Հինգշաբթի, 26 Սեպտեմբեր 2013 - Կիրակնօրեայ Խօսքը. «Սասունցի Դաւիթ»-ին «Չարխափան Աստուածածինը»…


Սիրելի՛ ընթերցող, քանի դեռ Մարիամ Սիրամօր գեղահրաշ վերափոխման տօնին իննօրեային մէջ ենք, կը փափաքիմ գրել հայատրոփ սրտիս մեծ սիրոյն մասին, մանաւանդ որ մեր օրաթերթը խրախուսեց զիս, երբ անոր մէջ կարդացի «Մարութայ Ս. Աստուածածին եկեղեցին վերանորոգելու փափաք» հրճուեցուցիչ տեղեկագրութիւնը:
Տիրամօր մարմնին ու հոգիին փոխման պատմականութեան եւ հոգեկանութեան տեսանկիւնէն` Մարութասարի մարեմեան տաճարին անունն ու ներկայութիւնը սովորական յորջորջում եւ առկայութիւն չեն հայերուս համար, այլ կը խորհրդանշեն հոգեկան եւ մարմնական վերածնունդի, վերակենդանութեան ու վերազատութեան ճշմարտացիութիւնն եւ երաշխաւորութիւնը` մեր յաւերժացումին համար:
Ինծի թոյլ տայիր հայթայթելու քանի մը գիտելիքներ, որոնք օգտակար են հաւատքի ճշմարտութեան մը գիտակցօրէն թէ՛ մեր ապրումին եւ թէ՛ մեր դաւանումին համար:
«Մարութայ» կու գայ ասորերէն բառէն, յատուկ անուն է, որ կը նշանակէ «տէրը աշխարհիս»: Հայերուս մէջ շատ քիչ անգամ գործածուած է: Այս անունով հայաշխարհին ծանօթ են միայն վեց գործիչներ:
«Մարութալեռ, Մարաթուկ, Մարութկասար» Սասունի լեռներուն 2967 մեթր բարձրութեամբ գագաթն է, որուն վրայ Թ. դարուն կառուցուեցաւ «Չարխափան Ս. Աստուածածին» եկեղեցին` դառնալով սասունցիներուն նախընտրած աղօթավայրը, ժողովրդական ուխտատեղին:
Աստուածամօր իր վանքով Մարաթուկ Սասունի Սեւասար կամ Սիմասար ու Ծովասար լեռներէն բարձրագոյն, սէգ կատարն է: Այսպէս, թէ՛ բառին իմաստով եւ թէ՛ աշխարհագրական դիրքով` «մեր սուրբ Տիրամօր վանքը Չարխափան» կամ «Մարութայ Աստուածածին» կը հովանաւորէր հայրենի աւանները, գիւղերը, շէները: Անոր պահապան շուքին տակ կ՛ապրէին Սասունի բերդին ու քաղաքին բնակիչները:
«Չարխափան Ս. Աստուածածին»-ը հրաշագործ հերոսուհին է «Սասունցի Դաւիթ» դիւցազնավէպին, որ մեր ժողովուրդին ամէնէն գլխաւոր, սիրուած եւ տարածուած հերոսապատումն է իր 160-է աւելի պատմազրուցական ու գրական տարբերակներով:
«Սասունցի Դաւիթ» առասպելապատումին դիւցազնավէպ կամ պատմական ձեւաւորում դառնալու բացայայտ ազդակներ եղան սասունցիներուն այն ապստամբութեան պատերազմները, որոնք Է., Ը. եւ Թ. դարերուն` էականին մէջ յաջողութեամբ մղուեցան անողոք տիրապետողներուն դէմ:
Պատմական հերոսներուն, ինչպէս` Թէոդորոս Ռշտունիին (+ 654-ին) ու Յովնան Խութեցիին (+ 852-ին) երկաթեայ բազուկով եւ անսասան հաւատքով առկայութիւնը կ՛ըմբոշխնենք մեր ազգային առաջնակարգ դիւցազներգութեան մէջ, քանի առաջինը «Սասնայ ծռեր»-ին մէջ «Թորոս» քեռիին եւ երկրորդը այս հերոսապատումին «Ձէնով Օհան» հօրեղբօր կերպարները կ՛արտացոլան յաղթապանծօրէն:
Ի դէպ, Թէոդորոս Ռշտունի հերոսն է Յովսէփ Շիշմանեանի կամ Ծերենցի նոյնանուն վէպին, իսկ Յովնան Խութեցի դիւցազն է նոյն նշանաւոր վիպասանին «Երկունք Թ. դարու» երկին:
Այսպէս, առասպելն ու պատմութիւնը միաձուլուած են «Սասնայ ծռեր»-ին եւ «Սասունցի Դաւիթ»-ին մէջ: Անոնց Տիրուհին է «Չարխափան Ս. Աստուածածին»-ը, որուն օգնահաս ներկայութիւնը շեշտակիօրէն նկարագրուած է դիւցազնապատումին բոլոր գրառումներուն մէջ: Անոնց ամէնէն յաջող ու ծանօթ գրական տարբերակին հեղինակն է Յովհաննէս Թումանեան (1869-1923):
«Ամենայն հայոց բանաստեղծը», որ ազգային արժէքներուն գիտակցութեամբ, բարոյական չափանիշներով, հոգեկան արժանիքներով եւ կրօնական շունչով բռնատիրութեան դէմ ազատութեան համամարդկային ու համազգային երգիչն է, իբրեւ այսպիսին կը ներկայանայ իր «Սասունցի Դաւիթ» դիւցազներգութեան մէջ:
Իր կարգին, «Սասունցի Դաւիթ»-ը, որ մեր ազգին ինքնութեան եւ գոյութեան առասպելախառն պատմութիւնն է, կը բացայայտէ նշանակալից դերը Տիրամայր Ս. Կոյսին, որ ոչ միայն սերտօրէն կ՛ապրի զինք սիրող ժողովուրդին հետ, այլ նաեւ կը մարտնչի իբրեւ մարեմապատկան Մարութասարին «Չարխափան Աստուածածին»-ը:
Մարիամ Հրաշամօր գործօն ներկայութիւնը, ազդու միջամտութիւնը, մեր տոհմային ամէնէն ժողովրդական դիւցազնավէպին պատմականութեան վարկը բացի բարձրացնելէն աւելի ու վեր, խօսուն, վաւերական եւ դարաւոր ապացոյցն է հայերուս մարեմախոհ, մարեմասէր ու մարեմահայց հասկացողութեան, բարեպաշտութեան:
Հայ աշուղներն ու վիպասացները, որոնք մեր ժողովուրդէն երկնեցին եւ երգեցին «Սասունցի Դաւիթ»-ը, ըմբռնած էին ազգակից իրենց ժամանակակիցներուն մարեմականութիւնը եւ անհրաժեշտ նկատած էին զայն  պատկերել ու աւանդել յաջորդ սերունդներուն` երեք դիտաւորութեամբ:
Առաջին` Աստուածածնի հանդէպ լուսաւորչաւանդ սէրը եւ յարգանքն արծարծել ու բոցավառ պահել հայու սրտին եւ մտքին մէջ:
Երկրորդ` խթանել մարեմասէր բարեպաշտները դիմելու Չարխափանին, երբ կը գտնուին նեղութեան մէջ:
Երրորդ` մարեմեան ջերմեռանդներուն եւ աղօթողներուն գիտակցիլ, հաւատալ, ակնկալել տալ Աստուածամօր սքանչելագործութեան, յատկապէս երբ անոնց կեանքին ու երկրին «կենաց-մահու» հարկը պահանջէ:

ՄԵՍՐՈՊ ՀԱՅՈՒՆԻ
Այնճար, 25 oգոստոս 2013


Առօրեայ Աւետարանը
Այբ Էջ | Բովանդակութիւն | Հասցէարան | Օգտակար Կապեր | Նամականի
Ներքին Պրպտում՝  Armenian Keyboard
Կարդացէ՛ք այս էջը հետեւեալ լեզուներով.-    
Վերարտադրութեան ամէն իրաւունք վերապահուած է Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ