The Church   |   Eparchies   |   Congregations   |   Institutions   |   Liturgy   |   Publications   |   News & Events   
Font Size: A A A A A
News & Events News & Events
Tuesday, 15 May 2012 - Անթուրայի 300 հայ նահատակ որբերու յիշատակին սուրբ Պատարագ


Անթուրա, Լիբանան

Կիրակի, 13 մայիս 2012-ին, Անթուրայի «Սուրբ Յովսէփ»  դպրոցի եկեղեցիին մէջ մատուցուեցաւ հանդիսաւոր սուրբ Պատարագ, ոգեկոչելու համար յիշատակը 300 նահատակ հայ որբերու, որոնք գազանաբարոյ թուրքերու կողմէ ամենավայրագ ձեւով կոտորուած էին այս դպրոցին մէջ, 1914-ի առաջին համաշխարհային  պատերազմի ընթացքին: Պատարագիչն էր Զմմառու վանքի մեծաւոր Գերպծ. հայր Գաբրիէլ թ.ծ.վ. Մուրատեան։

Արարողութեան ներկայ գտնուեցան Մարոնի պատրիարքի ներկայացուցիչ՝ արհի. Ռոլան Ապու Ժաուտէ եպիսկոպոսը, գերպծ. Պուլոս Նժեմ, Պողոսեան հայրերու մեծաւոր՝ հայր Էլիաս Եղիա, Զմմառու վանքի վարչականներ եւ բազմաթիւ հոգեւորականներ, ինչպէս նաեւ՝ պետական երեսփոխաններ  Յակոբ Բագրատունի եւ Սերժ Թուրսարգիսեան, նախկին Նախարար՝ Աբրահամ Տէտէյեան, հայ կաթողիկէ անձնաւորութիւններ ու բազմաթիւ հաւատացեալ ժողովուրդ:

Սրբազան ծէսի արարողապետն էր եղբ. Ճօնի Պլպլէն։ Երգեցողութիւնը կատարեցին մանկապատանեկան «Պլպուլ» երգչախումբը եւ Զմմառու վանքի ժառանգաւորները, ղեկավարութեամբ՝ Պրն. Մանուէլ  Քէշիշեանի: Այս առթիւ յաւելեալ երգեր մատուցանեց Եղբ. Ղազար Պետրոսեան: Հիանալի կատարումով հնչեցին «Pour toi Armenie»ն, «Պլպուլ» երգչախումբի կողմէ, իսկ  «Ave Maria, Panis Angelicus»ը եւ Կոմիտասի «Տըլէ Եամա»-ը Եղբ. Ղազարի մեներգութեամբ:
Զալքայի եւ Աշրաֆիյէի ՀԿՄ Պատանեկանները հսկեցին կարգ ու կանոնին։ Ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցի ոգեկոչման Լիբանանի կեդրոնական մարմնին կողմէ պատրաստուած մեծ պաստառներ ցուցադրուած էին եկեղեցւոյ մուտքին: Իսկ այս առթիւ Հայ Որբուկին նուիրուած մեծադիր պաստառը կախուած էր սոյն վարժարանի մուտքին:

Այս առթիւ, պատարագիչ մեծաւոր հայրը իր խօսքին մէջ ըսաւ յատկապէս. «Երբ ցեղային և կրօնական ջարդեր տեղի կ'ունենան տարբեր տեղեր, միթէ՞ աշխարհը հանգիստ կ'ըլլայ: Երբ մէկ ու կէս միլիոն հայ խոշտանգուի, արդեօ՞ք միջազգային կարծիքն ու աշխարհը խիղճ կ'ունենայ: Հայոց ցեղասպանութիւնը, որ կատարուեցաւ Օսմանեան կայսրութեան կողմէ Պոլսոյ մէջ, կը համարուի մարմնացում և իրականացումը մշակուած ծրագրի մը: Այս նպատակով ի գործ դրուեցան այնպիսի միջոցները, որոնք մարդկային մտքին համար անըմբռնելի են: Այսուհանդերձ, անոնք իրենց նպատակին չհասան, վկա՛յ՝ մեր ներկայութիւնը այստեղ, մեր քրիստոնեայ հաւատքը, մեր գրիչը, խօսքը, մեր տրոփիւն սիրտը, հայապահպանումը ու մեր աւանդութիւններուն տէր կանգնումը:
□Ո՛վ Լիբանանցի հայ, դուն չե՛ս կրնար կտրուիլ քու անցեալէդ։ Չես կրնար զայն մոռնալ: Որովհետեւ եթէ մոռնաս կը կորսնցնես քու ինքնութիւնդ, ինչ որ թուրքերը չկրցան ընել: Չե՛ս կրնար ուրանալ կրօնքդ, որովհետեւ այն ազգը որ ունեցած է նման քաջարի նահատակներ չի կրնար անտարբեր մնալ»:


Յիշատակելի է փոքրիկի մը վկայութիւնը՝ թէ մենք չենք մոռնար մեզի նման փոքրերու խոշտանգումը այս վայրին մէջ, սակայն մենք դեռ կանք ու պիտի մնանք հայ քրիստոնեայ:
Յաւարտ սուրբ Պատարագին, ներկաները՝ ձեռքերնին կարմիր կանթեղներ ու վարդեր բռնած, թափօրով ուղղուեցան դէպի գերեզմանատուն, ուր զետեղուած է Խաչքար մը հայ որբուկներու գերեզմանին վրայ եւ զանոնք հոն զետեղեցին, ապա կատարուեցաւ Հոգեհանգստեան պաշտօն։
Այս յիշատակելի օրը փակուեցաւ համեստ հիւրասիրութեամբ մը։

Home | Site Mapping | Address Book | Useful Links | Contact Us
Search The Site: 
Read This Page in:    
Copyright (c) Armenian Catholic Church 2004. All Rights Reserved