Չորեքշաբթի, 2 Ապրիլ 2014 - Աւետումն Սուրբ Կուսին եկեղեցւոյ 80 ամեակին նուիրուած համերգ

ՀՈԳԵԿԱՆ ՎԱՅԵԼՔԻ ՊԱՀ ՄԸ

Ոչ միայն երաժշտասէր, այլ նաեւ հաւատացեալ եւ ազգասէր հասարակութեան զգացումները եւ ապրումները արտայայտող  երաժշտական երեկոյ մըն էր հայրենի երգչուհի Էմմա Ջոթեանի համերգը, որ տեղի ուեցաւ 28 Մարտ 2014,  Ուրբաթ երեկոյեան, Հ.Կ.Մ.ի Արարատեան սրահին մէջ, կազմակերպութեամբ Հայ կաթողիկէ Պատրիարքարանի  Սուրբ Նարեկացի Կեդրոնին։ Սրահի առաջին շարքերուն վրայ, Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկէ հայոց  ամենապատիւ Ներսէս Պետրոս ԺԹ. Կաթողիկոս Պատրիարքը կը շրջապատէին պատրիարքական փոխանորդ գերապայծառ Գաբրիէլ թ.ծ.վ. Մուրատեան, արհի. հայր Մանուէլ եպս. Պաթագեան, ժողովրդապետ հայրեր, պաշտօնական հիւրեր, «Հրանդ Տինք» մրցանքին առիթով Լիբանան գտնուող  թուրք հասարակական գործիչ, իրաւաբան Էրտալ Տողան եւ լրագրող Հրանդ Գասպարեան։
Նուիրուած ըլլալով Սրբոյ Կուսին Աւետման տօնին եւ համանուն եկեղեցւոյ 80 ամեակին, նաեւ զուգադիպած ըլլալով քեսապահայութեան ողբերգութեան,  որքան գեղարուեստական եւ հոգեկան վայելքի, նոյնքան սրահը լեցնող երաժշտասէր հասարակութեան քեսապահայութեան զօրակցութիւնը արտայայտելու առիթ մը եղաւ  երիտասարդ երգչուհիին ելոյթը, ինչպէս երեկոյի բացման իր խօսքին մէջ ըսաւ արժանապատիւ տէր Կարապետ քհնյ. Թադէոսեան։ «Երգն ու երաժշտութիւնը աստուածաշնորհ ոգեղէն պարգեւ մըն է, որ կը փոխանցուի սիրտէ սիրտ եւ կ՚ազնուացնէ հոգին - ըսաւ ան։ Աստուածատուր  այս պարգեւը եւ սէրը մարդու խաղաղասիրական զգացումներու զարթուցիչ մըն է եւ այս զոյգ տօներուն առիթով զանոնք փոխանցելու համար հրաւիրեցինք հայրենի երիտասարդ երգչուհի Էմմա Ջոթեանը»։ Տէր հայրը միաժամանակ մաղթեց որ «այս համերգը Սուրիոյ եւ յատկապէս Քեսապի մեր ժողովուրդին համար դառնայ սփոփարար աղօթքի երեկոյ մը, եւ Քեսապահայութեան ամէն ձեւով զօրակցելու հրաւէր մը»։ Ապա Տէր հայրը ներկայացուց երգչուհին եւ դաշնակահար Սարգիս Հալլաճեանը, որոնք սիրով ընդառաջած են համերգի հրաւէրին, հայրենի երգչուհիին եւ լիբանանահայ երիտասարդ դաշնակահարի գործակցութիւնը նկատելով Հայաստան-Սփիւռք գործակցութեան մէկ արտայայտութիւնը։
Այնուհետեւ հրամցուած յայտագիրը հանդիսացաւ երաժշտական վայելքի պահ մը,որ սկսաւ անզուգական Կոմիտասով։ Էմման ապրումով հնչեցուց «Հով արէք»ը, «Չինար Ես»ը եւ «Քելեր, ցոլեր»ը, որոնց յաջորդեց Յարութիւնեանի «Երգիր ինձ համար»ը։ Երգչուհիին ձայնային հնարաւորութիւնները եւ երաժշտական պատրաստութիւնը արտայայտելու պահեր եղան օփերային հատուածներէ քաղուած ռոմանսներու կատարումները՝ Չուխաճեանի «Լէպլէպիճի» օփերայէն Կարինէն, Մասքանյիի «Լամիքօ Ֆրից»ի օփերայէն Սիւզելի ռոմանսը, Մոցարթի «Նոցցէ Տի Ֆիկարօ»ի Չերուպինոյի արիան։ Գաչինիի «Աւէ Մարիա»յով, ապա Պիքսիոյի «Մամմա»յով ան յուզեց ներկաները։ Երգչուհիին համար բնականաբար աւելի հարազատ էին Չթճեանի «Աղաւնիներ»ը, Մաւիսագալեանի «Կապոյտ Մանուշակ»ը, Յարութիւնեանի «Ես յիշում եմ աչքերը քո»ն եւ Այվազեանի «Կարաւան»ը, որ եզրափակեց յայտագիրը, որուն աւարտին հնչած ծափերը ուղղուած էին հաւասարապէս երգչուհիին եւ երիտասարդ դաշնակահարին, որուն զուսպ  ընկերակցութիւնը մեծապէս նպաստեց կատարումներու յաջողութեամբ պսակումին։
Իր ձայնային լայն հնարաւորութիւններով, բեմին վրայ տպաւորիչ ներկայութեամբ, Էմմա Ջոթեան՝ Երեւանի Կոմիտասի անուան պետական երաժշտանոցի դասական վոքալի այսօրուան աշակերտուհին՝ մօտիկ ապագային դասական երգարուեստի փայլուն աստղ մը դառնալու բոլոր հնարաւորութիւններով ու շնորհքով օժտուած ըլլալուն վկայութիւնը տուաւ իր անդրանիկ հրապարակային համերգով։
Համերգին ընդմիջումի կարճատեւ պահը առիթ  մը եղաւ ներկաներուն փոխանցելու պատմական Քեսապի եւ քեսապահայութեան տառապալի իրավիճակի մասին  Սուրբ Գրիգոր Նարեկացի Կեդրոնի լրատուական գրասենեակին տպաւորիչ վկայութիւնը վկայութիւնը զոր ընթերցեց Անի Գալենտերեան։
Այս գեղեցիկ երաժշտական երեկոյի փակման խօսքով հանդէս եկաւ Նարեկացի Կեդրոնի տնօրէն եւ Սրբոյ Կուսին Աւետման 80-ամեայ Եկեղեցւոյ ժրաջան ժողովրդապետ Հ.Վարդան վրդ. Գազանճեան, որ շնորհաւորեց երիտասարդ երգչուհին եւ դաշնակահարը, եւ շնորհակալութիւն յայտնեց ամենապատիւ Հոգեւոր Տիրոջ, փոխ ժողովրդապետներուն եւ ներկաներուն իրենց ցուցաբերած քաջալերանքին համար։


Առօրեայ Աւետարանը
Այբ Էջ | Բովանդակութիւն | Հասցէարան | Օգտակար Կապեր | Նամականի
Ներքին Պրպտում՝  Armenian Keyboard
Կարդացէ՛ք այս էջը հետեւեալ լեզուներով.-    
Վերարտադրութեան ամէն իրաւունք վերապահուած է Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ