Ուրբաթ, 9 Մայիս 2008 - Շնորհաւորագիր Զարթօնքի Խմբագրութեան

  

 Պէյրութ, 5 Մայիս 2008

Դիւան թիւ 150/08

Շ Ն Ո Ր Հ Ա Ւ Ո Ր Ա Գ Ի Ր

Պատուարժան Խմբա•րութիւն «ԶԱՐԹՕՆՔ»ի,

Ուրախութեամբ եւ գոհունակութեամբ կ’ողջունենք «Զարթօնք»ի վերհրատարակումը՝ շուրջ 14 ամիսներու ընդհատումէ մը ետք: 70ամեայ թերթի պատասխանատուներու այս ողջունելի նախաձեռնութեան մէջ կը տեսնենք մեր ազգային կեանքին յառաջընթացը խոչընդոտող տարաբնոյթ դժուարութիւնները յաղթահարելու եւ   լիբանանահայ գաղութի կենսունակութիւնը վառ պահելու հայկական կազմակերպութիւններու վճռակամութեան մէկ վկայութիւնը: Առանց Հայ Մամուլին՝ հնարաւոր չէ այդ յառաջընթացը, որովհետեւ Հայ Մամուլը  Հայ Եկեղեցի-Դպրոց-Միութիւն եռոտանի ազգային կառոյցը զօրացնող չորրորդ հիմնասիւնն է: Հայ Մամուլի իւրաքանչիւր օրկան ունի իր կարեւոր տեղն ու դերը մեր ազգային կեանքի բոլոր բնագաւառներէն ներս:
«Զարթօնք»ի անխափան երթի մեր մաղթանքին կը միացնենք Մեր աղօթքը առ Աստուած, որպէսզի պահէ, պահպանէ եւ զօրացնէ Հայ Մամուլին նուիրեալները:


Հայրական Օրհնութեամբ՝
Ներսէս Պետրոս ժԹ.
Կաթողիկոս Պատրիարք Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց

 

 


Առօրեայ Աւետարանը
Այբ Էջ | Բովանդակութիւն | Հասցէարան | Օգտակար Կապեր | Նամականի
Ներքին Պրպտում՝  Armenian Keyboard
Կարդացէ՛ք այս էջը հետեւեալ լեզուներով.-    
Վերարտադրութեան ամէն իրաւունք վերապահուած է Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ