Երկուշաբթի, 19 Նոյեմբեր 2007 - Իրանի Դեսպանը Այցելեց Հայ Կաթողիկէ Պատրիարքարան

 

Լիբանան

 
Երկուշաբթի 19 Նոյեմբեր 2007ին, հայ կաթողիկէ պատրիարքարանին մէջ Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց Տէր Ներսէս Պետրոս ԺԹ. Կաթողիկոս Պատրիարքը ընդունեց Լիբանանի մօտ
 
Իրանի դեսպանը՝ Մոհամմատ Րիտա Շիլպանի:  Կէս ժամ տեւած հանդիպումին ներկայ եղան Ս. Կուսին Աւետման եկեղեցւոյ ժողովրդապետ՝ հայր Վարդան Գազանճեան եւ Պրն. Կարօ Մարաշլեան:
Հանդիպումը առիթ մը եղաւ տեսակէտներու փոխանակման: Հոգեւոր Տէրը եւ դեսպանը շեշտեցին սահմանադրութեամբ ճշդուած ժամանակամիջոցին նախագահական ընտրութիւնը կատարելու եւ երկիրը անորոշ կացութենէն դուրս բերելու անհրաժեշտութիւնը:
Դեսպանը Հոգեւոր Տիրոջ յայտնեց թէ Իրան ամէն ջանք Ի գործ դրած է նախագահական ընտրութեան կայացման նպաստելու համար, մաղթելով Լիբանանի մէջ քաղաքական ղեկավարները համախոհութիւն գոյացնեն եւ ընտրեն նախագահ մը որ հաւասար հեռաւորութեան  վրայ գտնուի բոլոր կողմերուն նկատմամբ եւ Լիբանանեան գերագոյն շահերը վեր նկատէ բոլոր տեսակի կողմնակի շահերէն:
Հանդիպման աւարտին Հոգեւոր Տէրը շնորհակալութիւն յայտնեց դեսպանին իր այցելութեան համար, գնահատելով Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան թափած ջանքերը Լիբանանի նախագահական ընտրութեան առնչութեամբ:    


Առօրեայ Աւետարանը
Այբ Էջ | Բովանդակութիւն | Հասցէարան | Օգտակար Կապեր | Նամականի
Ներքին Պրպտում՝  Armenian Keyboard
Կարդացէ՛ք այս էջը հետեւեալ լեզուներով.-    
Վերարտադրութեան ամէն իրաւունք վերապահուած է Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ