Մոսկուա, Ռուսիա
Նախագահութեամբ Ռուսաստանի Լատին Եկեղեցւոյ Արքեպիսկոպոսի՝ Արհի. Տէր Պավլօ Պեցիի, 27 Ապրիլ 2008ին կէսօրէ ետք ժամը 3:30էն սկսեալ, Մոսկուայի Ս. Կուսին Անարատ Յղութեան մայր տաճարին մէջ, Ռուսաստանի Հայ Կաթողիկէ համայնքը յիշատակեց Հայոց Ցեղասպանութեան 93-րդ ամեակը:
Բացման խօսէն ետք, տեղի ունեցաւ Մեծ Եղեռնի մասին սահիկներու ցուցադրութիւն, որուն յաջորդեց գեղարուեստական յայտագիր մը մասնակցութեամբ Վարդանանք պարային խումբին, գերղարուեստական ղեկավարութեամբ Վարդան Թադէոսեանի: Ելենա Սիմոնեան հանդէս եկաւ ասմունքներով ընկերակցութեամբ տուտուկի հնչիւններուն:
Երանելի նահատակ Իգնատիոս Մալոեանի երգչախումբը, ղեկավարութեան Մարինէ Բաղնիքեանի կատարեց զանազան երգեր: Վլադիմիրից թատերական խումբը ներկայացուց Եղեռնի նուիրուած թատերական կտոր մը բեմադրութեամբ Աստղիկ Քարամեանի:
Օրուայ խորհուրդն ու պատգամը փոխանցեց Հայր Գէորգ Նորատունկեան:
Տէրունական աղօթքի երգեցողութեամբ վերջ գտաւ տպաւորիչ այս միջոցառումը.