Հինգշաբթի, 23 Յուլիս 2009 - Ցաւակցական հեռագիր Հայաստանի եւ Իրանի նախագահներուն

 

Պէյրութ

  

Ուրբաթ 17 յուլիս 2009ին, Թեհրանէն Երեւան ուղղուով պարսկական օդանաւի ջախջախման պատճառով, Ամենապատիւ եւ Գերերջանիկ Տէր Ներսէս Պետրոս ԺԹ. Կաթողիկոս Պատրիարքը ցաւակցական հեռագիր մը ուղղեց Հայաստանի Հանրապետութեան Նախագահ՝ Սերժ Սարգիսեանին, որուն մէջ Ան կ'ըսէ. «Սրտի խոր վիշտով իմացանք յանկարծահաս մահը 168 հոգիներու, որոնցմէ 49 հայազգի զաւակներու՝ Թեհրանէն Երեւան թռիչքի պարսկական օդանաւի արկածի հետեւանքով: Մեր եւ Հայ Կաթողիկէ համայնքին անունով կը միանանք Ձեր, ինչպէս նաեւ արկածի զոհերուն հարազատներուն եւ համայն Հայութեան սուգին, յայտնելով մեր խորազգաց ցաւակցութիւնները: Այս տխուր առիթով մեր աղօթքը կը բարձրացնենք Ամենողորմ Աստուծոյ, հայցելով յաւիտենական հանգիստը ննջեցեալներուն համար: Յաւերժական լոյս յոգնաբեկ հոգիներուն»:

 

Նոյնպէս Ամենապատիւ Հոգեւոր Տէրը ցաւակցական հեռագիր մը ուղղեց Իրանի Իսլամական Պետութեան նորընտիր Նախագահ՝ Ահմատի Նաժատին, որուն մէջ իր անկեղծ ու խորին ցաւակցութիւնները կը յայտնէ Իրանի ժողովուրդին, Իրան-Հայաստան օդանաւային թռիչքին ջախջախումին պատճառած զոհերուն հոգիներուն համար, որ պատահեցաւ Իրանի հիւսիս արեւմտեան կողմը եւ որուն զոհ գացին 168 հոգիներ:

 

Սոյն պարունակութեամբ նամակ մըն ալ ուղղեց Լիբանանի մէջ Իրանի Իսլամական Պետութեան Դեսպանին՝ Տիար Մոհամմէտ Ռիտա Շիպանիի:

Կիրակի 19 յուլիսին Պատրիարքարանի եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ հոգեհանգստեան պաշտօն՝ զոհուածներուն յիշատակին:

Իսկ չորեքշաբթի 22 յուլիսին հայ կաթողիկէ պատրիարքարանին կողմէն հայր Վարդան վրդ. Գազանճեան ներկյացաւ Իրանեան դեսպանատուն, ուր դեսպան Շիպանի կ'ընդունէր ցաւակցութիւնները, եւ կաթողիկոս պատրիարքին կողմէն ներկայացուց գրաւոր ցաւակցագիրը յատուկ տոմարին մէջ:


Առօրեայ Աւետարանը
Այբ Էջ | Բովանդակութիւն | Հասցէարան | Օգտակար Կապեր | Նամականի
Ներքին Պրպտում՝  Armenian Keyboard
Կարդացէ՛ք այս էջը հետեւեալ լեզուներով.-    
Վերարտադրութեան ամէն իրաւունք վերապահուած է Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ