Երկուշաբթի, 29 Յուլիս 2013 - Պապը Ռիոյէն մեկնելէ առաջ խնդրեց երիտասարդներէն չմոռնալ իրեն համար աղօթել

Պրազիլ

28-րդ «Երիտասարդութեան Համաշխարհային Օրերը» վերջ գտան կիրակի, 28 Յուլիս 2013-ին եւ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը Հռոմ վերադաձաւ ուշ գիշերին, խնդրելով ԵՀՕ.ի մասնակիցներէն որ «չմոռնան իրեն համար աղօթել»: Այս խօսքերով է որ Պապը աւարտեց մէկ շաթուան ճամբորդութիւնը Պրազիլ, «անմոռանալի» որակելով այս շաբաթը:

Սրբազան Քահանայապետին հրաժեշտի ճառը դրոշմուած էր կարօտով եւ երախտագիտութեամբ: «Բազմաթիւ երիտասարդներ եկան որպէս աշակերտներ եւ պիտի վերադառնան որպէս առաքեալներ» ըսաւ ան հրաւիրելով զանոնք ծաղկեցնելու սիրոյ քաղաքակրթութիւնը, իրենց կեանքի օրինակով ցոյց տալու որ կ'արժէ յոգնիլ մեծ իտէալներու համար, արժեւորելու մարդու արժանապատուութիւնը, գրաւ դնելու Քրիստոսի եւ անոր Աւետարանին վրայ եւ Բարի Լուրը աւետելու մեծ քաղաքներուն եւ փոքր կեդրոններուն ու գիւղերուն մէջ եւ մեր ընդարձակ աշխարհին որեւէ մէկ տեղը:

«Պիտի շարունակեմ հսկայական յոյս մը սնուցանել Պրազիլի եւ համայն աշխարհի երիտասարդներուն հանդէպ: Անոնց համար, Քրիստոս կը պատրաստէ նոր գարուն մը՝ ամենուրեք աշխարհի մէջ» ըսաւ Պապը, որ յաճախ անձրեւի տակ անգամ չդադրեցաւ ժպտելէ, ձեռքեր սեղմելէ, մանուկներ օրհնելէ, զինք շրջապատող մարդիկը լսելէ, մինչեւ իսկ պահ մը կանգ առնելէ խմելու համար մասնակցի մը կողմէ իրեն հրամցուած արժանթինեան ըմպելի մը: 


Երեք միլիոն հաւատացեալներ ներկայ եղան ԵՀՕ եզրափակիչ սբ. Պատարագին

Նուազագոյնը երեք միլիոն երիտասարդներ, Ռիօ տը ժանեյրոյի հռչակաւոր Գոբաքապանա ծովափին վրայ, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետին հետ աղօթեցին յընթացս Երիտասարդութեան Համաշխարհային Օրերը եզրափակող սբ. Պատարագին՝ զոր Պապը մատուցանեց կիրակի, 28 Յուլիս 2013, առաւօտեան ժամը 10-ին, ի ներկայութեան Պրազիլիոյ նախագահուհի Տիլմա Ռուսէֆի, մերձակայ պետութիւններու ղեկավարներուն, Արժանթինի նախագահուհի Գրիսդինա Քիրշների եւ Պոլիվիոյ նախագահ Էւօ Մորալէսի:

Իր քարոզին մէջ, Սրբազան Քահանայապետը կոչ ըրաւ աշխարհի չորս կողմերէն եկած երիտասարդներուն դառնալու առաքեալներ:
«Տանիլ Աւետարանը կը նշանակէ տանիլ Աստուծոյ ուժը՝ քանդելու համար չարիքն ու բրտութիւնը, քանդելու համար եսասիրութեան, անհանդուրժողութեան եւ ատելութեան պատնէշները, եւ կառուցանելու համար նոր աշխարհ մը» յարեց Պապը, որ յիշեցնելով ԵՀՕ.ի «գացէք եւ աշակերտեցէք բոլոր ազգերը» կարգախօսը, ըսաւ. «Յիսուս, այսօր եւս, ձեզմէ ամէն մէկուն կ'ուղղէ նոյն պատուէրը։ Շատ հաճելի եղաւ երիտասարդութեան համաշխարհային օրուայ մասնակցիլ ու տարբեր վայրերէ ուրիշ երիտասարդներու հետ միասին ապրիլ հաւատքը, սակայն այժմ դուն պիտի մեկնիս փոխանցելու համար այս փորձառութիւնը ուրիշներուն»։
Սրբազան Քահանայապետը ապա կեդրոնացաւ երեք բառերու վրայ «Գացէք, առանց վախի, ծառայելո՛ւ»։

«Այս օրերուն առիթը ունեցաք Յիսուսի հետ հանդիպման փորձառութիւնը ապրելու եւ զգացիք հաւատքի ուրախութիւնը։ Սակայն այս փորձառութիւնը սահմանափակ մնալու չէ, մանաւնդ որովհետեւ Յիսուս չըսաւ «եթէ ուզէք կամ եթէ ժամանակ ունիք», այլ ըսաւ «Գացէք եւ աշակերտեցէք բոլոր ազգերը»։ Հաւատքի փորձառութիւնը բաժնեկցիլը, հաւատքը վկայելը եւ Աւետարանը հռչակելը հրահանգն է ուղղուած համայն Եկեղեցւոյ ու քեզի։

Մի վախնար - ըսաւ Սրբազան Հայրը - երբ երթանք Քրիստոսը աւետելու, ինքն է որ մեր քայլերը կ'ուղղէ ու մեզի կ'ընկերակցի։ Ան իր աշակերտներուն ըսած էր «Ես ձեր հետն եմ ամէն օր»։ Յիսուս մեզ միայնակ չի թողուր։ Ձեզի կ'ընկերանայ։ Ան չըսաւ գնայ, այլ գացէ՛ք, որով Համայն Եկեղեցին կանչուած է այս առաքելութեան»։

Քարոզը եզրափակելով Սրբազան Քահանայապետը ըսաւ. «Թոյլ տալ որ ձեր կեանքը նմանի Յիսուսի կեանքին կը նշանակէ ապրիլ անոր զգացոմները, ունենալ անոր մտածումները եւ գործել Անոր նման։ Եւ Յիսուսի կեանքը ուրիշներու նուիրուած կեանք մըն է։ Ծառայութեան կեանք մը։ Յիսուսը հռչակելու համար Սուրբ Պօղոս դարձաւ բոլորին ծառայ»։

«Աւետարանել կը նշանակէ անձնապէս վկայել Աստուծոյ սէրը, գերազանցել անձնասիրութեան զգացումները եւ ծառայել ծունկի գալով ու լուալով մեր եղբայրներուն ոտքերը այնպէս ինչպէս ըրած էր մեր Տէրը Յիսուս»։

«Երեք բառեր ըսաւ Սրբազան Քահանայապետը. «Գացէք, առանց վախի, ծառայելու»։
«Քրիստոս ձեզի կը վստահի։ Եկեղեցին ձեզի կը վստահի։ Քահանայապետը ձեզի կը վստահի։ Թող Մարիամ` Յիսուսի ու մեր Մայրը ընկերանայ ձեզի իր գորովով «Գացէք եւ աշակերտեցէք բոլոր ազգերը»։

 


Առօրեայ Աւետարանը
Այբ Էջ | Բովանդակութիւն | Հասցէարան | Օգտակար Կապեր | Նամականի
Ներքին Պրպտում՝  Armenian Keyboard
Կարդացէ՛ք այս էջը հետեւեալ լեզուներով.-    
Վերարտադրութեան ամէն իրաւունք վերապահուած է Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ