Չորեքշաբթի, 5 Յուլիս 2006 - Հաղորդագրութիւն - Ամենապատիւ Տէր Ներսէս Պետրոս ԺԹ. 7 Յուլիսին կը մեկնի Հայաստան եւ Արցախ

ՀԱՂՈՐԴԱԳՐՈՒԹԻՒՆ

ԱՄԵՆԱՊԱՏԻՒ Տ. ՆԵՐՍԷՍ ՊԵՏՐՈՍ ԺԹ. ԿԸ ՄԵԿՆԻ ՀԱՅԱՍՏԱՆ ԵՒ ԱՐՑԱԽ


Ամենապատիւ եւ Գերերջանիկ Տէր Ներսէս Պետրոս ԺԹ. Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց Կաթողիկոս Պատրիարքը 7 Յուլիս 2006, Ուրբաթ օրը կը մեկնի Հայաստան եւ Արցախ, ընկերակցութեամբ բազմանդամ պատուիրակութեան մը:

Ամենապատիւ Հոգեւոր Տէրը Հայաստանի մէջ հանդիպումներ պիտի ունենայ Նախագահ Ռոպերթ Քոչարեանին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսին, Երեւանի Քաղաքապետին, Հայաստանի Հանրապետութեան մօտ Լիբանանի դեսպանին հետ, ինչպէս նաեւ պիտի այցելէ Կաթողիկէ հաստատութիւնները ի Կիւմրի, Գանաքէռ, Աշոցք, Տաշիր, Սպիտակ Ծաղկաձոր եւ Մեծավան:

Արցախի մէջ, Հոգեւոր Տէրը պիտի նախագահէ Շուշիի պատմա-մշակութային ժառանգութեան հետազօտութեան առաջին արդիւնքներուն նուիրուած գիտաժողովի եւ ցուցահանդէսի հանդիսաւոր բացման արարողութեան Արցախի Պետական Համալսարանի Հայագիտական Կեդրոնին մէջ, ինչպէս նաեւ Ռոպէր Պօղոսեան եւ Որդիք անուան Շուշիի Թանգարանի հիմնարկէքին: Ապա, Ան պիտի այցելէ Գանձասար եւ ԼՂՀ նախա•ահ Արկադի Ղուկասեանի,Պաշտպանութեան նախարար Սէյրան Օհանեանի, Պարգեւ Սրբազան Մարտիրոսեանի, Շուշիի ղեկավար Վլադիմիր Կասեանի եւ Քաղաքապետ ֆելիքս Յակոբեանի եւ այլ պաշտօնական անձնաւորութեանց հետ՝ ԼՂՀ Պաշտպանութեան Բանակի զօրամաս: Կիրակի, Ամեն. Հոգեւոր Տէրը Սուրբ եւ Անմահ Պատարագ պիտի մատուցանէ Ստեփանակերտի մէջ:

Ամենապատիւ Հոգեւոր Տէրը իր նստավայրը պիտի վերադառնայ Յուլիս 13-ին:



ԴԻՒԱՆ ՀԱՅ ԿԱԹՈՂԻԿԷ ՊԱՏՐԻԱՐՔՈՒԹԵԱՆ

Պէյրութ, 5 Յուլիս 2006

Առօրեայ Աւետարանը
Այբ Էջ | Բովանդակութիւն | Հասցէարան | Օգտակար Կապեր | Նամականի
Ներքին Պրպտում՝  Armenian Keyboard
Կարդացէ՛ք այս էջը հետեւեալ լեզուներով.-    
Վերարտադրութեան ամէն իրաւունք վերապահուած է Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ