Շաբաթ, 12 Յունիս 2010 - Ամեն. Հոգեւոր Տիրոջ այցելութիւնը կիպրահայ գաղութին

 

Կիպրոս

Ուրբաթ, 4 Յունիս 2010-ի երեկոյեան, Ամենապատիւ եւ Գերերջանիկ Տէր Ներսէս Պետրոս ԺԹ Կաթողիկոս Պատրիարք Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց, մեկնեցաւ Կիպրոս՝ հանդիպելու Պենետիկտոս ԺԶ. սրբազան քահանայապետին եւ միեւնոյն ատեն անդրանիկ այցելութիւնը տալու կիպրահայութեան: Անոր ընկերացաւ Երուսաղեմի առաջնորդ՝ հայր Ռաֆայէլ Թ. Ծ. վրդ. Մինասեան եւ Զմմառու միաբանութեան ընդհանուր քարտուղար հայր Նարեկ վրդ. Լուիսեան:
Նոյն օրը երեկոյեան ժամը 10:30-ին Ամեն. Հոգեւոր Տէրը ներկայ գտնուեցաւ ՀՕՄ-ի հիմնադրութեան 100-ամեակի տօնակատարութեան ի պատիւ կազմակերպուած ընթրիքին: Ներկայ էին Կիպրոսի հայոց թեմի առաջնորդ Վարուժան արք. Հերկելեան, օտարազգի եւ կիպրահայ գաղութի ներկայացուցիչներ: 
Շաբաթ, 5 Յունիսի առաւօտեան ժամը 9:30-ին, Ամեն. Հոգեւոր Տէրը ընդունեց երեք կուսակցութիւններուն ներկայացուցիչները եւ անոնց հետ արծարծուեցան կիպրահայ գաղութը յուզող հարցերն ու Հայ դատի ներկայ հանգրուանին ծաւալած աշխատանքները:
Այնուհետեւ Ամեն. Հոգեւոր Տէրը ու իր ուղեկիցները ներկայ գտնուեցան մարոնի վարժարանի շրջափակին մէջ սրբազան քահանայապետին ունեցած հանդիպումին կաթողիկէ հաւատացեալներուն հետ:
Յետմիջօրէին, ժամը 5:30-ին, Պենետիկտոս ԺԶ. պապը սուրբ Պատարագ մատուցեց լատիններու սուրբ Խաչ եկեղեցւոյ մէջ՝ մասնակցութեամբ Արեւելքի բոլոր պատրիարքներուն, բազմաթիւ առաջնորդներուն եւ եկեղեցականներուն:
Երեկոյեան ի պատիւ Ամեն. Հոգեւոր Տիրոջ, Կիպրոսի խորհրդարանի հայ համայնքի ներկայացուցիչ Վարդգէս Մահտեսեանն ու իր ազնուափայլ կինը իրենց տան մէջ կազմակերպած էին ընթրիք մը: Ներկայ էին կիպրահայոց թեմի առաջնորդն ու գաղութի կարկառուն դէմքերը:
Կիրակի, 6 Յունիսի առաւօտեան ժամը 9:30-ին, սրբազան քահանայապետը «Էլեֆթերիա» մարզահամալիրին մէջ մատուցեց սուրբ Պատարագը ուր նրեկայ էին  Կիպրոսի Հանրապետութեան նախագահը, Յոյն ուղղափառ եկեղեցւոյ արքեպիսկոպոսը, կաթողիկէ պատրիարքները, առաջնորդներ, կղերականներ եւ հոծ բազմութիւն մը, շուրջ 8000 հոգի, ժամանած էին՝ մասնակցելու այս արարողութեան:
Սուրբ Պատարագի աւարտին, սրբազան քահանայապետը կաթողիկէ իւրաքանչիւր պատրիարքի յանձնեց Հռոմի մէջ այս տարւոյն Հոկտեմբերին կատարուելիք Սիւնոդոսին «աշխատանքի գործիք»ը:
Երեկոյեան Ամեն. Հոգեւոր Տէրը «Վահրամ Իւթիւճեան» սրահին մէջ հանդիպում ունեցաւ հայ կաթողիկէ գաղութին հետ: Բացման խօսքը արտասանեց Յարութ Թահմազեան: Ան բարի գալուստ մաղթեց հոգեւոր տիրոջ եւ հրաւիրեց զայն՝ իր հայրական պատգամը փոխանցելու:
Ամեն. Հոգեւոր Տէրը իր խօսքին մէջ շեշտը դրաւ հոգեւոր եւ ազգային դաստիարակութեան վրայ. «Պէտք է անբիծ պահենք մեր մայրենի լեզուն, սփիւռքի տարածքին ան մեր գոյութեան գրաւականն է: Ծնողնե՛ր, այս մէկը ձեր պարտականութիւնն է, դո՛ւք էք, որ պիտի փոխանցէք մատաղ սերունդին մեր աւանդը՝ բարքերն ու աւանդութիւնները, վասնզի այն ազգը, որ չի պահպաներ իր պապերէն իրեն աւանդուած ժառանգը, դատապարտուած է ուծացումի եւ կորուստի»:  Ապա ան յայտնեց թէ  «Այսուհետեւ Կիպրոսի հայ կաթողիկէ համայնքը պիտի կապուի Երուսաղէմի հայ կաթողիկէ վիճակին»:
Հանդիպման աւարտին Ամեն. Հոգեւոր Տէրը ուղղուեցաւ առաջնորդարանին կից՝ «Նարեկ» վարժարանը, ուր ծանօթացաւ անոր կրթական համակարգին եւ շէնքային կառոյցին, որմէ ետք առաջնորդարանի սուրբ Աստուածածին եկեղեցւոյ շրջափակին մէջ կանգնած յուշակոթողին առջեւ աղօթք բարձրացուց՝ ի յիշատակ մէկուկէս միլիոն նահատակներուն:

YouTube-ի վրայ կարելի է դիտել Հոգեւոր Տիրոջ խօսքը հետեւեալ հասցէին.  http://www.youtube.com/watch?v=n4veXjnKz8Q 


Առօրեայ Աւետարանը
Այբ Էջ | Բովանդակութիւն | Հասցէարան | Օգտակար Կապեր | Նամականի
Ներքին Պրպտում՝  Armenian Keyboard
Կարդացէ՛ք այս էջը հետեւեալ լեզուներով.-    
Վերարտադրութեան ամէն իրաւունք վերապահուած է Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ