած են ուսումանսիրական զանազան ելոյթներ որոնք պիտի շօշափեն վատիկանեան տիեզերական Բ Ժողովի հետ կապուած զանազան նիւթեր։ Պիտի պատկերասփրուին նաեւ Վատիկանեան տիեզերական Բ ժողովի յայող նկարներ։ Գիտաժողովի երկրորդ օրուայ աշխատանքները յատկացուած են Եւրոպայի մինչ երորրդ օրուայ օրակարգը կը նախատեսէ աշխատանքներ կեդրոնացած ամերիկիոյ, ափրիկեան եւ ասիական ցամաքամասերու վրայ։
Գիտաժողովի փակումը տեղի կÿունենայ ուրբաթ 5 հոկտեմբերի երեկոյեան, փրոֆ. ֆիլիփ Շէնօյի զեկոյցով։

http://hy.radiovaticana.va/Articolo.asp?c=626232


Առօրեայ Աւետարանը
Այբ Էջ | Բովանդակութիւն | Հասցէարան | Օգտակար Կապեր | Նամականի
Ներքին Պրպտում՝  Armenian Keyboard
Կարդացէ՛ք այս էջը հետեւեալ լեզուներով.-    
Վերարտադրութեան ամէն իրաւունք վերապահուած է Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ