Հինգշաբթի, 2 Յունիս 2011 - «Տիրամայր Հայաստանի» երգչախումբի ելոյթը Փարիզի մէջ


Փարիզ

Շաբաթ, 30 ապրիլ 2011-ի երեկոյեան, Փարիզի հայ կաթողիկէ սուրբ Խաչ եկեղեցւոյ մէջ ելոյթ ունեցաւ «Տիրամայր Հայաստանի» երգչախումբը, ղեկավարութեամբ Ռոպերթ Մլքէեանի։

«Տիրամայր Հայաստանի» երգչախումբը կազմուած է Հայաստանի մէջ Անարատ Յղութեան հայ քոյրերու Պօղոսեան կրթահամալիրի երախաներէ եւ համալրուած է նաեւ Գիւմրիի երաժշտական դպրոցներէ շնորհալի եւ օժտեալ աշակերտներով։

Ելոյթին ընթացքին, երգչախումբը բարձր մակարդակով կատարեց Դելլալեանի «լռութեան վայրկեան» Requiem Cantate-ի մեկնաբանութիւնը՝ նուիրուած Հայոց Ցեղասպանութեան եւ Կոմիտասի «Կանչէ Կռունկ»-ը՝ երգեցողութեամբ Աննա Ավդալեանի եւ միւս մենակատարներուն, որոնք յուզեցին ներկայ մեծ ամփոխը։


Առօրեայ Աւետարանը
Այբ Էջ | Բովանդակութիւն | Հասցէարան | Օգտակար Կապեր | Նամականի
Ներքին Պրպտում՝  Armenian Keyboard
Կարդացէ՛ք այս էջը հետեւեալ լեզուներով.-    
Վերարտադրութեան ամէն իրաւունք վերապահուած է Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ