Երեքշաբթի, 26 Յունիս 2007 - Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորչի Գիւտ Նշխարաց Տօնը Պէյրութի Մէջ

 

Պէյրութ, Լիբանան

 

Կիրակի, 24 Յունիս 2007-ին, Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ − Ս. Եղիա Հայ Կաթողիկէ Աթոռանիստ եկեղեցին գոհաբանական Ս. Պատարագով յիշատակեց տօնը Հայ Եկեղեցւոյ Սուրբ Հօր՝ Գրիգոր Լուսաւորիչի Նշխարներուն Գիւտին:

Առաւօտեան ժամը 10:30ին, մինչ երգչախումբը կ՛երգէր «Հրաշափառ»ը, Հայր Գէորգ Վրդ. Ասատուրեան բարձր բռնած Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչի մասունքները մուտք գործեց եկեղեցի օրհնելով հաւատացեալները: Հանդիսաւոր արարողութեամբ մասունքները զետեղուեցան յատուկ սեղանի մը վրայ ուրկէ ամբողջ Պատարագի ընթացքին խունկի ծուխը կը բարձրանար:

Ժողովրդապետ Հայրը, հայերէն եւ արաբերէն քարոզներով, տուաւ օրուան պատգամը: Ան խրախուսեց հաւատացեալները կարչած մնալու իրենց Լուսաւորչեան հաւատքին, ըլլալու Լուսաւորիչի արժանաւոր ժառանգաւորները: Ան խօսքը վերջացուց մէջբերելով Յովհաննէս-Պօղոս Բ. Սրբազան Քահանայապետին խօսքը որ  կ՛ըսէ. «Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչի մասունքները ըլլալու են նշան միութեան եւ հրաւէր ապրելու քրիստոնէական հաւատքը»:

Ս. Պատարագի աւարտին բոլոր հաւատացեալները երկիւղածութեամբ համբուրեցին Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչի մասունքները: Ապա հաւաքուեցան եկեղեցւոյ սրահը՝ ուր մտերմիկ մթնոլորտի մէջ զիրար շնորհաւորեցին:

 

 

 

 

 

 

   


Առօրեայ Աւետարանը
Այբ Էջ | Բովանդակութիւն | Հասցէարան | Օգտակար Կապեր | Նամականի
Ներքին Պրպտում՝  Armenian Keyboard
Կարդացէ՛ք այս էջը հետեւեալ լեզուներով.-    
Վերարտադրութեան ամէն իրաւունք վերապահուած է Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ