Երկուշաբթի, 25 Նոյեմբեր 2013 - Հաւատքի Տարուան եզրափակիչ հանդիսաւոր սուրբ Պատարագ Վատիկանի մէջ
Վատիկան

Կիրակի, 24 նոյեմբեր 2013-ի առաւօտեան, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը նախագահեց Հաւատքի Տարուան եզրափակիչ հանդիսաւոր սուրբ Պատարագին, մասնակցութեամբ Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկէ հայոց ամենապատիւ Տէր Ներսէս Պետրոս ԺԹ. Կաթողիկոս Պատրիարքին Արեւելեան Եկեղեցիներու հոգեւոր պետերու կողքին եւ ներկայութեամբ Սուրբ Պետրոսի հրապարակին վրայ համախմբուած տասնեակ հազարաւոր ուխտաւորներու:

Այս առթիւ արտասանած քարոզին մէջ, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը  ընդգծեց Քրիստոսի կեդրոնական դերը ամբողջ ստեղծագործութեան, մարդկային պատմութեան եւ իւրաքանչիւր անհատի կեանքին մէջ: «Իրեն հետ կրնանք բաժնել մեր ուրախութիւններն ու յոյսերը, ինչպէս նաեւ մեր ցաւերն ու տառապանքները, որոնք մաս կը կազմեն մեր կեանքին» ըսաւ Ան, աւելցնելով որ  Աստուծոյ շնորհքը աւելի մեծ է քան աղօթքը, որուն միջոցաւ կը դիմենք Իրեն: «Տէրը միշտ մեր խնդրանքէն աւելին կը պարգեւէ: Իրեն կը դիմես որ քեզի յիշէ, եւ Ան քեզի կը շնորհէ Իր Արքայութիւնը» աւելցուց Սրբազան Հայրը:      

Պատարագի աւարտին, Սրբազան Պապը յանձնեց «Աւետարանի ուրախութիւնը» խորագրով Առաքելական Յորդորը, որ կ'ամփոփէ 2012-ի «Նոր Աւետարանում»ի սիւնհոդոսական աշխատանքները։

Առօրեայ Աւետարանը
Այբ Էջ | Բովանդակութիւն | Հասցէարան | Օգտակար Կապեր | Նամականի
Ներքին Պրպտում՝  Armenian Keyboard
Կարդացէ՛ք այս էջը հետեւեալ լեզուներով.-    
Վերարտադրութեան ամէն իրաւունք վերապահուած է Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ