Հինգշաբթի, 12 Դեկտեմբեր 2013 - Բազմալեզու երգահանդէս Մոնրէալի Տիրամայր Նարեկի հայ կաթողիկէ եկեղեցւոյ հիմնարկութեան 30 ամեակին առթիւ

Մոնրէալ, Գանատա

Մոնրէալի հայ կաթողիկէ համայնքը կազմուած ըլլալով հայախօս, արաբախօս եւ ֆրանսախօս հաւատացեալներէ, Հայր Գէորգ Զապարեանի ժողովրդապետական պաշտօնի ստանձնումէն ի վեր, կիրակի եւ տօնական օրերուն սովոր է ունենալ համապատասխան լեզուներով Պատարագներ եւ Խորհրդակատարութիւններ,  ինչ որ կը բացատրէ մեծահասակներու եւ պատանիներու զանազան լեզուներով երգչախումբերու գործօն ներկայութիւնը նոյն եկեղեցիին յարկին ներքեւ:
Նկատի առած վերոյիշեալ իւրայատուկ իրականութիւնը, Մոնրէալի Տիրամայր Նարեկի հայ կաթողիկէ եկեղեցիին հիմնարկութեան 30-ամեակին բարեբաստիկ առիթով, շաբաթ, 13 դեկտեմբեր 2013-ին, երեկոյեան ժամը 7-ին, նոյն եկեղեցւոյ յարկին ներքեւ, Ալեմշահ, Սիրտ Յիսուսի, Կռունկ եւ Մանկանց երգչախումբերը, ղեկավարութեամբ՝ յաջորդաբար, Պ. Համբարձում Անդունեանի եւ Տիկին Անթուանէթ Քաատէի,  բազմալեզու բացառիկ երգահանդէս մը տուին, ընկերակցութեամբ երգեհոնահարներ՝ Նորա Քէթիպեան-Փիլոյեանի եւ Իհապ Հաննայի:
Երգահանդէսը տեղի ունեցաւ ի ներկայութեան 300-է աւելի հանդիսականներու, նախագահութեամբ Հիւսիսային Ամերիկայի Առաջնորդ Արհիապատիւ Տէր Միքայէլ Եպիսկոպոս Մուրատեանին եւ կնքահայրութեամբ Տիար Վարուժ Ներկիզեանին, որուն բացակայութեան՝ զինք փոխարինած էր իր մայրը՝ ազնուափայլ Տիկին Ալիս Ներկիզեան:
Հանդիսութիւնը սկսաւ Ալեմշահ երգչախումբի կատարած Հայր մեր-ի բազմաձայն երգեցողութեամբ, ապա բացման խօսքով հանդէս եկաւ եկեղեցւոյ ժողովրդապետը՝ գերյ. Հայր Գէորգ ծ.վրդ. Զապարեան , որ հայերէն, արաբերէն եւ ֆրանսերէն լեզուներով  նշելէ ետք՝ թէ օրուան երգահանդէսը կը զուգադիպի Հայաստանի մէջ պատահած մահասփիւռ երկրաշարժի 25-րդ տարեդարձին, Միջին Արեւելքի ժողովուրդներուն անվերջանալի աղէտի ոգեկոչման եւ Տիրամայր Նարեկի եկեղեցւոյ հիմնադիր՝ լուսաբնակ Գերապայծառ Եդուարթ Գորդիկեանի ծննդեան 100 ամեակին, հրաւիրեց ներկաները յոտընկայս մէկ վայրկեան լռութիւն պահելու ի յիշատակ մեռելոց:
Այնուհետեւ ժողովրդապետ Հայրը հակիրճ կերպով անդրադարձաւ անցած 30 տարիներու ընթացքին կայացած հոգեւոր, ազգային ու մշակութային գործունէութիւններուն, շինարարութիւններուն, բարեզարդումներուն եւ եկեղեցւոյ ֆիզիքական եւ բարոյական կարեւորութեան՝ հաւատացեալներու քրիստոնէական կեանքին համար:  Ան իր խօսքը փակեց շնորհակալութիւն յայտնելով Առաջնորդ Գերապայծառին, օրուան հանդիսութեան կնքահօր, երգչախումբերուն եւ իւրաքանչիւր խմբերգիչի եւ մեներգիչի, խմբավարներուն եւ երգեհոնահարներուն:
Ան նշեց նաեւ որ նմանօրինակ ամեակներու տօնակատարումները ուրախութեան ու գոհունակութեան առիթներ ըլլալէն բացի՝ նաեւ լաւագոյն պատեհութիւններ են խորհելու համայնքային կեանքին մէջ նոր նուաճումներու ու իրագործումներու եւ անցեալի փորձառութիւններէն օգտուելով՝ նոր եռանդով ու հեռանկարներով աշխատանքը շարունակելու մասին:

Այնուհետեւ, իւրաքանչիւր երգչախումբ  կատարեց իր երգացանկը, համապատասխանաբար հայերէն, արաբերէն եւ ֆրանսերէն լեզուներով: Ալեմշահ եգչախումբի կատարողութեամբ երգուեցան Եկեղեցին Հայկական, Ողջոյն Քեզ Անարատ Յղացեալ, Աղաչե'ա (մեներգիչ՝ Էօժէնի Մանուկեան) Եւ Մնա մեր տան մէջ: Սիրտ Յիսուսի երգչախումբի կատարողութեամբ երգուեցան՝ «Քազապու», «Պարէք Պիլատի», «Եա Նա՝պ Էլ Մահապպա», «Իմանի Սաթէ» եւ «Ալ Րապպու Եապնի Քանիսաթի»: Կռունկ երգչախումբը երգեց «Կռունկ»ը եւ «Մեսրոպի զաւակներ»ը, ապա Սիրտ Յիսուսի փոքրերու երգչախումբը երգեց «Souffle imprռvisible», «Noսl Ո Jռrusalem», «Je voudrais»ն, որմէ ետք փոքրերու երկու երգչախումբերը միաձայն երգեցին  ֆրանսերէնով՝ «Parle commande règne», «Nous voulons Dieu» եւ իտալերէն լեզուով «Sorridi»:
Հուսկ, Ալեմշահ եւ Սիրտ Յիսուսի միացեալ երգչախումբը, ղեկավարութեամբ Համբարձում Անդունեանի, թնդացուց «Un Chant d’amour»ը եւ Vivaldi-ի «Gloria in Excelsis Deo»ն : Յաջողութեամբ եւ ձեռնհասութեամբ կատարուած բոլոր երգերը դիմաւորուեցան հանդիսականներու յոտընկայս ծափահարութիւններով:

Այս առիթով, բոլոր ներկաներուն բաժնուած էր 20 էջնոց մէկական գրքոյկ, որ կը բովանդակէր՝ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետին, Ներսէս Պետրոս ԺԹ. Կաթողիկոս Պատրիարքին եւ Միքայէլ եպիսկոպոս Մուրատեանի օրհնութիւններն ու շնորհաւորանքները, հանդիսութեան յայտագիրը, երգերուն բնագիրները եւ խմբերգիչներուն անուանացանկը:
Աւարտին, Հիւսիսային Ամերիկայի կաթողիկէ Հայոց Թեմի Առաջնորդ՝ Միքայէլ եպս. Մուրատեան, ողջունելէ ետք Տիրամայր Նարեկի եկեղեցւոյ հիմնադրութեան եւ օծման 30 ամեակը՝ շնորհաւորեց եկեղեցւոյ ժողովրդապետն ու հաւատացեալները, գնահատեց բոլոր երգչախումբերը եւ շնորհակալ եղաւ ժողովրդապետական յանձնախումբին որ կազմակերպած էր սոյն երգահանդէսը: Ան խօսեցաւ մեր դիմագրաւած հարցերու մասին, եւ յորդորեց հաւաքաբար պայքարելու մեր հաւատքի եւ ինքնութեան դէմ ցցուած դժուարութիւններուն դէմ:
Երգահանդէսէն ետք երգչախումբերուն անդամներն ու բոլոր ներկաները հիւրասիրուեցան «Իբեկեան Եղբարք» սրահին մէջ եկեղեցւոյ հոգաբարձութեան կողմէ:

Յաջորդ օրը, կիրակի, 8 դեկտեմբերին, առաջնորդ գերապայծառը, ընթերակայութեամբ ժողովրդապետ հօր, գոհաբանական երկու Պատարագներ մատոյց, մին՝ ժամը 10:30-ին, երգեցողութեամբ Սիրտ Յիսուսի երգչախումբին եւ միւսը՝ ժամը 12:15-ին երգեցողութեամբ Ալեմշահ երգչախումբին, ի ներկայութեան Գանատայի աշխատանքի նախարար՝ Ճէյսըն Քէննի-ի (Jason Kenny) եւ 400-է աւելի հանդիսականներու:
Պատարագի ընթացքին, Սուրբ Գրային ընթերցումներէն ետք՝ Մուրատեան Եպիսկոպոսը ողջունելով Տիրամայր Նարեկի եկեղեցւոյ հիմնադրութեան եւ օծման 30-ամեակը, ոգեկոչեց յիշատակը անոնց՝ որոնք ժամանակին այս եկեղեցւոյ համար գործեցին նախանձախնդրութեամբ, հաւատքով եւ նուիրումով: Ան անդրադարձաւ վերջին 30 տարիներուն ընթացքին մոնրէալահայ համայնքին մէջ տարուած եկեղեցական նկատառելի աշխատանքներուն՝ զանոնք համարելով հրաշքի համազօր:
Սուրբ Զոհի աւարտին, հոգեհանգստեան արարողութիւն կատարուեցաւ լուսահոգի Գերապայծառ Եդուարդ Գորդիքեանի, իր գործակիցներուն, բարերարներուն եւ հոգաբարձութեան անդամներու հոգիներու խաղաղութեան համար:
Յաւարտ իւրաքանչիւր Պատարագի՝ եկեղեցւոյ սրահին մէջ տեղի ունեցաւ հանդիպում եւ հիւրասիրութիւն:

 


Առօրեայ Աւետարանը
Այբ Էջ | Բովանդակութիւն | Հասցէարան | Օգտակար Կապեր | Նամականի
Ներքին Պրպտում՝  Armenian Keyboard
Կարդացէ՛ք այս էջը հետեւեալ լեզուներով.-    
Վերարտադրութեան ամէն իրաւունք վերապահուած է Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ