Ուրբաթ, 25 Մարտ 2011 - Հանդիսաւոր սուրբ Պատարագ սրբոյ Կուսին Աւետման տօնին առթիւ

 

Պէյրութ

 

Սրբոյ Կուսին Աւետման տօնին առիթով, ուրբաթ, 25 մարտ 2011, առաւօտեան ժամը 10.30-ին, հանդիսաւոր սուրբ Պատարագ մատուցեց գերապատիւ հայր Վարդան վրդ. Գազանճեան՝ հովիւ Աշրաֆիէի սրբոյ Կուսին Աւետման եկեղեցւոյ, առընթերակայութեամբ փոխ-ժողովրդապետ՝ տէր Կարապետ քհնյ. Թադէոսեանի եւ տէր Րաֆֆի քհնյ. Յովհաննէսեանի։

Սուրբ Պատարագին մասնակցեցան արհիապատիւ եպիսկոպոսներ, ժողովրդապետները, լիբանանաբնակ  եկեղեցական դասը, մխիթարեան սաները, Կիլիկիա երգչախումբը, եկեղեցասէր տիկնանց միութիւնը, հովուական յանձնախումբը եւ հաւատացեալները։

 

Իր պատգամին մէջ, Վարդան վրդ. Գազանճեան յիշեց թէ այս եկեղեցին կառուցուած 1934-ին, աղօթքի վայր եղաւ մեր հաւատացեալ մեծ հայրերուն, ինչպէս նաեւ մեր պատրիարք հայրերուն ու շատ մը եպիսկոպոսներուն ու քահանաներուն, որոնք սրբացան այս կամարներուն տակ:

Նշեց նաեւ թէ «այս տարի եւ խորհրդակցութեամբ հովուական յանձնախումբին մեր եկեղեցւոյ վերաշինութեան տարին կը հրչակենք. եկեղեցին՝ քարեր եւ մարմին, որ պիտի վերանորոգենք հոգիով, սակայն քաջ գիտնալով որ եթէ բոլոր անդամները այս ուղղութեամբ չաշխատին, եւ Աստուած ալ ճարտարապետն ու կառուցող կարեւոր ձեռքը չըլլայ, ի զուր նորոգուին միայն քարերը:

 

Աւետումը, աւելցուց ան, քրիստոնեաներուս համար ամենակարեւոր տեղեկատուական եղելութիւնն է: Աստուծոյ պատգամաւորը լուր մը տուաւ կնոջ մը՝ Մարիամին, որմէ պիտի ծնէր նոյն ինքն  Աստուած, տալու համար մարդուն այս աշխարհիս մէջ ապրելու ոճ մը, որպէսի յաւիտեան ապրի անոր հետ, այս աշխարհէն անդին»:

 

Պատարագէն ետք տեղի ունեցան շնորհաւորութիւնները եւ սիրոյ սեղանի ճաշկերոյթը ՀԿՄ-ի սրահին մէջ, կէսօրուան ժամը 12.30-ին։ Հոն նշուեցաւ արհի. հայր Յովհաննէս Թէյրոզեանի եպիսկոպոսական ձեռնադրութեան տասնամեակը, եւ տէր Աւետիք Յովհաննէսեանին անուանակոչութիւնը: Հայր Վարդան շնորհաւորեց բոլոր հաւատացեալները եւ մաղթեց, որ այս եկող հովուական տարին ըլլայ եկեղեցւոյ շինութեան տարի մը:

Յիշենք, որ հինգշաբթի, 24 մարտ 2011-ին, նախատօնակի երեկոյեան ժամերգութիւն տեղի ունեցաւ ժամը 18-ին, սուրբ Կուսին Աւետման եկեղեցւոյ մէջ, մասնակցութեամբ Զմմառու Տիրամօր վանքի մեծաւոր գերյարգելի հայր Միքայէլ թ.ծ.վ. Մուրատեանին, վանաբնակ հայրերուն եւ նորընծայարանի ժառանգաւորներուն։  

 


Առօրեայ Աւետարանը
Այբ Էջ | Բովանդակութիւն | Հասցէարան | Օգտակար Կապեր | Նամականի
Ներքին Պրպտում՝  Armenian Keyboard
Կարդացէ՛ք այս էջը հետեւեալ լեզուներով.-    
Վերարտադրութեան ամէն իրաւունք վերապահուած է Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ