Երկուշաբթի, 25 Փետրուար 2013 - Հոգեւոր Տիրոջ նամակը Բենեդիկտոս ԺԶ. Սրբազան Քահանայապետին

 
12 Փետրուար 2013
 
Նորին Սրբութիւն
ԲԵՆԵԴԻԿՏՈՍ ԺԶ.
Վատիկան
 
 
Սրբազան Հայր,
 
Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ արքեպիսկոպոսներուն, եպիսկոպոսներուն, քահանաներուն, սարկաւագներուն, կրօնաւորուհիներուն, աշխարհականներուն եւ իմ անունովս, սրտանց որդիական շնորհակալութիւն կը յայտնենք Ձերդ սրբազնութեան, Ձեր կատարած սուրբ Պետրոսի յաջորդի պաշտօնին համար ի նպաստ մեր Եկեղեցւոյ։ 
Կը փափաքիմ հոս վեր առնել Ձեր պատմական այցելութիւնը՝ մեր Կաթողիկոսական Աթոռը, Զմմառու Տիրամօր վանքին մէջ, անցեալ  սեպտեմբեր 15-ին, Լիբանան կատարած Ձեր հովուական այցելութեան ընթացքին, 14-էն 16 սեպտեմբեր 2012։
 
Սրբազան Հայր,
 
Սուրբ Պետրոսի յաջորդի գերագոյն պաշտօնը ընդունելով 78 տարեկանին, մեզի վերյիշեցուցիք թէ պէտք է միշտ պատրաստ ըլլալ ամէն պահու ԱՅՈ՛ ըսելու Տիրոջ կոչին։ 
Իսկ սոյն պաշտօնէն հրաժարելու Ձեր որոշումըª ֆիզիքական տկարութեան պատճառով, մեզի ցոյց տուաւ կարեւորութիւնը Աստուծոյ կամքը զատորոշելու եւ քաջութիւնը անոր համապատասխանելու։ 
 
Սրբազան Հայր,
 
Ութ տարուայ պտղաբեր Ձեր քահանայապետութեան ընթացքին, մեզ առաջնորդեցիք դէպի լուծումներ որոնելու ճամբանª Եկեղեցւոյ կեանքը յուզող բոլոր պարագաներուն մէջ, ըլլայ համամիութենական մարզին մէջª անկլիգան բազմաթիւ հասարակութիւններու դարձով դէպի Եկեղեցւոյ ծոցը, ըլլայ լուսաւորելու համար գիտութիւնը հաւատքի լոյսով եւ համբերութիւնն ու աւետարանական իմաստութիւնը ի գործ դնելու՝ դարմանելու համար բարոյական խնդիրները, որոնք որոմ կը ցանեն անպատրաստ անձերու հոգիներուն մէջ։    ‎     
 
Սրբազան Հայր,
 
Այս համեստ բառերով, իմ երախտագիտութեան զգացումները կ'արտայայտեմ Ձեր օրինակելի վկայութեան, Ձեր ներթափանցող խօսքերուն, ինչպէս նաեւ Ձեր լուսաւոր հոգեւոր խորհրդածութիւններուն համար։
 
Սրբազան Հայր,
 
Կը փափաքիմ վստահեցնել Ձեր անձին, իմ եւ համայն Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ աղօթքները, Ձեզմէ խոնարհաբար հայցելով աղօթք՝ յատուկէն ի նպաստ քահանայական եւ կրօնաւորական կոչումներուն, Հայ Եկեղեցւոյ համար, ուր անոնց անհուն կարիքը կայ։
 
Սրբազան Հայր,
Այս բոլորին եւ շատ ուրիշ բարիքներու համար, մեծապէս շնորհակալ ենք։
 
Միշտ Ձերդ ի Քրիստոս։ 
 
+ Ներսէս Պետրոս ԺԹ. 
Կաթողիկոս Պատրիարք 
Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց


Առօրեայ Աւետարանը
Այբ Էջ | Բովանդակութիւն | Հասցէարան | Օգտակար Կապեր | Նամականի
Ներքին Պրպտում՝  Armenian Keyboard
Կարդացէ՛ք այս էջը հետեւեալ լեզուներով.-    
Վերարտադրութեան ամէն իրաւունք վերապահուած է Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ