Երկուշաբթի, 26 Նոյեմբեր 2012 - Կարտինալական տիտղոսներու տուչութեան արարողութիւն Սուրբ Պետրոս պազիլիքայի մէջ

Վատիկան

Շաբաթ 24 Նոյեմբերին Հռոմի Սուրբ Պետրոս Պազիլիքային մէջ տեղի ունեցաւ կարտինալական տիտղոսներու տուչութեան արարողութիւնը, որուն ընթացքին Բենեդիկտոս ԺԶ. Սրբազան Քահանայապետը վեց ծիրանաւորներու շնորհեց կարտինալական մատանին եւ գդակը։

Նոր Կարտինալներն են՝ Պշարա Րայի մարոնի պատրիարքը (Լիբանանէն), Ճէյմս Հարվէյ (ԱՄՆ.էն), Պազէլիոս Գլիմիս Թհոթթունգալ (հնդկաստնէն), Ճոն Օլորունֆէմի Օնայէքան (Նիճերիայէն), Ռուբէն Սալազար Կոմէզ (Գոլումպիայէն) եւ Լուիս Անթոնիօ Թակլէ (Փիլիպպեան Կղզեախումբէն)։
Արարողութեան ներկայ գտնուեցաւ Քահանայապետական Լեւոնեան հայ վարժարանի մեծաւոր գերյ. Հայր Գէորգ թ.ծ.վ. Նորատունկեան:

Արարողութեան ընթացքին իր արտասանած քարոզին մէջ Սրբազան Հայրը ըսաւ.
«Հաւատամք եւ ի մի միայն ընդհանրական (կաթողիկէ) եւ առաքելական Սուրբ եկեղեցի։
Սիրեցեալ եղբայրներ ու քոյրեր,
այս բառերը զոր քիչ ետք պիտի արտասանենք կը ներկայացնեն Եկեղեցւոյ Հաւատոյ դաւանանքի համադրութիւնը։ Միայն դաւանելով ու պահպանելով այս ճշմարտութեան կարգը Տիրոջ ճշմարիտ աշակերտները կ՛ըլլանք։
Այսօր կ՛ուզեմ ''կաթողիկէ'' բառին վրայ կեդրոնացնել խօսքս, մի քանի մտորումներ ներկայացնելով։
Քրիստոսն է որ Սուրբ Հոգւոյն միջոցաւ Եկեղեցւոյ կը շնորհէ պարգեւը ըլլալու` սուրբ, կաթողիկէ եւ առաքելական։
Եկեղեցին կաթողիկէ է (ընդհանրական) որովհետեւ Քրիստոս իր Փրկարար առաքելութեամբ համայն մարդկութիւնը կ՛ընգրկէ։ Վատիկանեան Տիեզերական Բ Ժողովը` յստակ կերպով կ՛արտայայտուի ասոր մասին, ''Lumen gentium - Ազգերու Լոյս'' վաւերաթուղթին մէջ ''Ամէն մարդիկը կանչուած են մաս կազմելու Աստուծոյ նոր Ժողովուրդին։ Այս Ժողովուրդը, մէկ ու միակ. կը տարածուի համայն աշխարհ ու բոլոր դարերու ընթացքին մինչեւ Աստուծոյ Կամքին կատարումը։''
Եկեղեցւոյ ընդհանրականութիւնը արդ` կը քաղուի աշխարհի փրկութեան Աստուածային միակ ծրագիրէն։ Ու այս ընդհանրականութիւնը ի յայտ կու գայ Պենտեկոստէի օրը երբ Սուրբ Հոգին իր ներակայութեամբ կը լիացնէ առաջին քրիստոնեայ հասարակութիւնը որպէսզի Աւետարանը հասնի համայն ազգերուն։
Առաքեալներն ալ կը վկայեն Քրիստոսը` երկրի տարբեր շրաջաններէն եկած մարդոց ու ամէնքը կը հասկնան անոնց արտասանած խօսքերը։ Այդ օրէն ի վեր` Սուրբ Հոգիի ներգործութեամբ Եկեղեցին կը հռչակէ Տիրոջ մահն ու Յարութիւնը ''երուսաղէմ, ամբողջ հրէաստանի մէջ, Սամարիա եւ մինչեւ երկրին ծայրերը''։
Գացէք ողջ աշխարհով քարոզեցէ՛ք Աւետարանը բոլոր արարածներուն։...աշակերեցէք բոլոր ազգերը '' Այս բառերով է որ Յիսուս կ՛ուղղարկէ իր առաքեալները բոլոր արարածներուն, որպէսզի ամէնուրէք հասնի Աստուծոյ փրկարար գործը։ Եկեղեցւոյ սկզբնական ուղեւորութեան ընթացքին առաքեալներն ու աշակերտները կը մեկնին առանց մարդկաին որեւէ ապահովութեան այլ միայն Սուրբ Հոգւոյն` Աւետարանի եւ Հաւատքի զօրութեամբ զինուած։ Ու երբ առաքեալները կը խօսին Եկեղեցւոյ մասին կ՛անդրադառնան ոչ թէ տեղական եկեղեցւոյ այլ Քրիստոսի Եկեղեցւոյ շեշտը դնելով Եկեղեցւոյ ընդհանրական երեւոյթին ու անորԿաթողիկէ իքնութեան վրայ։
Կարդինալական Դասը եւս կը տեղադրուի այս եկեղեցւոյ ընդհանրականութեան մէջ, ներկայացնելով ընդհանրական Եկեղեցւոյ դիմագիծը։ Այս ժողովը գումարելով ուզեցի մասնաւորապէս ընգծել թէ Եկեղեցին բոլոր ժողովուրդներու եկեղեցի է ու կ՛արտայայտուի զանազան ցամաքամասերու մշակոյթներու ընդմէջէն։ Պենտեկոստէի Եկեղեցին է որ բազմահնչիւն ձայներով ներդաշնակ երգ մը կը բարձրացնէ առ Աստուած։
Նորին Սրբութիւնը ապա ողջունեց զանազան երկիրներէ ժամանած պատուիրակութիւններն ու բոլոր ներկաները ու ապա անդրադարձաւ արարողութեան իմաստին որ ''կ՛արտայատէ - ըսաւ Ան - հաւատարմութեան մեծագոյն արժէքը''։ Այսօրուընէ ետք դուք սերտօրէն միացած էք Պետրոսի Աթոռին ու ձեր թանկարժէք ծառայութեամբ կը դառնաք իմ համագործակիցներս ։
Սիրելի բարեկամներ - ապա յարեց Սրբազան Հայրը խօսքը եզրափակելով - փառաբանենք Տէրը որ իր առատ պարգեւներով հարստացնէ իր Եկեղեցին ու զայն կազդուրէ։ Անոր յանձնենք Նոր Եղբայրակիցներուն եկեղեցական այս նոր ծառայութիւնը որպէսզի կարենան քաջութեամբ` վկայել Քրիստոսը, Հաւատքի օրինակելի ուժականութեամբ եւ սիրոյ նուիրումի նշանով։ Ամէն»։


Առօրեայ Աւետարանը
Այբ Էջ | Բովանդակութիւն | Հասցէարան | Օգտակար Կապեր | Նամականի
Ներքին Պրպտում՝  Armenian Keyboard
Կարդացէ՛ք այս էջը հետեւեալ լեզուներով.-    
Վերարտադրութեան ամէն իրաւունք վերապահուած է Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ