Երկուշաբթի, 31 Մայիս 2010 - ՀՀ Նախարար Հրանոյշ Յակոբեանի այցը Հռոմի հայ եկեղեցին եւ Քահանայապետական Լեւոնեան վարժարան


Հռոմ, Իտալիա

Չորեքշաբթի
26 Մայիս 2010ին, Հայաստանի Հանրապետութեան Սփիւռքի Նախարար՝ Տիկին Հրանոյշ Յակոբեան որ կը գտնուի Հռոմի մէջ, այցելեց Հայ Կաթողիկէ Սուրբ Նիկողայոս Թոլենդինացի եկեղեցի ու ապա անոր կից գտնուող Քահանայապետական Լեւոնեան վարժարան ուր՝ հանդիպում ունեցաւ Հայազգի զաւակներուն հետ: Անոր կ'ընկերանային Իտալիոյ մօտ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպան՝ Պարոն Ռուբեն Կարապետեանն ու անոր աշխատակիցները, ինչպէս նաեւ սփիւռքի նախարարութեան մէջ գործօն անդամներ:

Տիկին Հրանոյշ ընդունուեցաւ Լեւոնեան վարժարանի փոխ մեծաւոր՝ Հայր Թովմաս վրդ. Կարապետեանի կողմէ: Անոր առաջնորդութեամբ, ան այցելեց Սուրբ Նիկողայոս Եկեղեցին: Ան մեծ հիացումով տեսաւ եկեղեցւոյ  մէջ գտնուող զանազան խորանները: Նոյնպէս, նախարարը մօտէն ծանօթանացաւ Հռոմի Հայ գաղութին պատմութեան ու անոր գործունէութիւններուն մասին:

Ապա բազմութիւնը ուղղուեցաւ դէպի Վարժարանի պաշտօնական հիւրանոց, ուր՝ Տիկին Հրանոյշին կը սպասէր Հռոմի Հայ գաղութի պատասխանատուներն ու Վարժարանի ժառանգաւորները: Հիւրընկալ վարդապետը բարի գալուստի խօսքը արտասանելով բարձր որակեց Տիկին նախարարի տարած գործունէութիւնը: Հայ առաքելական եկեղեցւոյ հովիւ՝ Հայր Գառնիկ բարի գալուստի խօսք մը արտասանելէ ետք, Տիկ. Հրանոյշ խօսք առնելով՝ ներկայացուց իր այցելութեան նպատակը ներկայացնելով նախարարութեան աշխատանքն ու նպատակները: Ան, շեշտը դնելով հայապահպանման գաղափառին վրայ, ըսաւ՝ թէ մենք պէտք է համագործակցինք իբրեւ Հայ Ազգի զաւակներ եւ ամէն ջանք ի գօրծ դնենք մեր մայր հայրենիքին՝ Հայաստանի բոլոր մարզերու բարգաւաճման ի նպաստ:



Ապա, ներկաները իրենց հարցումներով մօտէն ծանօթացան նախարարութեան ներկայ եւ ապագայ ծրագիրներուն ինչպէս նաեւ վկայ դարձան Տիկին նախարարի ամէն մէկ խօսքին: Անոնք եւս իրենց առաջարկներով ճոխացուցին նախարարին գաղափարները, որ իւրաքանչիւր անդամի հարցումին ընդմէջէն շօշափեց ներկաներուն ազգային ու կրօնական վառ զգացումները:

Հանդիպումի աւարտին, վարժարանի ժառանգաւորները ազգաշունչ ոգիով ներկայացուցին «Հայաստան աշխարհ» երգը: Ապա, բոլոր ներկաներուն ներկայացուեցաւ փոքրիկ հիւրասիրութիւն մը, որուն աւարտին Նախարար Հրանոյշ բաժնուեցաւ գաղութի զաւակներէն խոստանալով ալ աւելի աշխոյժ գործունէութիւն մը մօտ ապագային:

 


Առօրեայ Աւետարանը
Այբ Էջ | Բովանդակութիւն | Հասցէարան | Օգտակար Կապեր | Նամականի
Ներքին Պրպտում՝  Armenian Keyboard
Կարդացէ՛ք այս էջը հետեւեալ լեզուներով.-    
Վերարտադրութեան ամէն իրաւունք վերապահուած է Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ