Երկուշաբթի, 19 Սեպտեմբեր 2011 - Համահայկական համաժողողովի բացում Երեւանի մէջ


Երեւան

Այսօր, սեպտեմբերի 19-ին, Երեվանի Կարէն Դեմիրճյանի անուան մարզահամերգային համալիրին մէջ սկսաւ համահայկական համաժողովը, մասնակցութեամբ՝ Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսյանին, Արցախի նախագահ Բակո Սահակյանին, Գարեգին Բ. եւ Արամ Ա. Վեհափառներուն: Այս համաժողովին Ամենապատիւ Տէր Ներսէս Պետրոս ԺԹ. կաթողիկոս պատրիարքը կը ներկայացնեն արհի. արհի. տէր Պետրոս արք. Միրիաթեանն ու հայր Ռափայէլ արք. Մինասեանը: Մասնակցութիւննին կը բերեն նաեւ սփիւռքի՝ 46 երկիրներէ 151 կազմակերպութիւններ ղեկավարներ ու ներկայացուցիչներ եւ հոգեւոր առաջնորդներ: Որպէս հայ կաթողիկէ Եկեղեցիէն մասնակցողներ կային հայր Սեպուհ վրդ. Կարապետեան եւ պր. Սարգիս Նաճարեան:

Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան իր ողջոյնի խօսքին մէջ նշեց, որ համաժողովը կը նպաստէ Հայաստան-Սփիւռք կապերու ամրապնդմանը: «10 միլիոն Սփիւռքի շնորհիւ Հայաստանը բազմաթիւ հարցեր կրցած է լուծել անկախութեան 20 տարիներու ընթացքին»: «Վստահ եմ, որ համաժողովը մեծապէս կը նպաստի Հայաստան-Սփիւռք գործակցութեան զարգացման ընթացքին` ի շահ հայութեան խաղաղ ու բարեկեցիկ ապագայի»:

Ան նաեւ նշեց, որ Սփիւռքի մշակութային ժառանգութիւնը, մասնաւորապէս արեւմտահայերէնի պահպանումը, առաջնահերթ հարց է Հայաստանի համար. «Հայաստանը բոլոր ջանքերը կը գործադրէ արեւմտահայերէնի պահպանման համար»: 

Ապա Արցախի նախագահ՝ Բակօ Սահակեանը շնորհաւորած է Հայաստանի անկախութեան 20-ամեակը եւ այդ կապակցությամբ ան նշած է, որ նման համաժողովը լաւ ձեւաչափ է: Արցախը հետաքրքրուած է եւ պատրաստ է աշխատելու այս հարթութիւնով` զայն դիտարկելով որպէս Հայաստան-Արցախ-Սփիւռք միասնութեան ամրապնդման համար:


Առօրեայ Աւետարանը
Այբ Էջ | Բովանդակութիւն | Հասցէարան | Օգտակար Կապեր | Նամականի
Ներքին Պրպտում՝  Armenian Keyboard
Կարդացէ՛ք այս էջը հետեւեալ լեզուներով.-    
Վերարտադրութեան ամէն իրաւունք վերապահուած է Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ