Երկուշաբթի, 4 Հոկտեմբեր 2010 - Քահանայական ձեռնադրութիւն սարկաւագ Խաչիկ- Յովսէփ Պահէ-ի

 

Գամիշլի, Սուրիա

 

Շաբաթ 25 սեպտեմբեր 2010, երեկոյեան ժամը 6-ին, Գամիշլիի սուրբ Յովսէփ կաթողիկէ հայոց աթոռանիստ եկեղեցւոյ մէջ, տեղի ունեցաւ քահանայական ձեռնադրութիւնը սարկաւագ Խաչիկ-Յովսէփ Պահէ-ի, ձեռամբ արհի. Պետրոս արք. Միրիաթեանի, առաջնորդ Բերիոյ թեմին կաթողիկէ հայոց եւ առաքելական կառավարիչ Բարձր Ճեզիրէի թեմին:

Սրբազան արարողութեան ներկայ էին՝ արհի. Լարշ-Անտրէաս եպս. Արպորէլիուս, առաջնորդ Սթոքհոլմի լատին թեմին, գերյարգելի Յովսէփ ծ. վրդ. Քէլէկեան, մեծաւոր Ք. Լեւոնեան հայ վարժարանի, գերյարգելի Անդրանիկ ծ. վրդ. Այվազեան, ընդհանուր կառավարիչ Բարձ Ճեզիրէի կաթողիկէ հայոց թեմին, հայր Գառնիկ վրդ. Յովսէփեան, ժողովրդապետ Հասաքէի սուրբ Ընտանեաց եկեղեցւոյ, հայր Էմմանուէլ վրդ. Գրիգորեան, թեմական Բերիոյ, քոյր եկեղեցւոյ ասորի քահանաները, առաքինազարդ հայ քոյրերը, ձեռնադրուողին պարագաները ու բարեկամները եւ հոծ բազմութիւն մը հայ հաւատացեալ ժողովուրդէն:

Օգնական ձեռնադրիչ եպիսկոպոսին առընթերակայներն էին' հայր Նարեկ վրդ. Նամոյան, ժողովրդապետ սուրբ Յովսէփ աթոռանիստ եկեղեցւոյ, հայր Գէորգ վրդ. Պահէ, ժողովրդապետ Դամասկոսի Թագուհի Խաղաղութեանց  եկեղեցւոյ:

Աստուծոյ Խօսքին ընթերցումէն առաջ, Խաչիկ-Յովսէփ սարկաւագը եկեղեցւոյ դասին մէջ ծնրադիր, երեսը դէպի ժողովուրդ, ձեռքերը ի վեր, շրջապատուած քայանայից դասէն, երիսց անգամ բարձր բարբառով կրկնեցին' «Աստուածային եւ երկնաւոր շնորհ...», կոչելով զՅովսէփ ի սարկաւագութենէ ի քահանայութիւն ու ապա ժողովուրդը պատասխանեց «Արժանի է»:

Աստուծոյ Խօսքին ընթերցումէն ետք, պատարագիչ սրբազանը աւուր պատշաճի քարոզը արտասանելէ յետոյ, դաս կը հրաւիրէ արհի. Լարշ-Անտրէաս եպս. Արպորէլիուս, առաջնորդ Սթոքհոլմի լատին թեմին իր սրտին խօսքը ըսելու: Ան ըսաւ. «շատ ուրախ եմ որ ձեր մէջ կը գտնուիմ այս սրբազան տաճարին մէջ, ուր սարկաւագ Յովսէփը ապրած է ու աղօթած է եւ այսօր պիտի ձեռնադրուի քահանայ: Սրտագին ու խորին շնորհակալութիւններս կը փոխանցեմ տեղւոյն ընդհանուր կառավարիչ Բարձ Ճեզիրէի կաթողիկէ հայոց թեմին, գերյարգելի Անդրանիկ ծ. վրդ. Այվազեանի, որ գուրգուրանքով  պատրաստեց այս եզակի կոչումը, որ պիտի առաքավայելէ Շուէտահայութեան գաղութին համար եւ բոլոր իրեն յաձնուած հաւատացեալներուն: Սիրեցեալ նորօծ վարդապետը պիտի ըլլայ հիմնական կամուրջը ձեր ու իր նոր թեմին հետ, օգտակար ու նեցուկ դառնալով իր հիմնական Բարձ Ճեզիրէի կաթողիկէ հայոց թեմին: Ինչպէս նաեւ վստայելի եմ որ նորօծ վարդապետին տօթային հաւատքը' պիտի տաքցընէ թէ Շուէտը թէ շուէտացիները, որովհետեւ Շուէտը շատ պաղ երկիր է: Խորին շնորհակալութիւններս նաեւ իր ծնողաց, որոնք զինք պատրաստեցին ու քաջալերեցին այս վսեմ կոչման».

Ապա արհի. Պետրոս արք. Միրիաթեանը յանուն Գամիշլիի հայ կաթողիկէ Եկեղեցւոյ, ոսկեզօծ խաչքարեան լանջախաչ մը նուիրեց արհի. Լարշ-Անտրէաս եպս. Արպորէլիուսի, արտայատելով ճեզիրէ-հայութեան սրտաբուխ ուրախութիւնը.

Ապա գերյարգելի Անդրանիկ ծ. վրդ. Այվազեանը կարդաց ամենապատիւ տէր Պետրոս ԺԹ., կաթողիկոս պատրիարք Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկէ հայոցի մաղթանքի գիրը, ուղղուելով նորօծ վարդապետին ըսաւ. « կը մաղթեմ որ դառնաս հովիւ մը, նման բարի Հովիւին Յիսուսի: Քաջ գիտցիր որ մտերմութիւնը մտերմութեամբ կը փոխանակուի, բարեկամութիւնը բարեկամութեամբ եւ սէրը սիրով».

Սուրբ պատարագէն ետք, սրբազան կղերը եւ նորօծ վարդապետին պարագաները ուղղուեցան եկեղեցւոյ թահլիճը ուր տեղի ունեցան շնորհաւորութիւնները.

Ապա սրբազան կղերը ու նորօծ վարդապետին պարագաները ու բարեկամները ուղղուեցան դէպի «Սուրբ Յակոբի» կոկիկ սրահը, ու տեղի ունեցաւ սիրոյ-ագապէի սեղանը, եւ այս ուրախ աոիթով յանուն Ք. Լեւոնեան հայ վարժարանի աշակերտութեան, գերյարգելի Յովսէփ ծ. վրդ. Քէլէկեան, կռնակի փոքր պայուսակ մը, որուն մէջ կը կայ եկեղեցական սրբազան սպասները.

Նորօծ վարդապետին սրբազան պատկերին վրայ, որ բաժնուեցաւ բոլոր հաւատացեալներուն' հետեւեալ նշանաբանը գրուած էր- «Եթէ մէկը ուզէ ինծի հետեւիլ, թող ուրանայ ին անձը, առնէ իր խաչը եւ հետեւի ինծի»(Մատթ. 16: 24). Սրտանց կը մաղթենք նորօծ վարդապետին բեղուն առաքելութիւն Տիրոջ այգիին մէջ.

 

Կիրակի 26 Սեպտեմբեր 2010, Տօն Վարագայ Սրբոյ Խաչին,  առաւօտեան ժամը 9-ին, սուրբ Յովսէփ կաթողիկէ հայոց աթոռանիստ եկեղեցւոյ մէջ մատոյց իր անդրանիկ սուրբ պատարագը: Աստուծոյ Խօսքին ընթերցումէն ետք, ան ըսաւ: «Աստուծոյ շնորհակալութիւն կը յայտնեմ իր բոլոր ինծի շնորհած պարգեւներուն ու մանաւանդ որ զիս կոչես ըլլալու  ծառայ Քրիստոսի, շնորհակալութիւններս ծնողածս, մեծաւորներուս եւ յատուկ ու սրտագին շնորհակալութիւններս գերյարգելի Անդրանիկ ծ. վրդ. Այվազեանի, որ ի շնորիւ այսօր ձեր առջեւ կը գտնուիմ, շնորհակալութիւններս նաեւ սոյն թեմին վարդապետներուն. Ապա նորօծ վարդապետը համառօտ կերպով խորհրդածեց սուրբ քայանայաթեան խորհուրդին մասին: Ան ըսաւ թէ քահանայի կեանքը' երեք հիմնական հիմքերու վրայ կառուցուած է աղօթքի, շնորհքի եւ սրբութեան.

 

Կը յիշեցնենք թէ Հայր Յովսէփ Վրդ. Պահէ ծնած է Գամիշլի-Սուրիա, 5 դեկտեմբերի 1981-ին, բարեպաշտ ընտանիքի զաւակ: Իր նախնական կրթութիւնը ստացած է ծուխական Մեսրոպեան վարժարանին մէջ, ապա կը մեկնի Վիէննա Մխիթարեան հայրերու մայրավանքը հետեւելու համար իր հայկական ու ծիսական դասընթացքներուն:

1993-ին, կը վերադառնայ Լիբանան եւ կ՛ընդունուի Զմմառու միաբանութեան Ինգնատիոս Մալոյեանի դպրեվանքը, շարունակելու համար իր երկրորդական ուսումները:

2003-ին կը մեկնի Հռոմ' Ք. Լեւոնեան հայ վարժարանը, ուր կը յաճախէ Ք. Գրիգորեան Համալսարանը աւարտելով իմաստասիրական ու Աստուածաբանական դասընթացքները:

18 Մարտ 2010-ին,  ձեռամբ արհի. Պետրոս արք. Միրիաթեանի, կը ձեռնադրուի սարկաւագ, Գամիշլիի սուրբ Յովսէփ կաթողիկէ հայոց աթոռանիստ եկեղեցւոյ մէջ:

25 Սեպտեմբեր 2010, ձեռամբ արհի. Պետրոս արք. Միրիաթեանի, կը ձեռնադրուի քահանայ: Նորօծ վարդապետը պիտի պաշտօնավարէ Շուէտահայութեան գաղութին համար.

      


Առօրեայ Աւետարանը
Այբ Էջ | Բովանդակութիւն | Հասցէարան | Օգտակար Կապեր | Նամականի
Ներքին Պրպտում՝  Armenian Keyboard
Կարդացէ՛ք այս էջը հետեւեալ լեզուներով.-    
Վերարտադրութեան ամէն իրաւունք վերապահուած է Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ