Երկուշաբթի, 1 Փետրուար 2010 - Հ.Կ.Մ. Պատանեկան Միութեան Աշրաֆիէ մասնաճիւղի հրամանատարի փոխանցում

Պէյրութ, Լիբանան
yry575


Կիրակի, 24 Յունուար 2010-ի առաւօտեան ժամը 11:00-ին, Հ.Կ.Մ. Պատանեկան Միութեան Աշրաֆիէ մասնաճիւղի 2007-2009 տարեշրջանի հրամանատար ընկեր ՄՀեր Գալէնտէրեան իր պաշտօնը փոխանցեց իր յաջորդին ընկեր Յակոբ Թերճանեանին, ներկայութեամբ՝ Աշրաֆիէ մասնաճիւղի նախկին հրամանատարներուն, ինչպէս նաեւ քոյր մասնաճիւղերու հրամանատարներնուն եւ խորհուրդի անդամներուն:

Ընկեր Մհեր խօսք առնելով ըսաւ թէ պաշտօնները եղած են փոխանցուելու համար եւ իր ընկերներուն շարունակեց ըսելով թէ սիրեն Հ.Կ.Մ.-ը եւ միշտ կառչած մնան անոր: Նոր հրամանատար՝ ընկեր Յակոբ ալ իր կարգին ուխտեց շարունակել այն ուղիով, որ իր նախորդները քալած են: Ան խոստացաւ պատանիներուն փոխանցել այն բոլոր գիտելիքները, որ ինք իր կարգին ստացած է Հ.Կ.Մ. ակումբէն ներս:

Ապա միութեան հոգեւոր վարիչ հայր Վարդան Վրդ. Գազանճեան բարի ճանապարհ մաղթեց ըեկեր Մհերին, որ պիտի ճամբորդէ երկրէն դուրս, եւ ըսաւ թէ ճիշդ է թէ մարմնով մեզմէ հեռու պիտի ըլլայ բայց հոգւով միշտ սրտի մօտ է: Ան օրհնեց նոր պաշտօն ստացողները եւ խրախուսեց, որ հետեւին իրենց նախնիներու ուղիին եւ միշտ բարձր պահեն Հ.Կ.Մ.-ի դրօշը:

Փոխանցման եւ երդման արարողութիւններու աւարտին տեղի ունեցաւ հիւրասիրութիւն:
                                                                  


Առօրեայ Աւետարանը
Այբ Էջ | Բովանդակութիւն | Հասցէարան | Օգտակար Կապեր | Նամականի
Ներքին Պրպտում՝  Armenian Keyboard
Կարդացէ՛ք այս էջը հետեւեալ լեզուներով.-    
Վերարտադրութեան ամէն իրաւունք վերապահուած է Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ