Կիրակի, 9 Հոկտեմբեր 2011 - Հայր Յովսէփ ԹԾՎ Քէլէկեան նոր էկզարք Երուսաղէմի եւ Յորդանանի կաթողիկէ հայոց

 

Պէյրութ

 

 

Կիրակի 9 հոկտեմբեր 2011, առաւօտեան ժամը 10,30-ին Պատրիարքարանի սրբոյ կուսին Աւետման եկեղեցւոյ մէջ, Ամենապատիւ Տէր Ներսէս Պէտրոս ԺԹ. Կաթողիկոս Պատրիարքը հայրապետական սուրբ պատարագին ընթացքին թագադիր ծայրագոյն վարդապետ յայտարարեց հայր Յովսէփ վարդապետ Քէլէկեանը, տալով անոր եպիսկոպոսական թագ եւ գաւազան:

Ամենապատիւ Հոգեւոր Տէրը իր խօսքին մէջ յիշեց հայր Յովսէփին կատարած առաքելութիւնները եւ անոր ազնիւ ծառայութեան հոգին, մինչեւ անոր վերջին առաքելութիւնը՝ Հայաստանի մէջ: Հոգեւոր Տէրը նկատեց վերաւետարանացման  անհրաժեշտութիւնը այսօրուան աշխարհին մէջ, մանաւանդ կաթողիկէ եկեղեցւոյ յանձն առած պատասխանատուութիւնը եւ 2012-ի սիւնհոդոսը: Ան յաջողութիւն մաղթեց հայր Յովսէփին իր նոր առաքելութեան մէջ:

Յիշենք, որ հայր Յովսէփ թագադիր ծայրագոյն վարդապետ Քէլէկեան որպէս Էկզարխոս Երուսաղէմի եւ Յորդանանի, պիտի մասնակցի Հայ կաթողիկէ սիւնհոդոսին, որ պիտի գումարուի Զմմառու մէջ,  յառաջիկայ օրերուն 11-21 հոկտեմբերին:

Սրտագին շնորհաւորհութիւններ եւ գործակցութեան լաւագոյն մաղթանքներ սիրելի հայր Յովսէփին, կայքէջիս տնօրէնութեան կողմէն:  


Առօրեայ Աւետարանը
Այբ Էջ | Բովանդակութիւն | Հասցէարան | Օգտակար Կապեր | Նամականի
Ներքին Պրպտում՝  Armenian Keyboard
Կարդացէ՛ք այս էջը հետեւեալ լեզուներով.-    
Վերարտադրութեան ամէն իրաւունք վերապահուած է Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ