Երեքշաբթի, 15 Յունուար 2013 - Սարկաւագի ձեռնադրութիւն Իրանի մէջ

Թէհրան

Հինգշաբթի 10 յունուար 2013-ի երեկոյեան ժամը 5-ին, Թէհրանի «Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորչի» նուիրուած հայ կաթողիկէ եկեղեցւոյ մէջ, Իրանի հայ կաթողիկէ թեմի առաջնորդ՝ արհիապատիւ հայր Նշան արք. Քարաքեհէեան, սարկաւագ ձեռնադրեց կիսասարկաւագ՝ Պեռնարտօ Տէ Նարտօ-ն, որ ստացաւ Տէր Սիմոն անունը։

Նախապէս երեքշաբթի օրը, գերապայծառը կիսասարկաւագի կարգը շնորհած էր ժառանգաւոր Պերնար Պեռնարտօ Տէ Նարտոյին։

Սարկաւագական ձեռնադրութեան արարողութիւնը տեղի ունեցաւ հանդիսաւոր կերպով, հայածէս ձայնաւոր սուրբ Պատարագի ընթացքին, որուն ներկայ էին, Իրանի մօտ Պապական նուիրակի ներկայացուցիչը, կաթողիկէ, առաքելական եւ աւետարանական Եկեղեցիներու հոգեւոր պետեր, առաջնորդներ, քահանաներ եւ սարկաւագներ (Լատին, Գաղտէացի եւ Հայ) կրօնաւորներ ու կրօնաւորուհիներ, հաստատութիւններու եւ կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներ եւ մեծ թիւով հաւատացեալներ։
Յաւարտ սուրբ Պատարագին եւ ձեռնադրութեան արարողութեան ներկաները իրենց շնորհաւորութիւնները եւ բարեմաղթութիւները յայտնեցին նորօծ սարկաւագին եւ առաջնորդին, ինչպէս նաեւ տեղի ունեցաւ կոկիկ հիւրասիրութիւն մը եկեղեցւոյ դահլիճին մէջ։

 


Առօրեայ Աւետարանը
Այբ Էջ | Բովանդակութիւն | Հասցէարան | Օգտակար Կապեր | Նամականի
Ներքին Պրպտում՝  Armenian Keyboard
Կարդացէ՛ք այս էջը հետեւեալ լեզուներով.-    
Վերարտադրութեան ամէն իրաւունք վերապահուած է Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ