Ուրբաթ, 3 Օգոստոս 2007 - Հայր Սահակ Վրդ. Քէշիշեանի Յիշատակի Ոգեկոչում եւ Խաչքարի Քողազերծում

 
 
Պէյրութ, Լիբանան
 

Նախագահութեամբ Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց Ներսէս Պետրոս ԺԹ.Կաթողիկոս  Պատրիարքի՝ եւ կազմակերպութեամբ Հայ Կաթողիկէ «Ս. Աւետում» ժողովրդապետութեան,
 
Կիրակի, 29 Յուլիս 2007ին երեկոյեան ժամը 7:00ին, Հայ Կաթողիկէ պատրիարքարանի «Արարատեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ հայր Սահակ վրդ. Քէշիշեանի մահուան 2-րդ տարելիցին նուիրուած ոգեկոչում՝ ներկայութեամբ հոգեւորականներու, քաղաքական գործիչներու, միութիւններու ու կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներու եւ վախճանեալ վարդապետին յիշատակը յարգող հոծ բազմութեան մը:

Լիբանանի եւ Հայաստանի քայլերգները լսելէ ետք ձեռնարկին բացման խօսքը արտասանեց Րաֆֆի Յովհաննէսեան, որ ըսաւ, թէ Սահակ վրդ. Քէշիշեանը իր խօսքերով ու աշխատանքով կրցած է իր շուրջը համախմբել հայ ժողովուրդի բոլոր խաւերը: Ան յայտնեց, թէ Սահակ վրդ. Քէշիշեան իր բազմատեսակ ծառայութիւններու կողքին նաեւ յատկանշուած էր իր համեստութեամբ ու նուիրուածութեամբ:

Բացման խօսքէն ետք դաշնակի վրայ Թամար Գասապեան նուագեց «Վաղարշապատի պարը», որմէ ետք Անի Եփրեմեան արտասանեց Դանիէլ Վարուժանի «Դաստիարակ»ը:
 


Ապա Միհրան եւ Դալար Այնէճեանները ներկայացուցին «Մարտիկին երգ» եւ «Երեւան դարձած իմ Էրեբունի» երգերը:

Օրուան բանախօսն էր տոքթ. Արա Ասատուր Անանեան, որ հաստատեց, թէ մարդիկ կան, որոնց էութիւնը կարելի է մէկ բառով
 
 
բացատրել, բայց հայր Սահակ վրդ. Քէշիշեանը մէկ բառով բնորոշելը անկարելի է: Անանեան նշեց, որ հայր Սահակ ունէր մտքի եւ իմացական բացառիկ կարողականութիւն՝ աւելցնելով, թէ Սահակ վրդ. Քէշիշեանի՝ թարգմանչական աշխատանքով զբաղելու նպատակը հայ ժողովուրդին ունեցած գանձերուն որակը օտարներուն ծանօթացնելն էր ու նաեւ ապահովել հայ ազգին արդար տեղը ազգերուն մեծ ընտանիքին մէջ: Բանախօսը նաեւ անդրադարձաւ «անձնուէր կրօնաւոր»ին գործունէութեան ու նկարագրային յատկանիշներուն: Իր խօսքի աւարտին տոքթ. Արա Ասատուր Անանեան բանախօսութիւնը եզրափակելով ըսաւ. «Հայր Սահակ Քէշիշեան վսեմ անձնուիրութեամբ կրեց իր կոչումին խաչը»:

Գեղարուեստական յայտագիրի 2-րդ բաժինով դաշնակի վրայ Ռուբինա Զաքարեանի ընկերակցութեամբ Փեբրոնիա Տէր Սարգիսեան երգեց «Ավէ Մարիա»ն, որմէ ետք ելոյթ ունեցաւ «Կռունկ» երգչախումբը՝ գեղարուեստական ղեկավարութեամբ տոքթ. Էտի Թորիկեանի: Երգչախումբը ներկայացուց «Հոգի Քրիստոսի սրբացուր զիս», «Աչքերը Զմմառավանքին ցաւամօր» եւ «Հայրենի երկիր, Հայաստան» երգերը, որոնց յաջորդեց «Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ» արիներու պատրաստութեամբ «Հայր Սահակ Քէշիշեանի կեանքն ու գործունէութիւնը» վերնագիրով տեսաերիզի ցուցադրութիւնը:
 


 
Սէն Ժոզէֆ համալսարանի կրթական բաժանմունքի ընդհանուր տնօրէն Հայր Լուիս Պուասէ նաեւ փոխանցեց իր վկայութիւնը, որուն մէջ շեշտեց հայր
 
Սահակ Քէշիշեանի արժէքներն ու
 
 
յատկանիշները: Պուասէ ըսաւ, որ հայր Սահակի թարգմանութիւնները ունին գիտական բարձրորակ մակարդակ եւ ճշգրտութիւն:

Ձեռնարկին աւարտին խօսք առաւ Ամենապատիւ եւ Գերերջանիկ Տէր Ներսէս Պետրոս ԺԹ. Կաթողիկոս Պատրիարքը, որ ըսաւ, թէ Հայր Սահակը հայրենասիրութեան, ազգասիրութեան եւ կրօնական վեհ զգացումներու տէր անձ մըն էր: Ան աւելցուց. «Ան իբրեւ հայ կը շնչէր, կը խօսէր, կ’ապրէր ու կ’աղօթէր»:

Մատնանշելէ ետք Սահակ վրդ. Քէշիշեանի ձեռքբերումները՝ Ամենապատիւ Հոգեւոր Տէրը հաստատեց, թէ ան եղած էր տիպար հայ մը եւ տիպար կրօնաւոր մը:

Ապա Հ. Մ. Ը. Մ.ի շեփորախումբին մասնակցութեամբ տեղի ունեցաւ հայր Սահակ վրդ. Քէշիշեանի յիշատակին նուիրուած խաչքարին քողազերծումն ու օրհնութիւնը:

 
Նշենք, որ խաչքարը պատրաստուած է Վարդան Աւեսեանի կողմէ:
 


Ոգեկոչման աւարտին տեղի ունեցաւ հիւրասիրութիւն, որմէ ետք ներկաները ստացան «Անձնուէր կրօնաւորը» խորագիրը կրող նոր հրատարակութենէն օրինակներ: Գրքոյկը լոյս տեսած է Լիբանանի Մարաշի Հայրենակցական Միութեան օժանդակութեամբ:


Առօրեայ Աւետարանը
Այբ Էջ | Բովանդակութիւն | Հասցէարան | Օգտակար Կապեր | Նամականի
Ներքին Պրպտում՝  Armenian Keyboard
Կարդացէ՛ք այս էջը հետեւեալ լեզուներով.-    
Վերարտադրութեան ամէն իրաւունք վերապահուած է Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ