Ուրբաթ, 23 Դեկտեմբեր 2011 - Ֆրանսայի Խորհրդարանը Վաւերացուց Հայոց Ցեղասպանութեան Ժխտումը Քրէականացնող oրինագիծը



Փարիզ

Ֆրանսայի Խորհրդարանը երէկ՝ 22 դեկտեմբեր 2011-ին, աւելի քան երեքուկէս ժամ տեւած քննարկումներէ ետք որդեգրեց Հայոց Ցեղասպանութեան ժխտումը քրէականացնող օրինագիծը, որ խորհրդարանին ներկայացուած էր երեսփոխան տիկին Վալերի Պուայէի առաջարկով: Միութիւն Յանուն Ժողովրդային Շարժումի կուսակցութենէն (UMP) հայազգի երեսփոխան Փաթրիք Տեւեճեան խորհրդարանին առջեւ իր արտասանած խօսքին ընթացքին յայտնեց, որ կարծիքի ազատութիւնը եւ քարոզչութիւնը պէտք չէ իրարու հետ շփոթել: Ան ընդգծեց, որ քննարկուող օրինագիծը ուղղուած է Հայոց ցեղասպանութիւնը ժխտող Թուրքիոյ պետական քարոզչութեան դէմ:
Նոր օրինագիծի համաձայն` Ֆրանսայի մէջ Հայոց Ցեղասպանութիւնը ժխտողներուն մինչեւ մէկ տարուան բանտարկութիւն կը նախատեսուի եւ 45.000 Էուրօ տուգանք: Այժմ օրէնքը պէտք է հաստատուի Ծերակոյտի կողմէ։


Առօրեայ Աւետարանը
Այբ Էջ | Բովանդակութիւն | Հասցէարան | Օգտակար Կապեր | Նամականի
Ներքին Պրպտում՝  Armenian Keyboard
Կարդացէ՛ք այս էջը հետեւեալ լեզուներով.-    
Վերարտադրութեան ամէն իրաւունք վերապահուած է Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ