Չորեքշաբթի, 22 Յունուար 2014 - Գերյ. հայր Գէորգ ծ.վ. Եղիայեանի «Օրեր... եւ Տեսիլքներ» խորագրեալ արաբերէն նորատիպը

Պէյրութ

Հայոց Ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցին ընդառաջ, վերջերս լոյս տեսաւ գերյ. հայր Գէորգ ծ.վ. Եղիայեանի «Օրեր...եւ Տեսիլքներ» խորագրեալ արաբերէն նորատիպը:

Հատորը կ'ընդգրկէ յօդուածներ, որոնք կ'արտայայտեն հեղինակին ապրումները ու մտորումները՝ ի տես եւ ի լուր հայ ազգի ու Եկեղեցւոյ  տառապանքին, Արեւելքի Եկեղեցիներու եւ քրիստոնեայ հասարակութիւններու ցաւալի իրավիճակին եւ առօրեայ կեանքի դժուարութիւններուն: Վերջին բաժնին մէջ, ուր հեղինակը յատուկ ուշադրութեամբ կ'անդրադառնայ Հայ Դատին, ամփոփուած են Հայոց Ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցին ընդառաջ շարք մը յօդուածներ:
  


Առօրեայ Աւետարանը
Այբ Էջ | Բովանդակութիւն | Հասցէարան | Օգտակար Կապեր | Նամականի
Ներքին Պրպտում՝  Armenian Keyboard
Կարդացէ՛ք այս էջը հետեւեալ լեզուներով.-    
Վերարտադրութեան ամէն իրաւունք վերապահուած է Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ