Հինգշաբթի, 19 Յունուար 2012 - Գոյժ` Սարգիս Մուրատեանին


Պէյրութ

Կը տեղեկացնենք, թէ գերապայծառ Միքայէլ եպս. Մուրատեանին հայրը՝ Սարգիս Մուրատեան, ծնեալ՝ 1927-ին, մահացաւ երեքշաբթի, 17 յունուարին։ Թաղման արարողութիւնն ու յուղարկաւորութիւնը պիտի կատարուին շաբաթ 21 յունուար 2012-ին, Լիոն քաղաքին մէջ, ֆրանսա։ Իսկ կիրակի, 22 յունուարին, առաւօտեան ժամը 10.30-ին, սուրբ Պատարագ պիտի մատուցանէ եւ հոգեհանգստեան պաշտօն պիտի կատարէ հայր Վարդան վրդ. Գազանճեան  «Սրբոյ Կուսին Աւետման» եկեղեցւոյ մէջ Աշրաֆիէ (Պէյրութ), որմէ ետք հանգուցեալին պարագանները ցաւակցութիւնները պիտի ընդունին հայ կաթողիկէ պատրիարքարանին դահլիճին մէջ։  


Առօրեայ Աւետարանը
Այբ Էջ | Բովանդակութիւն | Հասցէարան | Օգտակար Կապեր | Նամականի
Ներքին Պրպտում՝  Armenian Keyboard
Կարդացէ՛ք այս էջը հետեւեալ լեզուներով.-    
Վերարտադրութեան ամէն իրաւունք վերապահուած է Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ